
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէին յառաջացուցած «Մենք ենք Գիւմրին» յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ յստակացած են 2024-2025ի կրթական տարեշրջանին համար Մինա Շիրվանեանի անուան կրթանպաստները ստացող համալսարանական ուսանողներու անունները, որոնց թիւը այս տարի բարձրացած է 22ի:
Հայաստանի Շիրակ մարզէն ուսանողներու յատուկ այս կրթանպաստներու հիմնադրամը հաստատուած էր հանգուցեալ Յակոբ եւ Մինա Շիրվանեաններուն կողմէ, իսկ Շիրվանեան ընտանիքին եւ տէր եւ տիկին Վահիկ եւ Ալիս Պետրոսեանները աւելի ուշ բերին իրենց լուման, որուն միջոցով հիմնադրամը հարստացաւ շնորհիւ տէր եւ տիկին Ճեք եւ Զարիկ Եուրէճեաններուն, տէր եւ տիկին Նիքոլ Ու Զապէլ Աբրահամեաններուն եւ շարք մը այլ հովանաւորներու առատաձեռն զօրակցութեան։
Նշենք, որ կրթանպաստ ստացող ուսանողները սովորաբար կամաւոր ծառայութիւններ կը մատուցեն Գիւմրիի մէջ հաստատուած «Շիրվանեան» Երիտասարդական կեդրոնին, որ մշակութային եւ դաստիարակչական ծառայութիւններ կը տրամադրէ քաղաքին եւ Շիրակ մարզի երիտասարդներուն ու նոյնպէս կը տնօրինուի «Մենք ենք Գիւմրին» յանձնախումբին կողմէ:
Այս տարուան կրթանպաստները ստացողներն են՝ Ելենա Յովհաննէսեան, Աշոտ Գէորգեան, Ալվարդ Ղոչոյեան, Յովհաննէս Յովհաննէսեան, Շողակաթ Յովսէփեան, Արման Գէորգեան, Վլատիմիր Վարդանեան, Լարիսա Շահպազեան, Աննա Մանասեան, Նինա Մարկոսեան, Լեւոն Մանուկեան, Իզապէլ Իգիդեան, Ռոպերթ Յովհաննէսեան, Լիանա Ղազարեան, Յասմիկ Սուգիասեան, Ռոզա Հերապեան, Նինա Խաչատրեան, Էմիլի Կիրակոսեան, Հայկանուշ Գալստեան, Սիոմա Ալեքեան, Էմմա Մուրատեան եւ Երանուհի Այվազեան։
Կրթանպաստները ստացողներուն հակիրճ կենսագրական տեղեկութիւններուն եւ անոնց լուսանկարներուն համար այցելել կայքէջը։