Ատրպէյճանի Միլլի մեճլիսի նախագահ Սահիպա Կաֆարովա Եւրոպական խորհրդարանը մեղադրեց 11էն 22 Նոյեմբերին Պաքուի մէջ տեղի ունենալիք ՄԱԿի Կլիմայի վեհաժողովը երկրի վրայ իբրեւ քաղաքական ճնշման զէնք օգտագործելու մէջ:
«Կլիմայի փոփոխութիւնը համաշխարհային հարց է, որուն լուծումը կը պահանջէ միասնութիւն, սակայն այս հարցը կ՛օգտագործուի Ատրպէյճանի դէմ օրակարգ յառաջ տանելու համար», յայտնեց Կաֆարովա։
Ան նաեւ ափսոսաց, որ Եւրոպական խորհրդարանը վերածուած է «Ատրպէյճանի դէմ թշնամական եւ զրպարտչական արշաւ իրականացնող ուժերու» գործիքի:
«Ատրպէյճան բաց է քաղաքական երկխօսութեան եւ համագործակցութեան, սակայն, մենք կտրականապէս կը մերժենք անհիմն մեղադրանքները եւ պահանջները, թշնամական հռետորաբանութիւնը», ընդգծեց Կաֆարովա։