
Հայաստան գտնուող քաղաքական գործիչ եւ բնապահպան Կրեթա Թունպերկ մասնակցեցաւ Հայաստանի ամերիկեան համալսարանին մէջ տեղի ունեցած «Ատրպէյճանի յարձակողապաշտ ազդեցութիւնը մարդու իրաւունքներու եւ բնապահպանութեան վրայ» թեմայով քննարկման, որուն ընթացքին ան յայտարարեց, որ Ատրպէյճան մէկ կողմէ կը փափաքի հանդէս գալ իբրեւ պնաբահպանութեան պաշտպան, սակայն միւս կողմէ կ՛ուզէ ընդլայնել կազի ու նաւթի արդիւնահանումը:
Թունպերկ, որ հրապարակաւ հրաժարեցաւ մեկնիլ Պաքու եւ պոյքոթի ենթարկեց ՔՈՓ 29 համաժողովը՝ ըսաւ. «Դիրքորոշումս շատ յստակ է: Կլիմայի վերաբերեալ հիմնական սկզբունքը այն է, որ իմ եւ բազմաթիւ այլ գործիչներու օրակարգերը բոլորովին անհամատեղելի են ատրպէյճանական կողմի օրակարգին հետ եւ կը հակասեն այն իրականութեան, որ առկայ է Ատրպէյճանի մէջ: Պարզապէս սրտխառնուք կը յառաջացնէ, երբ ականատես կ՛ըլլանք այդպիսի երեսանցութեան ու կեղծաւորութեան: Այն երեւոյթը, որ ՔՈՓ-29 համաժողովը տեղի կ՛ունենայ Ատրպէյճանի մէջ, ուղղակի երեսանցութեան ծայրայեղ դրսեւորում է»:
Ըստ անոր՝ Ատրպէյճան ոչ միայն կրնայ սարսափելի յանցագործութիւններ կատարել եւ չպատժուիլ, այլ նաեւ անոր դիմաց միջազգային հարթակին վրայ դռներ կը բացուին՝ օրինականացնելով այդ երկրին մէջ մարդու իրաւունքներու սահմռկեցուցիչ խախտումները:
«Աշխարհը լուռ է եւ լռելեայն Ատրպէյճանին կ՛ընձեռէ այս ձեւով վարուելու կարելիութիւն: Ասիկա միակ պարագան չէ: Մենք պէտք է դադրինք ձեւացնելէ եւ չտեսնելէ, որ կլիմային նուիրուած համաժողովը կը գումարուի այնպիսի երկրի մը մէջ, ուր պատժական մօտեցումներ կան, ուր ճնշումի կ՛ենթարկուի տեղւոյն ժողովուրդը: Իրաւապաշտպանները եւ բնապահպանները այդ երկրին մէջ կ՛ըսեն, որ իրենք կ՛ապրին ինչպէս պիտի ապրէին բանտին մէջ, ուր պետութիւնը չի պաշտպաներ իրենց իրաւունքները: Մենք այսօր կը խօսինք հարցի մը մասին, մինչդեռ այնտեղ հանրութիւնը շարունակ կ՛ենթարկուի ճնշումներու: Անոնք, որոնք կողմ են փոփոխութիւններուն եւ կը խօսին այդ մասին, անոնց ձայները հետեւողականօրէն կը լռեցուին», ըսաւ Թունպերկ:


Անդրադառնալով Արցախի մէջ կատարուած ցեղային զտումին՝ շուէտացի գործիչը շեշտեց, որ Ատրպէյճան լիովին պատասխանատու է ատոր: Ըստ անոր՝ շարունակական տառապանքները, որոնց ենթարկուած են հայերը Ատրպէյճանի ռազմական յարձակումին իբրեւ հետեւանք, ինչպէս նաեւ խոշտանգումներն ու բռնի տեղահանութիւնները, ֆիզիքական եւ հոգեբանական վայրագութիւնները բացարձակապէս անընդունելի եւ անհանդուրժելի են:
«Ցաւալի է, որ աշխարհը կը շարունակէ լուռ մնալ եւ թոյլ կու տայ Ատրպէյճանին նման համաժողովի կայացումով կոծկել իր յանցագործութիւնները: Ատրպէյճան, անշուշտ, կը փափաքի ընդլայնել նաւթի ու կազի արդիւնահանութիւնը: Բազմաթիւ երկիրներ, որոնք կը ներածեն այդ ուժանիւթերը Ատրպէյճանէն, հետեւողականօրէն աչք կը փակեն անոր վարքագիծին: Եթէ մենք կը պայքարինք արդարութեան համար, ապա ատիկա հաւասարապէս պէտք է տարածուի բոլորին վրայ: Պէտք է հաստատուի արդարադատութիւն բոլորին համար», նշեց Կրեթա Թունպերկ:
Ան նաեւ դիտել տուաւ, որ ինքն առանձնաշնորհեալ է, քանի որ ստիպուած չէ Արցախի հայերուն նման պայքարիլ ապրելու ու գոյութիւն ունենալու իրաւունքին համար, եւ կրնայ նաեւ այլ հարցեր բարձրացնել:
«Այն իրականութիւնը, որ ես ամէն առաւօտ ստիպուած չեմ արթննալ ու պայքարիլ իմ ու իմ ժողովուրդիս գոյութիւն ունենալու իրաւունքին համար, ինծի կը վերածէ առանձնաշնորհեալի մը, որ, իր հերթին, ինծի կը դարձնէ բարոյապէս պատասխանատու՝ բարձրաձայնելու խնդիրներու մասին»:
Աւելի ուշ բնապահպան Կրեթա Թունպերկ այցելեց Հայոց Ցեղասպանութեան յուշահամալիր եւ թանգարան, ուր անոր մանրամասն տեղեկութիւններ տրուեցան:
Երիտասարդ բնապահպանը նշանաւոր դարձաւ, երբ 2018ին՝ ընդամէնը 15 տարեկանին, սկսաւ բողոքի ցոյցեր կատարել կլիմայի փոփոխութեան ու անոր նկատմամբ կառավարութիւններու անտարբերութեան դէմ: 2019ին ան Time ամսագիրին կողմէ նկատուեցաւ «Տարուան Մարդը»: