
ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԸ ԻՆՔԶԻՆՔ ԻՆՉՊԷ՞Ս Կ՛ԱՐԴԱՐԱՑՆԷ
ՓԱՐԻԶ.- Փարիզի հիւսիսային արուարձաններէն Էփինէ-սիւր-Սէնի մէջ, 26 Հոկտեմբերին բացումը կատարուեցաւ Աթաթիւրքի կիսանդրիին։
Տրապիզոնի եւ շրջակայքի թրքական հայրենակցական միութեան տարածքին մէջ տեղադրուած այս կիսանդրիին մասին BFM-ի լրագրող Ֆլորան Պասքու կը գրէ, թէ քաղաքապետ Հերվէ Շըւրօ Մայիսին ստորագրեց անոր տեղադրման արտօնութիւնը բովանդակող փաստաթուղթ մը։ Նշենք, որ յիշեալ միութեան շէնքը եւ շուրջի բակը տրամադրած է քաղաքապետարանը։
Այդ փաստաթուղթին մէջ քաղաքապետը իբրեւ իր հաւանութեան դրդապատճառ՝ կը յիշէ Աթաթիւրքի բարեմասնութիւնները՝ անոր կողմէ ներկայացուցչական ժողովրդավարութեան, աշխարհականութեան հաստատումը կամ կիներուն քուէարկելու իրաւունք շնորհելը։ «Այս արժէքները համահունչ են այն արժէքներուն, զորս կը կրէ մեր երկիրը», գրած է քաղաքապետը, բոլորովին անտեսելով դատապարտելի մնացեալը։ Կարծէք այդ քանի մը բարեմասնութիւններու տէր «մեծարեալը» չըլլար Հայոց Ցեղասպանութիւնը շարունակողը, անոր ժխտման հեղինակը, նաեւ յոյն եւ քիւրտ ժողովուրդներու դահիճը։

Այս մասին CCAF-ի (Ֆրանսահայ կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի) նախազգուշացումներուն եւ որոշումը յետս կոչելու կոչերուն եւս քաղաքապետարանը պատասխանեց, որ նախաձեռնութիւնը «անհատական» բնոյթ կը ունի։
Բայց, եկէք տեսէք, որ այս «անհատական»ը այնքան ալ «անհատական» չէ։ Արդարեւ, ամիս մը առաջ Հերվէ Շըւրօ Տրապիզոն այցելեց (եւ տակաւին չենք գիտեր, որ ինչպիսի՞ պայմաններու տակ եւ ուր ան վերոնշեալ միութեան նախագահ Պիւլենտ Ճումուրի ուղեկցութեամբ հանդիպում ունեցած է տեղւոյն շարք մը բարձրաստիճան դէմքերուն, ինչպէս օրինակ՝ Տրապիզոնի կուսակալին հետ:
Լրատուութիւնը եզրափակելու համար նշենք, որ այս մէկը Ֆրանսայի տարածքին տեղադրուած Աթաթիւրքի առաջին յուշարձանն է ։
«ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ»