Միացեալ Նահանգներու նախագահի յատուկ պատուիրակ Էյմըս Հոքշթայն Երեքշաբթի օր հասաւ Պէյրութ:
Լիբանանի վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի Հոքշթայնը ընդունեց իր տան մէջ: Քննարկուեցան զինադադարի հաստատման համար Հոքշթայնի ջանքերը:
«(Լիբանանի) կառավարութեան համար առաջնահերթութիւնը զինադադարը եւ Լիբանանի վրայ յարձակումին դադրեցումն է, ինչպէս նաեւ լիբանանեան բոլոր հողերուն վրայ լիբանանեան գերիշխանութեան պահպանումը: Կառավարութեան համար հիմնական հոգը տեղահանուածները արագօրէն իրենց գիւղերը եւ գիւղաքաղաքները վերադարձնելն է, իսրայէլեան ցեղասպանական պատերազմը եւ լիբանանեան գիւղերու ապարդիւն քանդումը դադրեցնելն է», ըսաւ Միքաթի:
Աւելի ուշ, Հոքշթայն Այն Թինէի մէջ երկու ժամ տեւողութեամբ հանդիպում մը ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ: Քննարկումի նիւթ դարձան Լիբանանի եւ շրջանին մէջ ընդհանուր կացութիւնը եւ Լիբանանի վրայ իսրայէլեան յարձակումի մագլցումին լոյսին տակ քաղաքական ու ապահովական զարգացումները:
«Շարունակեցինք սեղմել բացերը: Ժողովը շատ շինիչ եւ շատ օգտակար էր: Վերադարձայ, որովհետեւ մեր առջեւ իսկական առիթ կայ այս տագնապը իր աւարտին հասցնելու, եւ այս որոշումներ տալու պահն է: Ես Պէյրութ կը գտնուիմ դիւրացնելու համար այդ որոշում տալը: Սակայն, որոշումը կը պատկանի կողմերուն` հասնելու համար այս տագնապի լուծումին, եւ այժմ այդ լուծումը հասանելի դարձաւ, այժմ պատուհանը բաց է, եւ կը յուսամ, որ յառաջիկայ քանի մը օրերուն ընթացքին լուծման հասնիլ», հանդիպումէն ետք լրագրողներու յայտնեց Հոքշթայն՝ աւելցնելով. «Այսօր հարցումներու պիտի չպատասխանեմ, որովհետեւ չեմ ուզեր հրապարակաւ բանակցիլ: Յանձնառու եմ իմ կարելիս ընելու Լիբանանի եւ Իսրայէլի մէջ կառավարութիւններուն հետ աշխատելու` հասնելու համար այս տագնապին լուծման»:
«Լիբանան եւ Իսրայէլ պատրաստակամութիւն յայտնեցին կարճ ժամանակի մը մէջ զինադադարի հաստատման համաձայնութեան հասնելու: Լիբանանի մէջ զինադադարի չհասանք, եւ բանակցութիւններուն մէջ յառաջընթաց կ՛արձանագրուի», յայտարարեց Միացեալ Նահանգներու նախագահի Ազգային ապահովութեան հարցերու գծով խորհրդատու Ճէյք Սալըվըն:
Սակայն, իսրայէլացի լաւատեղեակ աղբիւր մը «Սի.Էն.Էն.»ին յայտնեց, որ իսրայէլացիները կը կասկածին, թէ կարելի ըլլայ Լիբանանի մէջ զինադադարի հաստատման մօտալուտ համաձայնութեան հասնիլ:
Միւս կողմէ, Պըրրի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընէն ստացաւ Լիբանանի Անկախութեան տօնին առիթով շնորհաւորական նամակ մը, որուն մէջ կ՛ըսուի հետեւեալը. «Յանուն Միացեալ Նահանգներու ժողովուրդին կը շնորհաւորեմ ձեզ եւ Լիբանանի ժողովուրդը ձեր անկախութեան 81ամեակին առիթով, եւ Լիբանանի պատմութեան այս դժուար ժամանակին, Միացեալ Նահանգները լիբանանցի ժողովուրդին կողքին կը կանգնի, եւ ես կը գնահատեմ մեզի սպասող աշխատանքին մէջ մեր գործընկերութիւնը»: