Ատրպէյճանի մէջ պատանդ պահուող Արցախի նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեան, որուն դէմ առաջադրուած բազմահատոր կեղծ գործերով դատավարութիւն կ՛ընթանայ, Պաքուի դատարանին մէջ շեշտեց, որ իր պաշտպանութեան իրաւունքը խախտած է:
Ըստ «Ազատութեան» ատրպէյճանական ծառայութեան՝ Վարդանեան յայտարարեց, որ չէ կրցած ամբողջութեամբ ծանօթանալ իրեն դէմ յարուցուած քրէական գործի նիւթերուն: Ըստ նոյն աղբիւրին՝ Վարդանեան յայտնեց, որ առանց գործի նիւթերուն ծանօթանալու ինքնապաշտպանութեան կարելիութիւն չունի` պահանջելով յաւելեալ մէկ ամիս ժամանակ:
«Ես պէտք է պատրաստ լինեմ իրաւական պաշտպանութեան», Վարդանեանի խօսքերը կը մէջբերէ «Ազատութեան» ատրպէյճանական ծառայութիւնը` աւելցնելով, որ դատարանը մերժած է հայ նախկին պաշտօնատարին պահանջը: