
Գրիգոր Տիգրան Սիւլահեան
(Ծնեալ՝ Հալէպ, Սուրիա)
Սրտի դառն կսկիծով կը գուժենք մեր սիրեցեալ ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր, մեծ մեծ հօր եւ հարազատին՝ Գրիգոր Տիգրան Սիւլահեանի մահը, որ պատահեցաւ Կիրակի, 29 Դեկտեմբեր 2024ին։
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի Ուրբաթ, 17 Յունուար 2025ին, կէսօրէն ետք ժամը 2։30ին, Hollywood Hills Forest Lawn գերեզմանատան Old North Church մատրան մէջ, ապա թաղումը՝ նոյն գերեզմանատան մէջ, 6300 Forest Lawn Dr., Los Angeles, CA 90068։
Սգակիրներ՝
Այրին՝ Գոհար Սիւլահեան
Դուստրը՝ Նենսի եւ Նորայր Օհաննէսեաններ եւ դուստրը՝ Սապինա
Թոռը՝ Կապրիելլա եւ Արիս Անտրէասեաններ եւ դուստրը՝ Տանիլա
Զաւակը՝ Տիգրան եւ Փեկի Սիւլահեաններ եւ զաւակները՝ Գօգօ եւ Ճիանէլ
Թոռը՝ Ճիովաննա եւ Ճեք Պազերքանեաններ եւ դուստրը՝ Ալեսաննա
Եւ համայն Սիւլահեան, Յովակիմեան, Իգնատոսեան, Օհաննէսեան, Ատրէասեան եւ Պազերքանեան ընտանիքները, հարազատներն ու բարեկամները
Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կը խնդրուի կատարել Ազգային առաջնորդարանին (Western Prelacy, 6252 Honolulu Ave., La Crescenta, CA 91214):