
2024-25 կրթական տարեշրջանի տարեկան մասնագիտական վերապատրաստման սեմինարը տեղի ունեցաւ 19 Հոկտեմբեր 2024ին, Ֆերահեան Ազգային վարժարանին մէջ:
Աւանդական դարձած սեմինարը միշտ ալ կը մնայ իր ընթացքով աւանդական, սակայն իր որակով եւ պարունակութեամբ՝ արդիական ու դարուն պահանջքներուն եւ կարելիութիւններուն համապատասխանող:
60ամեայ Ֆերահեան Ազգային վարժարանը շաբաթ առաւօտեան կը խայտար շուրջ 500 դաստիարակներու, ուսուցիչներու, տնօրէններու, վարչական պատասխանատուներու եւ հայ վարժարանին համար աշխատող անխոնջ նուիրեալներու ներկայութեամբ:
Բացումը կատարուեցաւ առաւօտեան ժամը 9ին: Օրուան հանդիսավարը Խնամակալ մարմինի Հայկական ծրագիրներու վարիչ-տնօրէն Թամար Թիւֆէնկճեանն էր: Ան բարի գալուստի կարճ իր խօսքէն ետք բեմ հրաւիրեց Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանը՝ աղօթքով եւ հայրական պատգամով օրուան պաշտօնական բացումը կատարելու:
Առաջնորդ սրբազանը նախ իր գոհունակութիւնը եւ հիացումը յայտնեց այս իւրայատուկ երեւոյթին համար, երբ մէկտեղուած են հայկական վարժարաններու ժրաջան նուիրեալները: Առաջնորդը դիտել տուաւ, որ այս հանդիպումը շատ ոգեւորող եւ եզակի երեւոյթ է ամբողջ Սփիւռքի տարածքին եւ նաեւ յստակ ցուցանիշ է մեր գաղութային կեանքին կենսունակութեան: Ան նաեւ աւելցուց, թէ մասնագիտական այս սեմինարին կազմակերպումը ցուցանիշ մըն է այն հաստատ իրողութեան, որ կրթական եւ դպրոցական համակարգը գաղութի աշխատանքներուն մէջ արդարօրէն ստացած է առիւծի բաժինը: Առաջնորդ սրբազանը յիշեց, թէ գաղութը բարերար ածականով որակած էր իր անդրանիկ քարոզին ընթացքին եւ հիմա, ի տես այս երեւոյթին՝ կը հաստատէ, թէ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմը դպրոցաշէն եւ դպրոցասէր թեմ մըն է Սփիւռքի իրականութեան մէջ: Հետեւաբար, ան եզրափակեց իր խօսքը՝ հաստատելով, որ վաղուան առողջ ազգային դաստիարակութեամբ ամրացած հունձքին համար պատասխանատու են այսօրուան դաստիարակները, որոնք ամէնօրեայ կերպով կը դաստիարակեն նոր սերունդը եւ անոր կը փոխանցեն բոլոր ազգային արժէքները:
Ապա բեմ բարձրացաւ Խնամակալ մարմինի երկար տարիներու ժրաջան անդամ դոկտ. Յասմիկ Պարան՝ ներկաներուն մարմինին պատգամը փոխանցելու համար: Ան, շնորհակալութիւն յայտնելով՝ ողջունեց բոլոր ներկաները, որոնք եկած էին իրենց գիտելիքները եւ փորձառութիւնները զարգացնելու, որպէսզի կարենան իրենց յանձնուած նոր սերունդի մատղաշ միտքերը եւ հոգիները բոցավառել: Ան մաղթեց, որ այս իւրայատուկ օրը ներշնչող ազդեցութիւն ունենայ անոնց մասնագիտական կենաքին մէջ, որպէսզի կարենան իրենց ուղին շարունակել միասնական եւ հաւաքական ճիգերու լարումով: Դոկտ. Պարան անդրադարձաւ բազմազան դժուարութիւններուն եւ մարտահրաւէրներուն, զորս կը դիմագրաւեն ուսուցիչները իրենց ամէնօրեայ աշխատանքին մէջ եւ այդ բոլորին հետ անոնք անսասան եւ կայուն կը պահեն գոյատեւելու իրենց կամքը եւ ուժը՝ յանուն ապագայ սերունդին:
Դոկտ. Պարան շնորհաւորեց նաեւ տնօրէնները եւ վարիչները՝ ղեկավարի իրենց մասնագիտական յատկութիւններուն համար, որոնց շնորհիւ մեր կրթական կառոյցները յարատեւ վերելք կ՛արձանագրեն թէ՛ կրթական եւ թէ թուական առումներով: Ան եզրափակեց իր պատգամը՝ շեշտելով, թէ Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարﬕնը կը հաւատայ, որ այսօրուան հայ սերունդը կարիքը ունի ուսման եւ դաստիարակութեան պարգեւած անժամանցելի գանձերուն, որոնք երբեք չեն կորսուիր եւ ոչ ալ կը պղծուին:
Ապա բեմ բարձրացաւ Խնամակալ մարմինի ատենապետ Սարգիս Ուրֆալեան՝ ներկայացնելու համար օրուան բանախօսը՝ Սէմ Սիմոնեանը: Ուրֆալեան շնորհաւորեց բոլոր կրթական մշակները՝ իրենց տարած հսկայական աշխատանքին եւ ծառայութեան համար: Ան յայտնեց, թէ ամէն տարի, Խնամակալ մարմինը խանդավառութեամբ կը կազմակերպէ մասնագիտական այս սեմինարը, հաւատալով անոր բարեբեր ազդեցութեան: Նաեւ, կազմը մեծ բծախնդրութեամբ կ՛ընտրէ օրուան բանախօսը եւ դասախօսները, որպէսզի կարելի եղած չափով մեր դաստիարակները օգտուին եւ ներշնչուին ուսման ու դաստիարակութեան նորարութիւններէն եւ անոնց պարգեւած բարիքներէն, որպէսզի զանոնք դասարաններուն մէջ գործադրեն:
Ուրֆալեան յայտնեց, թէ այս բոլորը նկատի ունենալով, այս տարուան օրուան բանախօսը ընտրած են Սիմոնեանը՝ տարիներով իր կատարած նորարարական գործերուն եւ Հայաստանի ու հայ պատանիին հանդէպ իր ցուցաբերած հաւատքին եւ աշխատանքին համար: Ան համապարփակ կերպով ներկայացուց օրուան բանախօսը իր կենսագրական գիծերով՝ շեշտելով անոր խոր համոզումը ուսման եւ կրթութեան ճամբով նոր սերունդները դաստիարակելու եւ հայրենիքի ճակատագիրը բարելաւելու իմաստով: Ուրֆալեան յիշեց, թէ 20 Հոկտեմբեր 2024ին, Սէմ Միմոնեան պիտի գնահատուի եւ պատուըւի Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին կազմակերպած Կալա հանդիսութեան ընթացքին (արդէն իրագործուած – Խմբ.):
Սիմոնեանի բանախօսութիւնը հաղորդական եւ շահեկան էր: Ան իր սեփական օրինակներով եւ իր ընտանեկան դաստիարկութիւնը ուրուագծելով` յայտնեց, թէ որքան կարեւոր եղած է իրեն համար ուսումը եւ դաստիարակութիւնը եւ հետեւաբար կեանքի արժէքները իմաստաւորուած են այդ միջոցով: Իսկ ԹՈՒՄՕ Ստեղծարար կեդրոնին մասին ներկայացնելու պահուն, ան ըսաւ, թէ առաջին անգամ, երբ Հայաստան այցելած էր 1999ին, երկիրին ընդհանուր վիճակը եւ ընկերութեան ենթակառոյցը սերտելով՝ ինք եւ իր կինը հաւատացած էին, թէ պէտք է երկիրին վիճակը փոխել եւ անոր գրաւականը նոր սերունդին ճիշդ դաստիարակութիւն եւ կրթութիւնն է, որ դպրոցական տարիքէն կը սկսի ամուր եւ կայուն հիմքերով եւ սկզբունքներով:
Սիմոնեան խօսեցաւ նաեւ արհեստական բանականութեան մասին եւ եզրափակեց իր խօսքը՝ հետեւեալ պատգամով.«Արհեստական բանականութիւնը օրուան հրամայականն է եւ անհրաժեշտ է զայն որդեգրել ուսման համակարգին մէջ, ապագայ սերունդ դաստիարակելու գործին համար»:
Բանախօսութենէն ետք, Թամար Թիւֆէնկճեան բեմ հրաւիրեց առաջնորդ սրբազանը, Սարգիս Ուրֆալեանը եւ դոկտ. Յասմիկ Պարանը, «Ուս Հարթակ» ծրագիրի վկայականներու տուչութիւնը կատարելու համար: Յիշեցնենք, որ «Ուս Հարթակ»ը «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան եւ Խնամակալ մարմինին գործակցութեամբ հաստատուած հայերէն առարկաներ դասաւանդող ուսուցիչներու համար յատուկ առցանց մասնագիտական նորարարական ծրագիր մըն է, որուն երեք տարիներէ ի վեր հայերէնաւանդ ուսուցիչներ կը մասնակցին երկշաբաթեայ դրութեամբ՝ կրթական ամբողջ տարեշրջանին տեւողութեան: Ազգային վարժարաններէն մեծ թիւով ուսուցիչներ կը մասնակցին այս դասընթացքին եւ այս տարի արդէն 11 հայ ուսուցիչներ երեք տարուան յարատեւ ներկայութեամբ եւ մասնակցութեամբ դարձան ընթացաւարտ ու արժանացան վկայականի:
«Ուս Հարթակ»ին ճամբով վկայուած ուսուցիչներն են.
Սեւան Քէքէճեան, Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային վարժարան
Ալինէ Գաւաֆեան, Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային վարժարան
Սօսի Մարկոսեան, Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային վարժարան
Էրմիոնի Յակոբեան, Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային վարժարան
Յասմիկ Տէմիրճեան, Շամլեան Ազգային վարժարան
Սոնիկ Աւետիսեան, Ազգային Շամլեան վարժարան
Արփի Տապաղեան, Շամլեան Ազգային վարժարան
Մակի Խաչատուրեան, Սրբոց Նահատակաց Փիլաւճեան Ազգային մանկամսուր
Մակի Եահեէեան, Սրբոց Նահատակաց Գապայեան Ազգային նախակրթարան
Շողիկ Լիպարեան, Սրբոց Նահատակաց Գապայեան Ազգային նախակրթարան
Զեփիւռ Օհաննէսեան, Մեսրոպեան Ազգային վարժարան:
Առտուան ընդհանուր բաժինի աւարտին, բոլոր մասնակցողները ուղղուեցան իրենց ընտրած աշխատանոցները: Կրթական եւ դաստիարակչական մտահոգութիւններ եւ նորութիւններ արծարծող զանազան նիւթեր ընտրուած էին՝ ներկայացուելու համար մասնագիտական աշխատանոցներուն մէջ: Ուսուցիչներուն նախապէս ուղարկուած էին օրուան ծրագիրը եւ աշխատանոցներու արձանագրուելու հնարաւորութիւնը: Անոնք ընտրած էին իրենց կարիքներուն համապատասխանող աշխատանոցները:
Այս տարուան մասնագիտական սեմինարը կը տրամադրէր 18 մասնագիտական աշխատանոցներ, ինչպէս՝ արհեստական բանականութիւն դասարաններուն մէջ, թուաբանութեան ուսուցում, աշակերտական կրթական, ընկերային եւ հոգեբանական հարցեր, թմրանիւթերու եւ ծխախոտի գործածութիւնը դեռահասներու մօտ, ուսուցիչներու հոգեբանական ապահովութիւն, մանկամսուրի եւ մանկապարտէզի մէջ հայերէն դասաւանդութիւն, սոկրատեան սեմինարի մեթոտի կիրարկում, աշխատանոցի միջոցաւ լեզուի իւրացման մեթոտի ներկայացում, քրիստոնէական դաստիարակութիւն եւ նկարագիրի կերտում, առցանց ապահովութիւն եւ կայքերու ճիշդ գործածութիւն, լեզուական արտայայտութեան դժուարութիւններու ախտաճանաչում եւ աշակերտական ընկերային ճնշումներ:
Յիշուած նիւթերը ներկայացուեցան երկու բաժիններով եւ բոլոր աշխատանոցներ լեցուած էին դաստիարակներով:
Աւարտին մասնակցողները առցանց յղումի մը միջոցաւ իրենց գնահատականները ներկայացուցին բոլոր աշխատանոցներու դասախօսներուն, բանախօսութեան եւ ընդհանուր օրուան կազմակերպական ընթացքին մասին:
Տարի մը եւս Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը իր բազմածաւալ գործունէութեան մէկ մասնիկը կրցաւ տրամադրել բոլոր հայ վարժարաններու դաստիարակներուն յանուն Սփիւռքի յենարան՝ հայ վարժարանին ծաղկումին: