Սահմանադրական դատարանը չի կրնար չեղարկել եւ չէ չեղարկած Անկախութեան հռչակագիրը. լրագրողներու հետ իր ունեցած զրոյցին ընթացքին այս հաստատումը կատարեց Հայաստանի Սահմանադրական դատարանի նախագահ Արման Դիլանեան՝ անդրադառնալով շրջան ընող խօսակցութիւններուն եւ մեկնաբանութիւններուն, թէ՝ դատարանը 26 Սեպտեմբերին, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանազատման յանձնաժողովներու միացեալ գործունէութեան սահմանադրականութեան վերաբերեալ որոշումով, իբր թէ չեղարկած է Անկախութեան հռչակագիրը:
«Ոչ ոք չի կարող չեղարկել Անկախութեան հռչակագիրը: Կայ մի սուբյեկտ (ենթակայ), որը կարող է չեղարկել՝ դա ժողովուրդն է», ընդգծեց Դիլանեան: Ան ափսոսանք յայտնեց, որ, ի տարբերութիւն 3 դատաւորի կարծիքներուն, Սահմանադրական դատարանի միւս 8 դատաւորներուն կարծիքները մանրամասն կերպով չէ լուսաբանուած: «Իրականում ես ամէն ինչ նկատեցի այդ որոշման շուրջ, բացի լուրջ իրաւական քննադատութիւնից կամ փաստարկներից: Ես չհանդիպեցի իրաւական փաստարկի՝ թէ ինչո՛ւ է այդ որոշումն իրենց կարծիքով սխալ», ըսաւ ան: Ըստ Դիլանեանի՝ Սահմանադրական դատարանը իր որոշումով ըսած է այն, ինչը կայ 30 տարիներէ ի վեր: Բացի այդ, ըստ անոր, Սահմանադրութիւնը եւ Անկախութեան հռչակագիրը իրաւական նոյն հարթութեան մէջ դիտարկելու պարագային շարք մը հակասութիւններ կը յայտնուին: «Սահմանադրութիւնն ընկալուել է որպէս բարձրագոյն իրաւաբանական ուժ ունեցող փաստաթուղթ Հայաստանում, եւ Անկախութեան հռչակագիրը ողջ ծաւալով երբեք չի եղել Սահմանադրութեան մաս: Եթէ Անկախութեան հռչակագիրը եւ Սահմանադրութիւնը բովանդակային առումով համեմատէք ու փորձէք դրանք նոյն իրաւական ուժի հարթութեան մէջ տեղաւորել, չեմ պատկերացնում, թէ ինչպէս էք այդ հակասութիւնները լուծելու», յայտնեց ան՝ աւելցնելով, որ դատարանը պարզապէս առաջին անգամ խորութեամբ ուսումնասիրած է հարցը եւ արձանագրած իրողութիւնը: