
ՀԱՅ ԴԱՏԻ ԳԼԽԱՒՈՐԱԾ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄԸ 2022ԻՆ ԿԱՍԵՑՈՒՑԱԾ ԷՐ ՕԶԻՆ ԾԵՐԱԿՈՅՏ ՄՈՒՏՔԸ
Պատկերասփիւռի հաղորդավար մը պաշտպանութեան նախարարի թեկնածու դարձնելէ ետք, Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Տանըլտ Թրամփ պատկերասփիւռի կայաններէն բժշկական կասկածելի խրատներ բաշխող տոքթ. Մեհմետ Օզը նշանակեց «Մետիքեր»ի եւ «Մետիքէյտ»ի կեդրոններու (Centers for Medicare and Medicaid) ղեկավարի պաշտօնին թեկնածու։
Նշենք, որ Օզ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի մտերիմ թուրք քաղաքական գործիչ է, որ բացայայտ կերպով կը շարունակէ ուրանալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ շրջան մը ծառայած է նաեւ թրքական բանակին մէջ:
Յիշեցնենք, որ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը 2022ին տեղի ունեցած միջանկեալ ընտրութիւններուն ընթացքին, իր գլխաւորած համախմբումին ջանքերով, կրցած էր Օզը դուրս պահել Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտէն: Նշեալ համախմբումին մաս կը կազմէին յունական, հրէական, քրտական եւ այլ համայնքային կազմակերպութիւններ։
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը, ինչպէս նաեւ անոր Արեւելեան Ամերիկայի եւ Փենսիլվենիոյ մարմինները, համագործակցելով նահանգին համայնքային այլ խմբաւորումներու հետ՝ ամիսներով պայքարեցան՝ ձախողութեան մատնելու համար Օզի ընտրութիւնը, բացայայտելով Անգարայի հետ Օզի սերտ եւ կասկածելի կապերը, քաղաքական ծագումը եւ անհամապատասխանութիւնը՝ ամերիկեան քաղաքական մշակոյթին: Հայ Դատի յանձնախումբը նաեւ արդարութեան նախարարութեան կոչ ըրած էր հետաքննութեան մը միջոցով պարզելու, թէ արդեօք Օզի գործունէութիւնը երկիրը արտաքին ազդեցութիւններէ պաշտպանող ամերիկեան օրէնսդրութեան խախտում չէ՞: Հայ Դատը նաեւ Օզի դէմ շարք մը բողոքի ցոյցեր իրականացուց:
Փենսիլվենիոյ նշեալ ընտրութիւններուն յաղթանակ ապահովեց Հայ Դատի նեցուկը վայելող Ճան Ֆեթերմըն, որ յայտնի է իր հայամէտ դիրքերով:
Այս յաղթանակին առնչութեամբ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահ Ռաֆֆի Համբարեան օրին ըսած էր հետեւեալը․ «Ասիկա պատմական յաղթանակ է։ Հայ Դատը իր ջանքերով պաշտպանեց Ծերակոյտը, Փենսիլվենիոյ ժողովուրդը եւ ամերիկեան ժողովրդավարութիւնը՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ուրացողէն, որ զօրաւոր կապեր ունի Թուրքիոյ թշնամական վարչակարգի հետ: Այս շրջադարձային յաղթանակը առաւել քան մէկ տարուան ռազմավարական ծրագրումի եւ անխոնջ ջանքերու արդիւնքն է»: