ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի ժողովրդական արուեստի թանգարանին մէջ Դեկտեմբեր 6ին բացումը կատարուեցաւ «Իմ Հայաստան, իմ հայրենիք» խորագիրով լուսանկարչական արուեստի 2րդ մրցոյթ-ցուցահանդէսին:
Մշակոյթի նախարարութեան կողմէ կազմակերպուած մրցոյթին կը մասնակցին 17-30 տարեկան 21 լուսանկարիչներ՝ իւրաքանչիւրը 4-5 աշխատանքով եւ ներկայացուած են ցարդ չցուցադրուած 89 լուսանկարներ:
Մրցոյթի յանձնաժողովին մաս կը կազմեն մշակոյթի նախարարութեան 2 ներկայացուցիչ եւ այս բնագաւառի մասնագէտներ:
Դեկտեմբեր 11ին պիտի ամփոփուին մրցոյթի արդիւնքները եւ փակման արարողութեան ժամանակ պիտի յանձնուին մրցանակները: