
ՖՐԵԶՆՈՅԻ ՀԱՅ ԳԱՂՈՒԹԸ ՆՈՐ ՎԱՐԺԱՐԱՆ ԿԸ ԿԱՌՈՒՑԷ
ՎԱՐԴԻ ԴԱՆԻԷԼԵԱՆ
Փըրփու՜ր, Փըրփու՜ր…
Այս կանչն* է ահա, որ այգեկութքի աւարտին հետ, դարձած է «փրփուր»ի պատրաստութեան նախերգանք: Այս կանչը, դարերէ ի վեր իր խորհուրդն ու իւրայատուկ իմաստը կը պահէ մանաւանդ՝ քեսապցիներու, այնճարցիներու (մուսալեռցիներու) բառամթերքին մէջ: Գիւղն է, որ այդ կանչով կը համախմբէ գիւղացիութիւնը Մասարային* շուրջ, ուր գիւղացին կը սկսի թօթափել քրտնաթոր աշխատանքին լուծը եւ լիցքաւորուած՝ բարգաւաճող ապագայի մը տեսլականով, իր բաժինը կը բերէ այդ հաւաքական «փըրփուր» կամ Մուսա լերան բարբառով՝ «փըրփօր» պատրաստելու, արդէն ծէս դարձած աշխատանքին:
Այդ քանի մը օրերուն, հայ գիւղացին կ’ապրի ու կը շնչէ այգեկութքի կշռոյթով, իր նախահայրերու թելադրանքով՝ «փրփուրով»ով օրհնելու բերանները: Հիմա արդէն ինք՝ գիւղացին, չկայ, կա՛յ միայն փրփուրի պատրաստութեամբ համեմուած համայնական, հաւաքական կեանքը, ուր առասպելն ու հեքիաթը, սուտն ու իրաւը, ծիծաղով եւ խինդ ու խաղով գիշերը կը լուսցնեն կրակոցին շուրջը, եւ կ’ամրացնեն բարեկամութեան թէ դրացնութեան կապերը: Հո՛ս, հանգրուանային այս մթնոլորտին մէջ, անոնք կը համակուին սրտի ու խղճի խաղաղութեամբ, ժպիտով ու ներողամտութեամբ:


Ոչ շատ հեռու ճարճատող կրակէն, խոշոր ամաններու մէջ ոտքերով կը ճմռեն ոսկեհատ խաղողը եւ ոտքերու ճողփիւնի անկշռոյթ երգին ու ծիծաղին կը միանան արկածախնդրութիւններէ բխած հեքիաթ ու բան, առած ու խօսք ու խոստում, չիբուխի ծուխ ու ծալլուող ծխախոտի տերեւ, ե՜տքը միայն, հիմա դեռ կանուխ է, անոնց կը միանան տաւուլն ու զուռնան: Ծալապատիկ նստածներէն մի քանին՝ տարիներու փորձառութիւնը շալկած՝ այդպէս, բնազդաբար ոտքի կայնած՝ կ՛օրօրուին, կը պարե՞ն թէ բնազդային հոսքին անսալով, կամ թմբուկին թըմբթըմբոցին հետ գետինը կը թոփեն կրունկով, ոտնաթաթերով, կը սահին հողին վրայէն ետ ու առաջ, ետ ու առաջ, եւ ծայր կու տայ հանդարտ, բայց հոգեխռով պարը տարեցներուն, գիւղին մեծերուն, որոնք կողեկող երթով մը մերթ կը հիւսեն իրենց թեւերն ու արմուկները, մերթ՝ ներքին փոթորկումով մը ծունկերով կը գրոհեն դէպ առաջ, որմով կը յատկանշուին մեր կոխ պարերը: Սա՝ տեսնելու բան է: Ապրելու վայելքն է՝ ըլլալո՛ւ, հայուն «շնորհ արուած» կեանքին՝ հազար ու մի թոհուբոհէ ետք, երիտասարդացած շնչառութեամբ կեանք առած գիւղին վճռական ճիչով «մենք չմեռանք, մենք միշտ կանք»-ի պարն է:
Ամէն մէկ անկիւն յատկացուած է արարողութեան մը: Ահա լուացուած, ոսկեհատ, պսպղուն խաղողներու, ճմռուած, քամուած ու զտուած արեւահամ խաղողաջուրը կը լեցնեն մեծ պղինձէ մասարային մէջ, որ խոշոր կոնքով կաթսայ մըն է, որուն մէջ, թեթեւ, մարմանդ կրակի վրայ կը սկսի եփիլ հեղուկը: Հետզհետէ, անոր եռալու կշռոյթով կը բռնկի նաեւ թմբուկներու խլացնող փամփ-փամփը, որուն կը միանայ զուռնան:
Ներկաներու ուրախ կանչերն ու «հէ՜յ-հէ՜յ, փրփո՜ւր»-ը երգ դարձած՝ կը մաքրեն, կը զտեն օտարոտի ինչ որ բաներ, եւ տօնախմբութիւնը կը զգենու իրա՛ւ հայկական մթնոլորտ, նոյնիսկ՝ բառ մ’իսկ հայերէն չխօսող, չգիտցող բայց հայու սրտերով բաբախող հայրենակիցներու համար:
Ասդին՝ հայկական տարազներով փրփուր հոսեցնել փափաքողներու շարանը կ’երկարի: Լականին մէջ եռացող խաղողաջուրը անդադար խառնել է պէտք, իսկ փորձառուները, սոթտած թեւերով ու քրտնած ճակատները լաթերով կապած, ահա եռացող հեղուկին թանձրութիւնը կը ստուգեն: Թաւ ձայնով, պեխով մօրուքով փրփուր ստուգողին հեղինակաւոր «Դեռ պատրաստ չէ»-ն կը հասնի մինչեւ կարճ ցանկապատին թառած տղոց, որոնք վերէն կը հետեւին հեղուկին մակերեսը ծակծկող պղպջակներու փլըմփ-փըլըթըմփի, փլըմփ-փըլըթըմփի ցատկռտող ձայնին:
«Դեռ ատեն կ’ուզէ, գոնէ ժամ մը»- դգալին խաղողաջուրով ծեփուած կռնակը ստուգելէ ետք կ’ըսէ ուրիշ փորձառու մը: «Մատդ որ քսես՝ պէտք է դգալին մետաղը երեւնայ»:
Անդիէն՝ ծայր կ’առնեն մեր ժողովրդական տաւուլն ու զուռնան, երբ կը յայտարարուի թէ փրփուրը պատրաստ է: Հիմա հարթակը երէցներունն է, որոնց պարը կ՛օրօրէ գիւղին յուշերը, ու մշուշուած աչքերու մէջ կը պարեն մեր նախահայրերը: Կը պարեն լաչակաւոր հարսերը իրենց հագած «կարմիր ֆստան»ներով, «հէլէ հէլէ նիննոյէ»ներն ու կը պատրաստուին հարսանիքի…: Այս բոլորին այնքան վարժ տարեցներու սեղանը կ’այցելեն «օղորմի Աստուած»ները վերերէն լսած բացակաները:
Համայնական այս արարողութիւնը, որ կարելի է դասել թերեւս աւանդական ծէսերու շարքին, ունի իր կարգն ու արարման կանոնները: Գործածուած սարքերը կը կոչուին իրենց իւրայատուկ անունով, որ գաւառաբարբառային բառամթերք մըն է ամբողջ, լեզու մը՝ որ, արեւմտահայերէնի կողքին՝ է նաեւ քեսապցիներու, մուսալեռցիներու եւ շրջակայ գիւղերու խօսակցական լեզուն, գրեթէ անըմբռնելի՝ անոնց անծանօթին: Դարեր տեսած ու ապրած լեզուի, աւանդութիւններու, ձայներու, խորախորհուրդ կենցաղի այս կտորուանքներն իսկ արդէն բաւական եղած են կոփելու անոնց ազգային պատկանելութեան զգացումն ու իրենց երդիքները ամուր պահող սերունդներուն գոյատեւելու կամքն ու ներոյժը:


Ֆրեզնոյի հայ գաղութին պատմութիւնը Հիւսիսային Ամերիկայի այլ գաղութներու պատկերը կը ներկայացնէ, փոքր տարբերութիւններով:
Այդ մասին թերեւս նորութիւններ չկան, սակայն աւանդութիւններու պահպանումով, դպրոցով ու եկեղեցիով գաղութը կը գոյատեւէ:
Ինչպիսի՞ն էր կեանքը հոս հաստատուող առաջին սերունդին համար: Ինչպէ՞ս դիմացան առանց տիրացած ըլլալու տեղի լեզուին՝ Անգլերէնին:
Ցեղասպանութենէն ճողոպրած նախահայրերու ամրակուռ կամքն ու դիմացկունութիւնը ժառանգած այս մնացորդացը այսօր կ’ապրի թելադրանքովը անոնց՝, որոնք այն ատենները, 1880-1920ականներուն, մանաւանդ՝ Մուսա Լեռէն ու Հայկական Կիլիկիոյ վերջին գիւղաքաղաքէն՝ Քեսապ կոչուող «էրկիր»էն, «էնտեղ»ի հողի չնաշխարհիկ բոյրն ու «զուլալ» ջուրին համը բերաննին, եկեր հասեր էին այս ափերը, մինչեւ Ֆրեզնոյի մի քանի անշուք թաղերու տնակները:
Եկան ու տեսան: Աւելի՛ն ալ ըրին: Ամէն ցաւի դէմ՝ իրարմով մխիթարուեցան, տեղացիներու մերժումին ու ատելութեան դիմանալով՝ ապրեցան: Բայց ահա, այդ օտարացման, այդ ցիրուցանութեան ճարը գտան, պէտք էր որ գտնէին, անհարազատ Ֆրեզնոն ընտելացնելով: Տնակներէն ներս թէ դուրս, անոնք սորվեցան հաւաքական լռութեամբ տանիլ գիտնալ շուրջիններուն օտարոտի եւ թշնամալից վերաբերմունքը, եւ առաքինութեամբ ու ստեղծագործ բանիմացութեամբ բռնցքաւորուելով՝ այսօր կը վարեն բարգաւաճ կեանք մը:


Նոյն մտասեւեռումով ծաղկեցուցին նաեւ իրենք զիրենք: Իրենց ապրած կեանքը յոյսով ու լոյսով բեղմնաւորելու համար, իրենց շատ բան չէր պակսեր. բերեր էին իրենց հետ ա՛յն ամէնը՝ ինչ հարազատ էր իրենց. լեզու, հաւատք եւ ընտանիքի հանդէպ անվերապահ սէր, մանաւանդ՝ տառապալից կեանքին տոկալու յամառութիւն: Հողի հանդէպ՝ հերկուած վար ու ցանքի բոյրով գինովնալը՝ վայլելու համար անկէ դէպի իրեն հոսող սէրն ու գուրգուրանքը:
Իսկ ուրիշ ինչե՞ր բերեր էին հետերնին Ֆրեզնօ հասնողները՝ իրենց գիւղերէն ու բերրի այգիներէն: Երամ-երամ, հոս տուն ու տեղ, հայ ընտանիք հիւսելու եկած հայորդիները իրենց ծոցերուն մէջ պահեր բերեր էին նախ՝ իրենց կեանք պարգեւողները. գինեբեր որթի տնկիներ, նուռի, թութի, Արտամետի խնձորի, սալորենիի, տանձենիի հունտեր եւ դաշտ ու այգի ճանչցած գիւղացիի հմտութիւն եւ պատառիկ մը մշակելի հողի տիրանալու երազանք: Սերունդէ սերունդ փոխանցուած անգիր աւանդութիւններ ու օրհնանքներ, պատմութիւններ, անթիւ, անհամար հեքիաթային կեանքերէ պատումներ:
Այս սերունդը, սակայն, փոփոխուող ժամանակներու, անվերադարձ օրերու աղջամուղջին հետ, ապրեցաւ նաեւ դալկացող արեւմարեր: Հետզհետէ, միջավայրին օտարացնող մթնոլորտի մէջ մաշեցան յիշողութեան կարգ անցնող աւանդոյթները, որոնցմով ապրեր էին իրենց մամ ու պապերը, տոհմը աննկուն պահողները, որոնցմէ ժառանգած հոգեւոր հարստութիւնը պիտի պահէր ու պահպանէր զիրենք:
Առաջին այս սերունդի գաղթականները հեռացեր էին իրենց «էրկիր»-էն, առանց մոռնալ կարենալու հոն՝ հեռուն մնացած գերեզմաններն ու յիշատակները, որոնք ժամանակի հալոցին տակ, հոս, անժամանակ հեռացան: Հանապազօրեայ հացի պէս պարտք կը զգային վերապրեցնել թէկուզեւ յիշելով, իրենց այգիներուն ու դաշտերուն ծիծղուն եղանակները որ հովանար իրենց հոգին: Եւ ահա, ձմռան ցուրտ օր մը, թոնիրին շուրջ պատմուող հեքիաթներէն եւ մարած ճրագներու մթութենէն ետք, դժխեմ օր մը, պարտաւորուեր էին լքել ամէն բան: Իրենց հոգիներուն մէջ բեռցուցեր էին աշխարհ մը բոյր ու խնկացող առաւօտ, նոյնիսկ՝ թոնիրի մոծիրին մէջ անթեղուած ու դեռ մխացող, խարկուող գետնախնձորներու բոյրերը պահեր իրենց ռունգերուն մէջ՝ ու հեռացեր:
