Երեքշաբթի կէսօրէ ետք, Պէյրութի մէջ տեղի ունեցած պայթումին վայրը «Ազդակ»էն եւ «Թէքէեան» վարժարանէն մօտաւորապէս 600 մեթր անդին էր:
«Ասպարէզ» կապուեցաւ «Ազդակ»ի հետ, ուրկէ մեզի յայտնեցին, թէ «Շաղզոյեան» կեդրոնը (ուր կը գտնուին թերթին խմբագրատունը, ձայնասփիւռի «Վանայ ձայն» կայանը, «Բագին»ի խմբագրատունը, «Համազգային»ի տպարանը, ինչպէս նաեւ Հ.Յ.Դ. Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի գրասենեակները) եւ կից վարժարանը անվնաս խուսափած են պայթումէն:
Խափանարարութիւնը սակայն շատ մօտիկ ըլլալով «Վանլեան» կահոյքի գործարանին, նիւթական ծանր վնասներ պատճառած է անոր: