ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆ ՄԱՐԴՈՒԺԻ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐՈՒԱՆ ԱՌԻԹՈՎ
«Եկեղեցին Հայկական
ծննդավայրն է հոգւոյս»Վահան Թէքէեան
Ն. ՎԱՐԴ
2030ին կը լրանայ Սփիւռքի մեծ դպրանոցներէն՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Դպրեվանքին հարիւրամեակը։ Հարիւրաւոր, եթէ ոչ հազարաւոր անհատներու համար, որոնք Դպրեվանքի սան դարձան, այլ խօսքով դպրեվանեցի դարձան, այդ հաստատութիւնը իրենց սրտերուն մէջ յիշատակներու շտեմարան մըն է։ 1930ին, Անթիլիասի մէջ նորահաստատ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ ծերունազարդ բայց կաղնիի նման կուռ կաթողիկոսին՝ Սահակ Բ. Խապայեանի եւ անոր երիտասարդ եւ աշխոյժ աթոռակցին՝ Բաբգէն Բ.ի ու իրենց երրորդութիւնը ամբողջացնող Շահէ արք. Գասպարեանի առաջնահերթ մտահոգութիւնն էր հիմը դնել դպրանոցի մը, որուն գոյութեան պատճառն էր հիմնել՝ «Կրթական հաստատութիւն մըն է, ուր կը պատրաստուին՝ 1. Հայաստանեայց եկեղեցիին համար ՔԱՀԱՆԱՆԵՐ եւ 2. Հայ Ազգային վարժարաններու համար՝ ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐ» (Շահէ եպիսկոպոս, ՀԱՍԿ, 1932, թիւ 1, էջ 2):
Բաբգէն կաթողիկոսի եւ Շահէ արքեպիսկոպոսի երազն էր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Դպրեվանքը դարձնել նորօրեայ Արմաշ մը։ «Արդարեւ սփորար է տեղեկանալ այն իրատես եւ գործնական ոգւոյն, որով համակուած են Դպրեվանքի վարիչները, որ նկատի ունին հիւրընկալ հոգերու վրայ հաստատուած գաղթական ժողովրդեան անմիջական պէտքը՝ արժանաւոր եւ բանիմաց քահանաներ իրենց աղքատիկ եկեղեցիներուն եւ խղճամիտ ուսուցիչներ իրենց նախակրթարաններուն համար» («Հայ Խօսնակ», 1932, թիւ 4, էջ 68): Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի Դպրեվանքին հովանիին ներքեւ ուսումնատենչ եւ ծառայասէր տղաներ կրթական այնպիսի ուսում պիտի ստանային, որ դառնային, Դպրեվանքի հիմնադիրներուն նման՝ համեստ, խոնարհ, բանիբուն, բարձր բարոյականով եւ ազնիւ նկարագրով աշխատասէր, ծառայասէր եւ նշխարին նման՝ ինքզինքնին Աստուծոյ, եկեղեցիին, եւ ազգին բաժնելու պատրաստ։ Ժամանակն է կարծես, որ Դպրեվանքը՝ տեսչութիւն, ուսուցչական կազմ եւ վերին իշխանութիւններ, վերատեսութեան ենթարկեն անոր առաքելութեան նպատակակէտը՝ վերադառնալով անոր հեռատեսիլ եւ ապագայատեսիլ հիմնադիրներուն նպատակին՝ պատրաստել ծառայասէր եւ նուիրեալ ամուսնացեալ քահանաներ, նկատի առնելով որ այս տարին յայտարարուեցաւ որպէս «Մարդուժի Պատրաստութեան Տարի»։
Դպրեվանքի սկզբնական ուսումնական ծրագիրը, Շահէ Սրբազան հետեւեալ ձեւով կը բացատրէ. «Դպրեվանքի ուսումնական շրջանը այժմ հինգ տարի է։ Երկուքը նախապատրաստական եւ երեքը՝ մասնագիտական։ ՄԱՍՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔԸ ուսանողները պիտի պատրաստէ իրենց ապագայ՝ Հայ Քահանայի եւ Հայ Ուսուցչի ասպարէզին։ Յատկապէս Դպրեվանքին համար գծուած Ուսումնական Ծրագիրը ունի երեք յատկանշական գիծեր, որ են՝
Ա․Հնգամեայ ուսուցման նիւթերը կը ծառայեն ուսանողներուն՝ ճանչնալու եւ մշակելու բնիկ եւ տոհմայինը։
Բ. Տեսականը սերտիւ կցուած է գործնականին։
Գ. Դպրեվանքի ծրագիրը կը պահանջէ, որ սաները շրջանաւարտ ըլլալէ առաջ՝ հնար եղած չափով հրահանգուին ու մարզուին Ազգային Ծառայութեան կեանքին մէջ» (Շահէ եպիսկոպոս, ՀԱՍԿ, 1932, թիւ 2, էջ 5-6)։
1930-1940ականներուն Դպրեվանքին ուսումնական ծրագիրը որոշ փոփոխութիւններ կրեց, ժամանակուան պայմաններուն յարմարելու համար։ Գարեգին Ա. կաթողիկոսի գահակալութեան ժամանակ էր, որ Դպրեվանքը օժտուեցաւ հմուտ եւ մասնագէտ ուսուցիչներով։ Գարեգին կաթողիկոսին նպատակն էր Դպրեվանքը վերածել «սխոլա»ի՝ իմա համալսարանական մակարդակ ունեցող հաստատութեան մը։ 1947-1948 տարեշրջանին, յատուկ յանձնախումբ մը (Դերենիկ եպիսկոպոս, Յակոբ Թօփճեան, Բիւզանդ Եղիայեան եւ Շահան Պէրպէրեան), բարենորոգեց Դպրեվանքի կրթական ծրագիրը։ Գարեգին վեհին կողմէ վաւերացուելէ ետք, այդ ծրագիրը գործադրութեան դրուեցաւ։ Այդ ծրագրին համաձայն, «Ժառանգաւորաց բաժնի չորս կարգերէն իւրաքանչիւրը կ՛ունենայ շաբաթական 32 պահ, իսկ Ընծայարանի կարգերը շաբաթական 22-26 պահ։ Շրջանաւարտները, որոնք աբեղայ կը ձեռնադրուին, աւարտական ուսումնասիրութեան տարի մը կ՛ունենան, որուն ընթացքին քարոզխօսական գործնական փորձեր կը կատարեն եւ կը պատրաստեն իրենց վարդապետական աւարտաճառը։ Առանց աւարտաճառի պատրաստութեան եւ հրապարակային քննութեան՝ Վարդապետական գաւազանի իշխանութիւն չի տրուիր ոեւէ աբեղայի (ՀԱՍԿ, 1948, Յունիս- Յուլիս, էջ 183-184)»։
Յաջորդող տասնամեակներուն, Դպրեվանքին ուսումնական ծրագիրը գրեթէ մնաց անփոփոխ, կարգ մը մասնակի փոփոխութիւններով։ 1990ականներու աւարտին, Դպրեվանքին տեսչութիւնը աւելցուց Դ. ընծայարան դասարանը եւ յետագային զեղչեց նախապատրաստական դասարանը, որ վերահաստատուեցաւ 2021-2022 տարեշրջանին։ Դպրեվանքի պատմութեան այս հակիրճ վերաքաղին գլխաւոր պատճառը, Արամ վեհափառ հայրապետին 2024 տարին «Մարդուժի Տարի» հռչակումն էր։
Արամ վեհափառը իր խօսքին մէջ, ընտանիքէն եւ եկեղեցիէն ետք, կը նշէ Դպրեվանքը, որուն «նպատակը կը շարունակէ մնալ հոգեմտաւոր արժէքներով թրծուած եւ ազգին ու եկեղեցւոյ ծառայելու կոչում ունեցող հոգեւորականներու, ուսուցիչներու ու մտաւորականներու կազմաւորումը» (ՀԱՍԿ, 2024, թիւ 1, էջ 17)։ Ահա՛ Դպրեվանքին առաքելութեան նպատակը։ Մեր Ժողովուրդին եւ եկեղեցւոյ համար պատրաստել ամուսնացեալ քահանայ հայրեր, որոնք Մեսրոպ Մաշտոցին նման, Քրիստոսի Աւետարանը տանին ժողովուրդին իրենց ոգեշնչող քարոզներով, որոնք մեր եկեղեցւոյ խորհուրդները մատուցանեն հոգեպարար հարազատութեամբ, մեր պատարագի նշխարը անհատնում կերպով բաժնեն հաւատացեալներուն, անոնց հոգին Աստուծոյ վերառաքելով։ Շահէ սրբազանին բառերով, «բազմահմուտ աստուածաբաններ չէ որ կը փնտռուին, այլ ուսեալ, գործունեայ երէցներ, քահանաներ, որոնք խօսքն ու կեանքը՝ հրահանգ է եւ կրօնի հրապոյրն ու շարժիչ ոյժը աւելցնէ. Երէցներ՝ որոնց աղօթքներուն, կատարած խորհուրդներուն եւ ծէսերուն, քարոզած խօսքին մէջէն այրեր եւ կիներ լսեն Աստուծոյ ձայնն ու պատգամը, եւ Աներեւոյթին իրական ներկայութիւնը զգան եւ դառնան լաւագոյն անձեր, նորէն կազմելու համար ադամանդեայ հաւատքով տոկուն, եւ ամէն հովի առագաստ չբացող հայ քրիստոնեաներ (Շահէ արք., «Հայ Խօսնակ», 1932, թիւ 4, էջ 68)։
Ամուսնացեալ քահանաներու կողմէ, Դպրեվանքը օրրանը պէտք է ըլլայ կուսակրօն եկեղեցականներուն, որոնք Սահակ-Մեսրոպի աշակերտներուն եւ Թարգմանչաց Ոսկեայ եւ Կիլիկեան Արծաթեայ դարերու սերունդներուն նման, մեր կրօնական, հոգեմտաւոր եւ թարգմանական գրականութիւնը հարստացնեն աստուածաբանական, վարդապետական, մեկնողական, հովուական, գրական եւ փիլիսոփայական նոր ստեղծագործութիւններով, թարգմանութիւններով, ուսումնասիրութիւններով եւ հոգեմտաւոր աշխատանքներով իմացական եւ հոգեմտաւոր նոր բարձունքներ նուաճեն։ Այս բոլորը կը սկսին Դպրեվանքին գրասեղաններուն վրայ սորվելով լեզու, մշակոյթ, կրօնք, գրականութիւն, պատմութիւն, աստուածաբանութիւն, իմաստասիրութիւն, հոգեբանութիւն, ընկերաբանութիւն, արժէքաբանութիւն, եկեղեցւոյ եւ աշխարհի պատմութիւն, երաժշտութիւն, արուեստ, գիտական ուսումնասիրութիւններ պատրաստելու մեթոտներ, եւ ի մասնաւորի, անխոնջ կերպով աշխատելու եւ ժամանակը լիովին լեցնելու մտադրութիւն եւ վճռակամութիւն։
Իր գոյութենական եւ ծառայական նպատակին հասնելու համար, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Դպրեվանքը 6 հիմնական կէտեր ((1) Ուսումնական ծրագիր, (2) Դասագիրք, (3) Ուսուցիչ, (4) Պիւտճէ, (5) Քահանայից պատրաստութիւն (6) Պետական -ճանաչում) պէտք է զարգացնէ եւ պատրաստէ յաջորդող 6 տարիներուն, Դպրեվանքի 100ամեակը հանդիսաւորապէս եւ ապագայատեսիլ ձեւով տօնախմբելու համար։
Տօնակատարութիւններ, դասախօսութիւններ, համերգներ, խօսքեր եւ գովասանքներ տեղի պիտի ունենան եւ կարեւոր է որ ունենան անդրադարձ ակնարկ նետելու համար, բայց այդ բոլորին կողքին, սակայն, այս դիտանկիւնէն դիտուած անոնք կը դառնան անիմաստ եւ անտեղի։ Մտածելով եւ խորհրդածելով Դպրեվանքին 100ամեայ տօնակատարութեան մասին, եկէք միասնաբար, սիրելի դպրեվանեցի սաներ, բարեկամներ եւ բարերարներ, լուրջ կերպով անդրադառնանք Դպրեվանքի բարենորոգութեան վեց կէտերուն։
Առաջին, Ուսումնական-կրթական ծրագիրը այն ընթացքն է, որ տարիներու վրայ տարածուած աշակերտին կը սորվեցնէ տուեալ նիւթի մը ամէնէն տարրական կէտերէն մինչեւ ամէնէն խրթին եւ յառաջացեալ կէտերը։ Կրթական եւ ուսումնական ծրագիր ըսելով, կը հասկնամ տարեկան եւ աստիճանական կերպով աշակերտին կրթական եւ ուսումնական զարգացումը։ Կրթական ծրագիր մը տարեկան առարկայական եւ քննադատական գնահատումի պէտք է ենթարկուի, որպէսզի հարկ եղած ճշդումները կատարուին։ Օրինակի համար,
– Հայոց պատմութեան դասընթացքին, աշակերտը նախապատրաստական դասարանէն մինչեւ չորրորդ ժառանգաւորաց պէտք է սորվի Հայոց պատմութեան պատմական շրջաններու (Ուրարտական, Երուանդեան, Արտաշէսեան, Արշակունեաց, Մարզապանական, Արաբարական, Բագրատունեաց, Կիլիկեան, Վրացական, Օսմանեան, Անկախութեան, Համայնավարական, Բ․ Անկախութեան) կարեւոր դէմքերն ու դէպքերը։ Ընծայարանի շրջանին, աշակերտները պէտք է սորվին պատմական այս հոլովոյթին պատահած իրողութեանց քննական եւ առարկայական վերլուծումը կատարել։ Պատմութիւն վերլուծելու արուեստին մէջ, պատմաբանը կը հարցնէ հիմնական հինգ հարցումներ (ո՞վ, ինչպէ՞ս, ե՞րբ, ո՞ւր եւ ամէնէն կարեւորը ինչո՞ւ դէպք մը պատահեցաւ)։ Մենք ինչպէ՞ս կրցանք անկախ պետութիւն ստեղծել 885 թուականին, օրինակի համար։ Կիլիկեան թագաւորութեան հիմնադրութեան պատճառները որո՞նք էին։ Պատմական իւրաքանչիւր դէպք պատճառներ եւ հետեւանքներ ունի։ Այս պատճառներուն եւ հետեւանքներուն վերլուծում կատարելը կը սկսի Դպրեվանքի գրասեղաններուն վրայ։ Պատմութեան դասերուն կողքին, կարեւոր է անդրադառնալ շրջակայ երկիներու եւ տէրութիւններու կացութիւններուն, ինչպէս նաեւ աշխարհագրական ծանօթութիւններու, որոնք շատ յաճախ կը ճշդեն քաղաքի մը շինութեան պատճառը կամ պատերազմի մը արդիւնքը։
– Այն աշակերտները, որոնք Դպրեվանք ընդունուած են, բայց իրենց ուսումնական մակարդակն ու կարողութիւնները տակաւին չեն զարգացած, պէտք առանձնակի օժանդակութիւն ստանան իրենց ուսման մէջ տեղի ունեցած եւ ունեցող թերութիւնները սրբագրելու եւ յառաջացնելու համար։ Օրինակի համար, աշակերտ մը դժուարութիւն ունի կարդալու կամ թուաբանելու կամ գրելու։ Այդ աշակերտը կամ աշակերտները ուղղակի այդ թերութիւններուն վրայ պէտք է աշխատին եւ զարգացնեն զանոնք, դասարանէն դուրս, յատուկ ուսուցչի մը հսկողութեան եւ առաջնորդութեան ներքեւ։ Դպրեվանքի կրթական ծրագրին մակարդակը ցածցնելը ճշգրիտ միջոցը չէ։ Եթէ աշակերտ մը կրթական շատ ցած մակարդակ ունի, դպրեվանեցի ըլլալը նոյնիսկ հարցականի տակ պէտք է առնել։ Ըստ Շահէ սրբազանին, «աշակերտները կ՛ընդունուին մուտքի քննութեամբ եւ առաջնորդարաններէն տրուած բարի վարուց եւ բժշկական վկայագրի եւ նախակրթարանի վկայագիրներուն հիմերուն վրայ՝ ընտրութեամբ։ Նկարագրի, կարգապահութեան եւ ուսումնական յառաջդիմութեան նիշերը կ՛որոշեն ընդունուած սաներուն մնալու կամ ճամբուելու խնդիրները։ Դասերու միջին եւ վեցամսեայ եւ տարեվերջին (Յունիս) քննութեանց եւ ամսօրեայ գրաւոր փորձերու նիշերը կը ճշտեն ուսանողին մտաւոր յառաջդիմութեան աստիճանը» (ՀԱՍԿ, 1932, թիւ 2, էջ 6)։ Դպրեվանքի մուտքի քննութիւնները այնպէս պէտք է ըլլան, որ այս ուսումնական եւ կրթական թերութիւններն ու կարողութիւնները յատկանշեն, որպէսզի Դպրեվանքի տեսչութիւնը ըստ այնմ ծրագրէ այդ աշակերտին կամ աշակերտներուն ուսումնական տարին։ Հետեւաբար, կշռուած, ծրագրուած, արմատապէս քննուած եւ պատրաստուած կրթական ծրագիր մը անհրաժեշտութիւն մըն է։
Երկրորդ, Դասագրքեր։ Կրթական ծրագիր մը կրնայ յաջող ըլլալ եթէ ունի արդիական եւ մանկավարժական սկզբունքներու վրայ պատրաստուած դասագրքեր։ Արդի մանկավարժական եւ դաստիարակչական մեթոտներու վրայ հիմնուած եւ «աշակերտի աշխատատետր» հատորով զուգորդուած դասագրքերը կարեւոր ներդրում կը կատարեն աշակերտին զարգացման վրայ։ Օրինակի համար,
– Հայ եկեղեցւոյ պատմութեան համար Օրմանեանի «Ազգապատում»ը կամ Բաբգէն կաթողիկոսի «Պատմութիւն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսաց»ը դասագրքեր չեն։ Նոյնիսկ Օրմանեանի «Հայ Եկեղեցի» գիրքը դասագիրք չէ։ Հետեւաբար, Հայ եկեղեցւոյ պատմութիւնը պէտք է ընդգրկէ դաւանաբանական, ծիսական, կանոնագրային եւ ժողովական նիւթեր, պէտք է ունենայ քառամեայ կրթական ծրագիր մը, որուն ընթացքին աշակերտները կը սորվին ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ պատմութիւնը եւ Հայ եկեղեցւոյ յարաբերութիւնները ուրիշ եկեղեցիներու հետ։ Այս պատմութիւնը, անշուշտ, կ՛ընդգրկէ 1111ին սկիզբ առած Աղթամարի կաթողիկոսութեան, Արցախի կաթողիկոսութեան, 1441էն ետք վերահաստատուած Էջմիածնի կաթողիկոսութեան, ինչպէս նաեւ Պոլսոյ եւ Երուսաղէմի պատրիարքութեանց պատմութիւնները։ Բաբգէն կաթողիկոսի «Պատմութիւն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսաց»ը եւ Օրմանեանի «Ազգապատումը» որպէս յաւելեալ ընթերցանութեան նիւթ կարելի է գործածել։ Նուիրապետական աթոռներու պաշտօնական ամսաթերթերը (Մայր Աթոռ Էջմիածնի «Արարատ»ը (1868-1919) եւ «Էջմիածին»ը (1945էն այժմ), Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ՀԱՍԿը (1932էն այժմ) եւ Երուսաղէմի պատրիարքութեան «Սիօն»ը (1866-1877, 1927-2008, 2012էն այժմ), ինչպէս նաեւ «Լոյս», «Հայ Խօսնակ», «Տաճար», եւ այլ ամսաթերթեր եւ պարբերաթերթեր) հետաքրքրական, այժմէական եւ շահաբեր յօդուածներ ունին Հայ եկեղեցւոյ պատմութեան համար, զորս ուսուցիչը կրնայ թելադրել որպէս յաւելեալ ընթերցում աշակերտներուն։
– Աստուածաբանութեան տարբեր ճիւղերուն համար, Գէորգ Մեսրոպի «Հովուական Աստուածաբանութիւնը», Գարեգին Բ. կաթողիկոսի «Ձեռնարկ Հովուական Աստուածաբանութեան»ը, Շահէ արք.ի «Տեսական Աստուածաբանութիւն»ը, Մաղաքիա Օրմանեանի «Տեղիք Աստուածաբանութեան»ը, Գարեգին Բ. կաթողիկոսի «Տեսական Աստուածաբանութիւն»ը, Մուշեղ արք. Սերոբեանի «Քրիստոնէական Եկեղեցւոյ Վարդապետութիւն»ը կամ Զաւէն Ա. քհնյ. Արզումանեանի «Աստուածաբանութիւն Հայաստանեայց Առաքելական եւ Ուղղափառ Եկեղեցւոյ»ն կարելի ի մի համախմբել եւ օգտակար տեսական եւ հովուական աստուածաբանութեան դասագրքի վերածել։ Տխուր երեւոյթը այն է, որ աստուածաբանական նիւթերու դասաւանդութեան մէջ, մեր եկեղեցւոյ վարդապետներուն ուսուցումները գրեթէ անգոյ են եւ աւելի Կաթոլիկ եւ Ուղղափառ եկեղեցիներու վարդապետներուն՝ Աթանասի, Ոսկեբերանի, Օգոստինոսի, Աքուայնասի եւ Քարլ Պարթի աստուածաբանական տեսութիւնները կը սորվին մեր սարկաւագներն ու քահանայացուները։
– Ծիսագիտութեան մէջ, մեր եկեղեցւոյ խորհուրդները, ժամերգութիւններն ու պատարագը հիմնական կորիզը պէտք է կազմեն կրթական ծրագրին։ Օձնեցիի եւ Ստեփանոս Սիւնեցիի «Մեկնութիւն Ժամակարգութեանց»ը, Անձեւացիի «Մեկնութիւն Աղօթիցն Պատարագի»նը, Լամբրոնացիի «Մեկնութիւն Սրբազան Պատարագի»նը, Արճիշեցիի «Համառօտութիւն Պատարագի»նը եւ խորհուրդներու աստուածաբանութիւնն ու զարգացման ընթացքը բացատրող դասագրքերը անհրաժեշտ եւ հրամայական են։
Երրորդ, Ուսուցիչներ։ Կրթական ծրագրի մը եւ դասագրքերու լաւագոյն գործածութիւնը կրկնակ յաջողութիւն կ՛ունենան եթէ այդ ծրագիրն ու դասագիրքը գործածող ուսուցիչը նիւթին քաջածանօթ է եւ տարուայ ընթացքին կը մասնակցի դաստիարակչական եւ մանկավարժական նոր ձեւերու եւ մեթոտներու ուսուցման։ Ուսուցիչն է որ դասանիւթը հետաքրքրական կամ անախորժ կը դարձնէ։ Ուսուցիչն է որ աշակերտին մէջ սորվելու եւ իր լաւագոյնը ընելու կրակը կը վառէ եւ կամ աշակերտը ամբողջովին կ՚անտեսէ ուսուցիչն ու դասանիւթը։
Չորրորդ, Պիւտճէ։ Դժբախտաբար Ազգային Կեդրոնական վարչութեան եւ Ազգային ժողովի անդամներէն զատ, Դպրեվանքին պիւտճէն մեծ անծանօթ մըն է։ Հաւանաբար, յաջորդող 5-6 տարիներուն այդ պիւտճէն 8-10 առ հարիւր (եթէ ոչ աւելի) տարեկան յաւելումներ ունենայ որպէսզի Դպրեվանքը կարենայ ունենալ լաւագոյն մասնագէտ ուսուցիչները, որոնք, ըլլան անոնք աշխարհական կամ եկեղեցական, պէտք է տարեկան գնահատումի ենթարկուին վաւերացնելու իրենց ուսուցչական մակարդակն ու կարելիութիւնները։
Հինգերորդ, Քահանայից պատրաստութիւն։ Քահանայից պատրաստութիւնը ՊԷՏՔ է տեղի ունենայ Դպրեվանքին մէջ եւ ոչ մէկուսի դրուած Քահանայից դասընթացքին մէջ, որուն մասին եթէ տեղեկութիւն ուզենք հաւաքել, կաթողիկոսարանի կայքէջին վրայ, հետեւեալը կը կարդանք. «Հովիւներու աստուածաբանական եւ հովուական կազմաւորումը Դպրեվանքին կրթական ծրագրին անբաժանելի մասը կը կազմեն։ Նկատի ունենալով թեկնածուներուն տարիքն ու ուսումնական կրթութիւնն ու կարողութիւնները, նորին սրբութիւնը 2004ին որոշեց կազմաւորման մասնաւոր կեդրոն հաստատել Անթիլիասի մէջ անոնց համար, որոնք կը փափաքին որպէս հովիւ ծառայել համայնքներուն մէջ։ Այս ծրագիրը երեք տարուան շրջան ունի։ Անոր կրթական ծրագիրը կ՛ընդգրկէ դասընթացքներ աստուածաբանութեան մէջ յատուկ շեշտով սուրբ գրային, մեկնաբանական, բարոյական, հովուական եւ ծիսական դասերով։ Այն աշակերտները, որոնք Միացեալ Նահանգներուն մէջ կը ծառայեն, պիտի հետեւին նաեւ Մերձաւոր Արեւելքի Աստուածաբանական Դպրոցի (N.E.S.T.) դասընթացքներուն»։ Արտաքնապէս հրապուրիչ բայց եթէ այս դասընթացքները Դպրեվանքի Կրթական Ծրագրին մաս կը կազմեն, պէտք է ուրեմն Դպրեվանքի կրթական ծրագիրը քննել եւ տեսնել եթէ այս դասընթացքները կը դասաւանդուին, որո՞նց կողմէ, ի՞նչ դասագիրքեր կը գործածուին եւ թեկնածուները, որքանո՞վ զարգացում եւ ուսում կը ստանան։ Քահանայական աստիճանի ամենէն կարեւոր պահանջքներէն մէկն է ներշնչող քարոզներու պատրաստութիւնն ու հաւատացեալներուն հրամցնելու ձեւերը։ Քահանայական թեկնածումները նաեւ պէտք է սորվին իւրաքանչիւր թեմի եւ/կամ գաղութի կանոնագրութիւնը եւ իրենց պարտականութիւններն ու պաշտօնը այդ թեմէն ներս։ Մեր եկեղեցւոյ վերանորոգման առաջին եւ ամենէն հիմնական քայլը՝ քահանայական աստիճանի բարելաւումով կը սկսի։ Մնացեալը երկրորդական են։
Վեցերորդ, Պետական ճանաչում։ Կաթողիկոսարանը հսկայական աշխատանք ունի կատարելիք Դպրեվանքի Ժառանգաւորացի եւ Ընծայարանի վկայականները պետական ճանաչում ստանալու աշխատանքին մէջ։ Չենք կրնար ենթադրել թէ իւրաքանչիւր դպրեվանեցի աշակերտ քահանայ հայր կամ կուսակրօն եկեղեցական պիտի դառնայ։ Ի՞նչ պիտի ըլլայ այդ աշակերտին ուսումը եթէ Դպրեվանքը ձգէ եւ ուրիշ դպրոց երթայ, կամ ընծայարանը աւարտէ եւ որոշէ համալսարան երթալ, ուր Դպրեվանքի իր վկայականը անարժէք է պիտի ըսեն։ Կամ կուսակրօն քահանայ կը ձեռնադրուի եւ եւրոպական կամ ամերիկեան համալսարան կը յաճախէ եւ իր վկայականը պէտք է վաւերացուի եւ համարժէք վկայական դառնայ արեւմտեան երկիրներուն մէջ։
