Մեր երեխաները արդիական կեանքի պայմաններու բերումով շատ նուազ ժամանակ ունին բնութեան մէջ ապրելու ու զայն վայելելու: Ժամանակին հողին հետ խաղալով երեխաները շատ բան կրնային սորվիլ անոր կառոյցին, հոտին, յատկութիւններուն եւ արժանիքներուն մասին: Մեր մեծերը կ’ըսէին, թէ հողին հետ խաղալը կը զօրացնէ մեզ: Մօրմէս շատ լսած եմ այս խօսքը եւ միշտ ալ սիրած եմ հողով խաղալը: Այսօր այդ հողին հետ խաղալու կարելիութիւնները շատ նուազ են մեր երեխաներուն համար: Անոնց ունեցած խաղերը աւելի նստակեաց են եւ եթէ դուրսը ըլլան, հանրային պարտէզի մը մէջ, ծնողները պիտի զգուշացնեն, որ հողին մէջ շատ չխաղան, որպէսզի իրենց ձեռքերը չաղտոտին եւ կամ հագուստները չփճանան: Արդէն այս արտայայտութեամբ ինքնաբերաբար բաց մը կը ստեղծուի երեխային ու բնութեան միջեւ, որ արդիւնքն է շատ անմեղ ու անուշադիր կերպով կատարուած ծնողական թելադրութեան մը:
Բնութեան գիրկը ըլլալը, անոր գեղեցկութեան հանդէպ ուշադիր ըլլալը, զայն խնամելը ու գուրգուրալը եւ անոր բոյրով հրապուրուիլը պէտք է վարժեցնել երեխային: Ծովեզերք ուղղուիլը, աւազին վրայ քալելը, անոր տեսքով հիանալը երեխաներուն համար ալ ցանկալի է ու փափաքելի: Ծնողները ժամանակ պէտք է տրամադրեն անոր համար: Բնութիւնը կրնայ օգնել, մինչեւ իսկ ձեր դաստիարակութեան եւ տուած խրատները տեղւոյն վրայ կը փորձէ երեխան, անձամբ համոզուելով ձեր ըսածին: Ինչու չէ, նաեւ բնութիւնը շատ կը նպաստէ ձեր տրամադրութեան բարձրացման:
Եթէ երեխան կը մերժէ բնութեան մէջ ժամանակ անցընելու առաջարկները, ինչպէ՞ս կրնաք համոզել կամ առաջնորդել զինք բնութեան գիրկը: Անշուշտ, ինչպէս միշտ կը շեշտեմ, ձեր անձնական համոզումը ու կեցուածքը այս հարցին նկատմամբ շատ մեծ նշանակութիւն ունի: Նոյնիսկ եթէ բառերով չարտայայտէք ձեր միտքը, երեխան ունի այդ բնածին կարողութիւնը ձեր միտքը կարդալու եւ հասկնալու ձեր կարծիքը տուեալ հարցին մասին: Ուրեմն ժամանակն է, եթէ դուք եւս բնութեան մէջ շատ ժամանակ չէք անցըներ, փոխեցէք ձեր կեցուածքը եւ յաճախ առաջնորդուեցէք բնութեան մէջ հանգստանալու եւ ձեր երեխաներուն վարժեցնելու մտահոգութեամբ:
Լեռ մագլցեցէք ու ձեր ձագուկները ձեր հետ տարէք: Ինքնավստահութիւն, քաջութիւն եւ նպատակներ հետապնդելու, մինչեւ գագաթ հասնելու հետեւողականութեան բոլոր «քարոզները» իրական գետնի վրայ կրնաք ըսել ու խօսիլ առանց ձանձրացնելու անոր ականջները: Բնութեան անխօս ձայնը լսել կու տաք, նոր տեսակի բոյսեր ու ծաղիներ կրնաք տեսնել ու հիանալ անոնց գեղեցկութեամբ եւ եղանակի փոփոխութիւնները կը վայելէք:
Պարտէզին մէջ նաեւ կրնաք ձեր երեխան ձգել, որ երկար ժամանակ անցընէ հողին ու ծառերուն եւ ծաղիկներուն հետ: Մասնագէտներ կը յայտնեն, թէ ամէնէն շատ երեխան կ’օգտուի բնութեան մէջ իր խաղերէն, եթէ առանձինը կամ ընկերներուն հետ առանց մեծի մը հսկողութեան խաղայ եւ զուարճանայ ու անձամբ պեղէ: Ամէն պարագային, երեխային հետ միասին ամբողջ ընտանեօք եթէ խաղալու ժամանակը ունիք, կրկին անոր օգուտը բաւական է եւ շատ կարեւոր է երեխային կազմաւորման համար:
Ինչպիսի՞ խաղեր կամ աշխուժութիւններ կարելի է կատարել երեխային հետ բնութեան մէջ:
1.- Միասին թռչունները դիտեցէք: Այս մէկը կը խանդավառէ նոյնիսկ տակաւին անխօս երեխաները: Անոնք մեծ ուրախութեամբ եւ խանդավառութեամբ կը վայելեն այս պահը: Ձեր բակին կամ պատշգամին մէջ թռչուններու տնակ զետեղեցէք, որպէսզի թռչունները գան եւ ջուր խմեն կամ հատիկ ուտեն: Այս միջոցին կրնաք խօսիլ զանազան տեսակի թռչուններու մասին եւ անոնց չափերուն, գոյներուն եւ փետուրներուն մասին: Եթէ պատշգամ կամ բակ չունիք, հանրային պարտէզ կամ ծովափ այցելեցէք:
2.- Միջատներուն մասին խօսեցէք եւ հետաքրքրութիւն ցուցաբերեցէք անոնց հանդէպ: Երեխան թող ազատ կերպով իր հակազդեցութիւնը ունենայ միջատներուն հանդէպ եւ այդ մէկը իրեն կը սորվեցնէ իմանալ, ճանչնալ եւ դիմագրաւել իր վախերը ու սոսկումները: Խօսեցէք այդ կեցուածքին մասին, բացատրելով եւ համոզելով: Ձեր մօտակայ հանրային պարտէզին մէջ կրնաք գտնել զատկաճճի կամ թիթեռնիկ: Բռնեցէք ու միջատներու յատուկ շիշի մը մէջ պահեցէք եւ դիտեցէք զայն, ապա ազատ արձակեցէք միջատը:
3.- Փորելու ժամանակ յատկացուցէք: Մի մտահոգուիք, որ ձեր երեխան պիտի աղտոտէ իր ձեռքերը կամ հագուստները: Ազատօրէն թող խաղայ եւ բակին մէջ անկիւն մը իրեն տրամադրեցէք: Փոքրիկ հողագործին համար մշակութեան իրեր գնեցէք եւ լուացուող խաղալիքներ տուէք ձեռքը, թող իր երեւակայութեամբ եւ անկաշկանդ խաղայ հողին հետ ու վայելեցէք՝ հեռուէն զինք դիտելով: Մի մօտենաք իրեն, մինչեւ որ ինք ձեզ չկանչէ եւ չըսէ, թէ. «Մա՛մ, եկուր տե՛ս, թէ ինչ շինեցի»:
4.- Հողէն կամ աւազին մէջէն պեղուած առարկաներու յատուկ տուփ մը պահեցէք: Նոյնիսկ սովորական քարերու, տերեւներու համար տեղ մը յատկացուցէք ձեր երեխային, որ բնութենէն հաւաքածները հոն պահէ: Սիրած մէկ ծաղիկը պահեցէք գիրքի մը էջերէն մէկուն մէջ:
Այսպէս քաջալերեցէք ու խանդավառեցէք ձեր երեխան, որ բնութեան մէջ ժամանակ անցընէ եւ անոր հաճոյքը ապրի շատ փոքր տարիքէն: Աւելի լաւ է եւ շահեկան հողին, ծառին, տերեւին ու ծաղիկին հետ սորվի ու խաղայ: Բնութիւնը սիրէ եւ ապրի անոր գեղեցկութեամբ: Այսպիսով իր հոգին կը լեցուի բնութեան սիրով ու արժանիքներով եւ ապագային ալ իր խաղաղութիւնը ու հանգիստը կը գտնէ այդ ձեւով եւ ոչ թէ ուրիշ արուեստական եւ շինծու միջոցներ կ’որոնէ: