

Փիքօ Ռիվերայի Մեսրոպեան Ազգային վարժարանը կը տեղեկացնէ, թէ 23 Յունուարի երեկոյեան տեղի ունեցած պասքեթպոլի մրցումի մը ընթացքին, վարժարանը 119-25 արդիւնքով ջախջախիչ յաղթանակ մը ապահովեց «Ուէյվըրլի» վարժարանի խումբին դէմ։
Մրցումին ընթացքին, 102 կէտեր նշանակեց Նիքլըս Խաչիկեան, ինչ որ նոր մրցանիշ մըն է նահանգի երկրորդական վարժարաններու աշակերտներուն համար։ Նաեւ յատկանշական է, որ Նիքլըսի զոյգ եղբայրը՝ Տիլընը, կատարեց 35 կօլային փոխանցումներ (assist), ինչ որ այլ մրցանիշ մըն է։
Մրցումը տեղի ունեցաւ վարժարանին նոր կառուցուած մարզադաշտին մէջ, իսկ խումբին մարզիչի օգնական Տիգրան Գրիգորեան 2003ին հաստատած էր նախորդ մրցանիշը՝ 100 կէտեր։