Այս բոլորը, գոնէ Կրթական ծրագիրն ու Դասագրքերը իրագործելու համար հարկ է կոչ ուղղել բոլոր դպրեվանեցիներուն եւ ի հարկին բոլոր անոնց, որոնք կը փափաքին իրենց «լուման« բերել այս հսկայական եւ բարենորոգիչ աշխատանքին։ Անոնք որպէս ուսումնական ծրագրի եւ կրթական ծրագրի ու դաստիարակչական ու մանկավարժական աստիճաններ ու փորձառութիւններ ունին թող հրաւիրուին եւ ծրագրեն այս աշխատանքին հանգրուանները։ Անոնք, որոնք նիւթական կարողութիւնները ունին այս դասագրքերը հրատարակելու, թող իրենց նիւթական նպաստը առաջարկեն։ Անոնք, որոնք ոեւէ ձեւի ներդրում կրնան ընել թող մասնակցին եւ այս այշխատանքին մէջ թող չանտեսուին անոնք, որոնց դէմ կարգ մը անհատներ, նեղմիտ, ճղճիմ հաշիւներ եւ անձնական տհաճութիւն ունին։ Միաբաններ, որոնք եւրոպական եւ ամերիկեան համալսարաններու մէջ ուսում ստացած են, առիթն է իրենց ներդրումը բերելու այս կարեւոր աշխատանքին։ Միաբաններ կրնան տարբեր դասագրքերու յանձնախումբերու պատասխանատուութիւնը ստացնել, որպէսզի գործը կեդրոնական եւ Տնօրէն ժողովի հսկողութեան ներքեւ յառաջանայ եւ պատրաստ ըլլայ գործադրութեան դրուելու 2030-2031 կրթական տարեշրջանին։ Ասիկա մէկ կամ մի քանի անհատներու գործը չէ։ Կաթողիկոսութեան հովանիին, Դպրեվանքի տեսչութեան հսկողութեան ներքեւ դրուած Նախագիծ 2030 անուան տակ աշխատանք մըն է։
Մէջբերելով Դպրեվանքի տեսուչ՝ Պարոյր վարդապետին կոչը՝ «Վեհափառ հայրապետին պատգամը նաեւ կոչ մըն է մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն իրենց ճիգերը համախմբելու Դպրեվանքին շուրջ, իւրաքանչիւրը իր ձեւով կամ միջոցներով, ըլլան անոնք դէպի Դպրեվանք աշակերտներու ուղղարկումով, նիւթաբարոյական աջակցութեամբ եւ կամ որեւէ տեսակի ներդրումներով։ Ի վերջոյ, Դպրեվանքի առաքելութեան մէջ որեւէ տեսակի ներդրում՝ կը ծառայէ ու պիտի ծառայէ Սփիւռքի գաղութներու կեանքին, սկսեալ Լիբանանէն մինչեւ Ամերիկա, եւ ինչու չէ մինչեւ Ծայրագոյն Արեւելք։ Եթէ կաթողիկոսութեան սիրտը՝ Դպրեվանքը առողջ ու կայտառ է, ուրեմն կաթողիկոսութիւնը կենսունակ ու աշխուժօրէն գործուն է։ Եթէ կաթողիկոսութիւնը կենսունակ ու աշխուժօրէն գործուն է, ուրեմն Սփիւռքի դաշտերը կ՛ոռոգուին քրիստոնէական հաւատքով եւ հայեցի դաստիարակութեամբ։ Ահաւասիկ «Մարդուժի Տարուան» սեմին, Դպրեվանքի առաքելութեան ճանապարհորդակից դառնալու հրաւէրը կը բացուի բոլորին առջեւ եւ այս առիթը կը յուշէ բոլորիս, որ Դպրեվանքը արժանի է մեր ժողովուրդի զաւակներուն գուրգուրանքին, սիրոյն եւ անսակարկ աջակցութեան»։
Դպրեվանքի տեսչին այս հրաւէրէն ներշնչուած, օ՜ն առաջ, ուրեմն, դպրեվանեցներ ձեր բոլորին կոչ կ՛ուղղեմ, որ մեր ջանքերը, գաղափարներն ու ներդրումները միացնենք մեր «Հոգեւոր տան»՝ Դպրեվանքին 100ամեայ տարեդարձը վերածելու Հայ եկեղեցւոյ բարեկարգութեան առաջին քայլին, որովհետեւ «սիրտ ի սիրտ եւ ձեռն ի ձեռն» մենք կրնանք տալ այն ինչ որ Դպրեվանքը տուաւ մեզի՝ սէր մեր եկեղեցւոյ եւ մեր ազգին հանդէպ։
Վերջապէս, Վահան Թէքէեանի բառերով, «Ինչ որ տուիր դուն ինծի, ահա քեզի կը դարձնեմ ո՜վ Աստուած»։