Փաքիստանի նախագահ Փերվէզ Մուշարրաֆ ի վերջոյ ընդառաջեց Ուաշինկթընէն ու զինք սիրող այլ դաշնակիցներէ արձակուած կոչերուն եւ թաքուն խրատներուն, եւ իր երկիրը անել կացութենէ մը դուրս բերելու յաւակնութեամբ յայտարարեց, որ կը հրաժարի բանակի հրամանատարի իր պաշտօնէնէն ու պիտի պաշտօնավարէ իբրեւ քաղաքային նախագահ։
Քաղաքական կեանքի մէջ նման բեմադրութիւններ աննախընթաց չեն, ոչ ալ, վստահաբար, ասիկա պիտի ըլլայ վերջինը։
Քաղաքային Մուշարրաֆը ի՞նչ պիտի ընէ, որ զինուորականը չկրցաւ ընել. այս հարցումին պատասխանը ունենալու համար, երկար վերլուծումներ անհրաժեշտ չեն։ Կացութիւնը բացատրելու համար, կ՚արժէ վերադառնալ արաբական թատրոնի հսկաներէն՝ Տուրէյտ Լահհամի (աւելի ծանօթ՝ Ղաուար Թոշէ բեմական անունով) պատմական գործերէն մէկուն՝ «Հոկտեմբերեան գիւղը» (Տայաաթ թըշրին) թատերակին, որ մօտաւորապէս 35 տարուան պատմութիւն ունի։ Այդ գործին մէջ, կը նկարագրուի կացութիւնը գիւղի մը, որուն առաջնորդներուն վարքէն ու վարմունքէն դժգոհ է ժողովուրդը, իրերայաջորդ ցոյցեր ու բողոքի արշաւներ կը կազմակերպէ, որպէսզի ղեկավարութիւնը փոխուի։ Իբրեւ պատասխան-լուծում՝ իրերայաջորդ արարներու մէջ նոյն պատասխանատուները բեմ կու գան տարբեր տարազներով՝ մերթ քաղաքային, յետոյ զինուորական, ապա նաեւ գիւղական զգեստաւորումով, միշտ բարի խոստումներով, քիչ մըն ալ սպառնալիքներով օրօրելով դժգոհ ժողովուրդը։ Այս բոլորը, սակայն, ոչինչ կը փոխեն իրականութենէն, ժողովուրդին դառնութիւնները կը մնան ու կը մնան։
Հիմա, Փաքիստանի մէջ ալ ականատես ենք հին թատրոնի նորագոյն բեմադրութեան, որուն դերակատարը եթէ Մուշարրաֆն է, բեմադրիչները՝ թելերը շարժողները կը գտնուին Եւրոպա ու Միացեալ Նահանգներ։ Եթէ տեղ մը մխիթարական բան պիտի փնտռենք, պիտի ըսենք, որ Փաքիստանի պարագան եզակի չէ։