Չէ, չէին մոռցած, ինչպէ՞ս մոռնային արմատով միասին քաղել բերելու իրենց ողնասիւնը դարձած բնիկ լեզուն՝ քեսապերէնը, որուն հանապազօրեայ հացի եւ սրբազան հաղորդութեան պէս պէտք ունէին: Ատեն մը, բաւական ատեն, ատով ապրեցան: Չափահաս սերունդը դիմացուցեր էր զայն մինչեւ գերեզմաններու դռները, սակայն յաջորդող սերունդները, ապրելու, շրջապատին հետ մերուելու դժխեմ հրամայականին առջեւ տեղի տուեր էին, չէին դիմացեր: Իսկ քսաներորդ դարու վերջերը ապրող սերունդները մաշեցուցեր էին այդ զոյգ հարստութիւնները, քեսապերէնն ու արեւմտահայերէնը: Այսօր, Ֆրեզնոյի մէջ, քիչերու ականջները կը զնգան տոհմիկ լեզուի կշռոյթով ու երաժշտականութեամբ, շնորհիւ՝ 90-ները բոլորած մայրերու ու մեծ-ծնողներու ներկայութեան:
Ֆրեզնոն քաղաք էր այն ատեն եւ բարգաւաճ քաղաք է այսօր: Իսկ այն գիւղերն ու հիւղաւանները, որոնք դարձած էին անոնց առաջին կայքերը, որոնց մասին ինչե՜ր պատմեր էին մեծ-ծնողները, այսօր չկան:


Այդպէս է, որ ի հեճուկս թափուած ճիգերու՝ չի կրցան պահել ամէն աւանդ ու առասպել, որ «էրկիր»-ը փոխանցած էր նախնիներուն միջոցաւ, դարերու ընթացքին, որոնք բոյն էին դրած իրենց ենթագիտակցութեան մէջ, ուրկէ այսօր խարխափելով կը փորձէ վերահաստատել իր արմատները պատկանելութեան զգացումի մը միջոցաւ:
Այսօր կը գիտակցինք, թէ արդէն կէս դարէն շատ աւելի է, որ մենք կ’ապրինք տարբեր, բոլորովին այլ «մթնոլորտ»-ի մէջ, եւ ամէն օր քիչ մը աւելիով կ’օտարանանք, կը հեռանանք մենք մեզմէ:
Չեմ խօսիր հողով ու քրտնաթոր աշխատանքով, ձեռքերով ու հմտութեամբ շահուած հետզհետէ բարգաւաճող կեանքի մասին, այլ՝ այն «մթնոլորտին», որուն հարազատութեան մէջ, առաջնագոյն, հոս, Ֆրեզնոյի մէջ տուն ու տեղ եղած նախնիները ունէին: Այդ հարազատ մթնոլորտը շունչ կ՛առնէ այն ատեն միայն, երբ մենք կը ներկայացնենք իրենց արարքները, անոնց իրարու հետ վերաբերելու եղանակները, որոնք ի յայտ կու գան աւանդութիւններուն եւ մեզի հասած անգիր ժառանգութեան մէջ: Քեսապ գիւղը այդ բոլորին մասին մտածել տուող աղբիւր է, ինչպէ՞ս կ՛ապրէինին պատասխանը տուողը:
Կը զգաս բացակայութիւնը բանի մը, որ հինէն կու գայ, մէջդ բան մը կը խլրտացնէ, անուն մը չես կրնար տալ անոր: Ի՞նչ ունէին անոնք, մեր նախնիները, որ այսօր կը պակսի մեզի: Կը չափես ու կը ձեւես, բաներ մը գտնելու, տեսնելու միտումով ու հարցումդ կը մնայ կախուած՝ քեզի համար անվերծանելի բանէ մը:
Անոնց ունեցածը, կը տարուիմ մտածելու, գիրէ գրականութենէ անկախ՝, հակազդեցութիւնները զգալու, ըմբռնելու կարողութիւնն էր, չարիքն ու բարիքը իւրայատուկ ձեւով մեկնաբանելու, ցաւ ու արցունք ամոքելու, ինքնաբուխ երգ ու պարով, տաւուլ-զուռնայով զրկանք թէ ուրախութիւն արտայայտելու կենցաղագիտութիւնն էր: Աւելի՛ն, ունէին իրարու հետ վերաբերելու եղանակներ, որոնք ի յայտ կու գային անգիր օրէնքներով ընդունուած, անոնցմով կոփուած շարժուձեւերուն մէջ, մեզի անգիր փոխանցուածներուն մէջ:
Հո՛ս է տարբերը: Այդ մթնոլորտը ա՛յդ մարդոց ստեղծածն է, որ իրենց հարազատ ապրումներուն մէկ մասն է: Այդ մթնոլորտն է, որ ա՛լ չկայ, ատոր բացակայութիւնն է, որ կը զգանք ու կ’ապրինք ամէն անգամ, որ աւանդութեան մը շունչ ու մարմին կու տանք, կը փորձենք զայն ապրիլ, հարազատօրէն, ատով իսկ կը ջանանք զայն հեռու պահել փոխակերպուելէ, սայթաքումէ, ուղղել անոր ուղին երբ պէտք է, եւ թոյլ չտալ, որ ամէն օր քիչ մը աւելի դէպի առասպել սահի ան, որովհետեւ պէտք է զայն ամէն գնով պահել, որովհետեւ աւանդութիւնը գանձ է:
Այսօր, իրականութիւն է դժբախտաբար, աւանդութիւններէն մեզի հասածը մանտրունք է, խճանկարային համոյթ, որմէ մեր ականջները շոյող շշուկներն ու կանչերը մեր երեւակայութեան մէջ կ’արթնցնեն իսկական գիւղի « նմանակ» մը միայն, որովհետեւ զուրկ են հողէն ու անով սնած գիւղացիներէն:


Ահաւասիկ «Փրփուր»ը, որպէս աւանդութեան սուրբ մատեաններէն փրցուած թերթիկ, կ’ողջունէ մեզ ամէն տարի իր եռօրեայ մթնոլորտով:
Ահա այսպիսի տեսլականով, շունչ ու մարմին առած հոգեհարազատ մթնոլորտ էր ստեղծուածը Սեպտեմբեր 27ին, «փրփուր»ի աւանդական տօնահանդէսին առթիւ, որ տեղի կ’ունենար արդէն 45 տարիներէ ի վեր, Ֆրեզնոյի հայկական այգեկութքի աւարտին: Րաֆֆի եւ Հիլտա Սանթիկեաններու տան հողատարածքին ընդարձակ դաշտագետինը, ինչպէս ամէն տարի, այսօր ալ վերածուած էր հայ համայնքը ի մի բերող, հիւրընկալող մեղուափեթակի:
«Փրփուր»ի կանչով* եկեր էին բոլորը, մեծով ու պզտիկով, պատանի թէ երիտասարդ, ձեռք մը տալու, օգնելու, կարիքի մը պատասխանելու, հրամայականին, որովհետեւ գիտէին, որ «Փրփուր»-ի պատրաստութիւնը հաւաքական աշխատանք կ’ենթադրէ:
– «Նուիրումի տեսակ մը կայ, որ վարակիչ է»,- կը յուշէ տանուտէր Րաֆֆի Սանթիկեանը, երբ կը նշեմ, որ իսկապէս բոլորը այս ինչ աշխուժով կ’աշխատին:
– «Ինձմէ գործ, ընելիք բան կը մուրան սա մեր զարգացած, համալսարանական տղաները, եւ աղջիկները, եւ կը նեղանան, երբ իրենց վստահուածը ուրիշ մը կատարէ»- լայնկեկ ժպիտով մը կ’աւելցնէ Րաֆֆին: Ի՞րը՝ այս բոլորին կառավարումն է, ամեն հարցի պատասխան մը տալու պատասխանատուութիւնն է, իսկ կազմակերպչակա՞նը, իր դստեր՝ Հուրիկ Քալամքարեանինն է: Շաբաթներ ամբողջ տրամադրուած, ի մի բերուած, ձեռագործուած կատարելութիւն է: Անպաճոյճ, բայց գովելի ծրագրումով 500 հոգիի համար դաշտահանդէսի վերածուած տօնախմբութիւն:
– «Ամբողջ փրփուրի արարողութիւնը երկար պիտի տեւէ, քանի մը ժամուան գործ չէ» կը բացատրէ քովէս հուժկու մէկը, թեւերուն վրայ ՝ փայտի հաստաբուն կոճղերով:
«Փրփուր»ով հասունցող համերաշխութեան, բարիքի եւ մանաւանդ անհաշիւ տալու, եւ ստացուածը իր սրբազան նպատակին ծառայեցնելու, անոր տրուելու տօնն է այսօր»- քրտնած ու յոգնած, բայց դեռ չի սպառած Րաֆֆիէն կ’որսամ սա քանի մը բառերը, զորս հաւատոյ հանգանակի մը տպաւորութիւնը կը թողուն վրաս:
* * *
«Փրփուր»ը, իսկապէս, որ նուիրումներու, տալով հարստանալու տօն էր այսօր: Տօնահանդէսը կազմակերպուած էր յիսնամեայ (հիմնուած՝ 1977ին) Հայ Համայնքային վարժարանին խնամակալութեան կողմէ, որ կը կրէ բարերար Չարլի Քէեանի անունը: Ներկայ էին բոլոր անոնք, որոնք ճանչցեր էին դպրոցն ու երախտագիտութեան զգացումով լեցուած՝ եկած էին մաս կազմելու տօնախմբութեան պատրաստութիւններուն: Հոն էին դպրոցին հիներն ու նորերը, վարչական թէ խնամակալ մարմին, ծնողներ թէ ուսուցիչներ, աշակերտներ, նախկին շրջանաւարտներ, որոնցմէ շատեր արդէն ծնողք դարձած՝ ներկայ էին իրենց զաւակներով:
Կրթական բաժնի պատասխանատու եւ դպրոցի վարչական մարմինի ատենապետուհի՝ տոքթ. Հուրիկ Քալամքարեանի բացման խօսքը հրաւէր մըն էր ուղղուած Ֆրեզնոյի եւ անոր շրջաններու մէջ բնակող հայ համայնքին, որուն մանուկներուն համար անհրաժեշտ դարձած է նոր դպրոցի մը կառուցումը, որ բոլո՛րը, իրաւա՛մբ եւ սրտա՛նց մասնակից դառնան այս դպրոցի բարգաւաճման, որուն ճամբուն վրայ կը գտնուի արդէն ան: Նշեց, մանաւանդ, որ դպրոցի կառուցումը անհրաժեշտ է, եւ որ կ’ակնկալուի որ կատարուի անյապաղ: Իսկ դպրոցին տնօրէնուհին՝ Նայիրի Շիշմանեան, յուզումով նշելէ ետք այս տարուան «փրփուր»ին նպատակը՝, դպրոցաշինութիւնը, գոհունակ ժպիտով նշեց, որ «Մեր այս տարուան 174 աշակերտները դպրոց երթալը սիրեցին, եւ արդէն խանդավառութեամբ կը սորվին ամէն նիւթերը, եւ մանաւանդ՝ հայերէնը: «Մեր բոլոր աշակերտները մեծ յաջողութիւններ կ’արձանագրեն:»- ըսաւ ան եւ աւելցուց, «անոնք դարձած են մեր դպրոցին եւ ծնողներուն հպարտութեան աղբիւրը:»
Գեղարուեստական կոկիկ յայտագրով մը ելոյթ ունեցան աշակերտները: Հայաստանի պետական քայլերգէն ետք, երգեցին նաեւ մեր ուրախ զուարթ «Ղափամա»-ն: 5-րդ եւ 6-րդ կարգի աշակերտները, ասմունքեցին Պարոյր Սեւակի «Քիչ ենք, Բայց մեզ Հայ են ասում» բանաստեղծութիւնը, որուն յաջորդեց աշակերտուհի՝ Անի Սարգիսեանի նազ պարը:
Յուզող անակնկալ մըն էր, աշակերտական յայտագրէն անմիջապէս ետք, յանկարծ, 90ը բաւական անց ալեւոր մեծ հայրիկի մը քանի մը բառ ըսելու խնդրանքը: Հանդերձ ընտանեօք քովիս սեղանն էին, եւ կը զարմանայի, որ այսքան հայկական ու անկլօ-հայերէնին մէջ սա միայն անգլերէն խօսողները ի՞նչ կը հասկնային: Կը կաղար, եւ յենելով ձեռնափայտին՝ դանդաղօրէն յառաջացաւ, հասաւ բեմահարթակ, օգնեցին որ վեր բարձրանայ: Կատարեալ լռութիւն տիրեց, շուարած էր, ըսե՞ր ըսելիքը թէ՝… Դողացող ձայնին մէջ տեսակ մը աշխարհ տեսած մարդու լրջութիւն մը, հպարտութիւն մը կար իր բարձր բռնած գլխու աջ ու ձախ դիտող ինքնավստահ շարժումին մէջ: Աչքերը ջրոտած կը թուէին ինծի: Սկսաւ քանի մը անգամ, ձայնը չբաւեց: Կոկորդը մաքրեց, ու Կուտ Իվնինկ (բարի իրիկուն) ըսելէ ետք, շտկեց կռնակը ու ըսաւ. «Ամբողջ կեանքիս ընթացքին մէկ բան ցանկացած եմ, բայց չեմ ունեցած, որովհետեւ՝ չկար, չունէինք: Հայկական դպրոց: Մենք, իմ սերունդս, հոս ծնանք, բայց հայկական դպրոցի երես չտեսանք: Բայց այսօր, իմ թոռնիկներս ու ծոռներս հոյակապ հայերէն կը խօսին, կը գրեն ու կը կարդան, շնորհիւ՝ այս դպրոցին: Իրենք են իմ ուրախութիւնս, չեմ հասկնար ըսուածները, բայց գիտեմ որ հայերէն է:» Ձեռքը թուղթի կտոր մը ունէր, որ բացաւ, փորձեց կարդալ, չեղաւ, շատ էր այս ամէնը: Ձայնը մնաց կոկորդին մէջ: Ծափահարութիւններով փորձեց իջնել հարթակէն: Երբ օգնել փորձեցին՝ I can, thank you very much, but I can, (կրնամ, շատ շնորհակալ եմ, բայց ես կրնամ) ըսելով եւ ձեռնափայտին հենած գտաւ իր տեղը:

Կրնա՞յ ըլլալ, որ ինք առաջին կամ երկրորդ սերունդի Ֆրեզնօ հաստատուողներէ՞ն է, մտածեցի: Դիմացս գտնուող աթոռին նստած այս մարդը այնքան մեծցած էր աչքիս:
Զգացի, որ խոշոր բաներ սկսան փլիլ մէջս, – այս քանի՜ քանի՜ սերունդներու ցեղասպանութիւն է, Աստուած իմ: Այդ ո՞ր Աստուածն է, որ մինչեւ այսօր կոյր ու խուլ կը ձեւանայ այսքան նախճիրի առջեւ:
Օդին մէջ կը ծփար լաւաշի բոյրը: Անդին՝ անկիւն մը, տրամադրուած էր լաւաշ պատրաստող խումբ մը կիներու, որոնց մէջ կային պարմանուհիներ, որոնք, ինչ ճարտարութեամբ հացը կը բանային ու կը փռէին մետաղէ սալին վրայ: Մինչ այդ՝ մեծով պզտիկով բարձրաղաղակ «փրփո՜ւր» կը կանչէին: Սեղանները զարդարող ճերմակ ու կարմիր խաղողի ողկոյզներուն կողքին ծալապատիկ տեղ գրաւեց նաեւ տաք լաւաշը: Առէ՛ք, ահա իսկական գիւղի համեստ ուտեստ:
Թաւ ու բարակ ձայները միատեղ՝ «Փրփո՜ւր» կը կանչէին: Դպրոցի զանգ յիշեցնող բան մը կար այդ կանչին մէջ: Շեշտն ու հաւաքական աշխատանքով կեանք առած «փրփուր»ի այսօրուան կանչերը աւելի՛ անհրաժեշտ կարիքի մը կանչերն էին: Իւրաքանչիւրին մասնակցութիւնը այս անգամ միայն «փրփուր»-ը վայելելէն անդին անցեր էր: Կառուցուելիք հայ դպրոցին շինութեան, անոր հոգեւոր կեանքին նպաստած ըլլալու զգացումն էր ամենէն վարակիչը, երբ մանաւանդ՝ այդ հաւաքական աշխատանքը այս տարի կ’ըլլար դպրոցաշինութեան տրամադրուելիք ծախքերուն համար:
Թերթատեցի նուիրատուներու ցանկը: Բաւական պատկառելի էր: Իսկ բոլոր նուիրատուներու մաղթանքը նոյնն էր: Դպրոցը կառուցելու գործառնութիւնը շուտափոյթ կեանքի կոչելու հրամայականը: Ինչպէ՞ս չհրճուիս:
«Այսօրուան հանդէսին համար՝ ճիշդ ես, «ուխտագնացութեան պէս բան մըն է»-, ըսիր քիչ առաջ», ըսաւ ընկերուհիս՝ Սիլվին, որ սեղանները զարդարող ճերմակ ու կարմիր խաղողներուն գեղեցկութեամբ տարուեր էր:
«Մօտաւորապէս 5.2 հեկտար է արդէն կառուցուելիք դպրոցին տարածքը, եւ պահանջարկը մեծ է, մեր դպրոցը նեղ կու գայ արդէն, նոր աշակերտներ կը դիմեն, դժուարութիւն ունինք մերժելու, բայց նեղ կ’ընենք, տեղ կ’ընենք, որ հայ մանուկը հայաշունչ դպրոց յաճախէ:»- կ՛ըսէր տոքթ. Հուրիկ Քալամքարեան, որուն ներկայութիւնը շատ բան կ’ըսէր տարուած աշխատանքին ու դպրոցին հանդէպ համակ նուիրում ցուցաբերումին մասին:
Ահաւասիկ իսկական ուխտագնացութիւնը: Այս օրերուն, երբ դպրոցներ կը փակուին, Ֆրեզնոյի մէջ յիսնամեայ կեանք բոլորող այս դպրոցը կը նախաձեռնէ անհաւատալի թուացող, նորագոյն սերունդին հայեցի դաստիարակութիւն ջամբելու, արեւմտահայերէնը եւ արեւելահայերէնը խօսակցական լեզու դարձնելու համար – «ոչ թէ համար, այլ՝ մտասեւեռումով» կ՛աւելցնէ Մարալ Մարգարեան՝ դպրոցին բոլոր կարգերուն արեւմտահայերէնի ուսուցչուհին:
Նոր կառուցուելիք դպրոցին առաջին քայլերը արդէն առնուած են: Դպրոցը բոլորովին անկախ է: Որեւէ կազմակերպութեան կամ յարանուանութեան հովանաւորութիւնը չի վայելեր: Կը հետեւի պետական ծրագրին, օրական մէկ պահ հայերէն լեզուի եւ պատմութեան դասաւանդութեամբ:
Իմ, ինչպէ՞ս է ձեր մօտեցումը բոլորովին հայերէնին անծանօթ աշակերտներուն,- կը հարցնեմ արեւելահայերէնի ուսուցչուհի՝ Մարգարիտ Դումանեանին՝ «դասապահը կ՛անցնի հայեցի դաստիարակութիւն ջամբելու հազար ու մէկ հնարքով ու խաղով: Նախ կը գրաւենք, ապա՝ կամաց կամաց իրենք կը սկսին սիրել ու տիրել իրենց տրուածին»: Կը գործածեն Կլենտէյլի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ Առաջնորդարանին կողմէ պատրաստուած հայերէն գիրքերը, մանկապարտէզէն մինչեւ վեցերորդ դասարան: Երկու շատ տաղանդաւոր հայ ուսուցչուհիներ, որոնք իրենց կեանքը նուիրած են այս դպրոցին:
Պէտք էր տեսնել, տեսնել ու ապրիլ, այդ սուրբ նպատակին համար, այդ օր, բոլորին կողմէ ցուցաբերուած ոգին, հպարտութիւնն ու նուիրումը: Ներկայ ըլլալ այդ հաւաքական աշխատանքին ընկերացող կազմակերպչական կանոնաւորութեան, տարուած աշխատանքին տարողութեան ու չի մտածել, որ մենք, հայերս, հաւաքաբար, լեռներ կրնանք շարժել, ուր մնաց դպրոց կառուցել, այն ալ՝ հենուելով միմիայն հայ համայնքին ուժականութեան վրայ:
Սա յաղթանակ չէ՝ ի՞նչ է:
Ուշադրութենէս չի վրիպիր 500 հոգի ակնկալող հանդիսութեան համար տարուելիք աշխատանքը ժամացոյցի կանոնաւորութեամբ կատարող երիտասարդներու սա փաղանգը: Տիրողը՝ անգլերէնն է անշուշտ, բայց իրենց ազգային հպարտութիւնն ու նուիրումը դպրոցին՝ շատ աւելին է քան՝ անգլիախօս, կամ՝ կարծեցեալ օտարացած հայերէ ակնկալուած անտարբերութիւնը: Ամենայն պատասխանատուութեամբ, մէկ գործը աւարտելէն ետք, յաջորդը կը խնդրէին: Իրենցը՝ հաղորդուիլն էր հայութեամբ, հոգիով սիրտով, խորապէս հայ էին: Իրենց համար, հոս ամէն բան ունէր խորք ու իմաստ, հեռու՝ ամէն ձեւականութենէ եւ մակերեսայնութենէ:
անի մը քայլ անդին՝ տեսնելու բան էր խորունկ փոսէն 24 ժամ հողածածկ կրակով ծածկուած, շատ խոշոր կաթսայի նմանող մետաղեայ ամանի մը շղթաներով դուրս բերուիլը: Ամանին կափարիչին բացուելուն՝ դուրս կը ժայթքէ շոգին եւ անոր հետ՝ ինչ ինչ համեմներով եփած ու բերնիդ մէջ հալուող հորթուկի միսին բոյրը: ները խոշոր կտորները կը շարեն լայնկեկ սկուտեղներու մէջ: Համայնական ընթրիքն է, որուն անհամբեր կը սպասեն բոլորը: Մանուկները հրաշք մը դիտողի աչքերով կը հետեւին արարողութեան: Ո՞ր մէկը դիտեն: Քիչ մը անդիէն զիրենք կը հմայէր փրփուրին փրփուր դառնալը, կրակոցին մէջ նետուած խոշոր փայտի կտորներու ճարճատիւնը: Րաֆֆի Սանթիկեան եղաւ առաջիններէն, որոնք գռնապը (դդումի տեսակ մը, որ չորնալէն ետք կը գործածեն իբրեւ շերեփ) կը լեցնեն եռացող խաղողաջուրով եւ բարձրէն, շատ վերէն կը հոսեցնեն մասարային մէջ, որպէսզի փրփուրը գոյանայ:
Խճողած ենք մասարան: Եռացող խաղողաջուրին պղպջակներէն պիտի կազմուի փրփուրը, կը մտածեմ: Յափշտակութեամբ կը դիտեմ: Արարողութիւնը նորութիւն էր նաեւ ինծի համար: Գռնապը կ՛անցնի ձեռքէ ձեռք: Եռացող խաղողաջուրը կը սկսի թանձրանալ: Կին մը կը զգուշացնէ փոքրերը. «չմօտենաք, կ’այրէ»,- կ’ըսէ: Կ’անցնի քովէս, բարձրաձայն կը խօսի, կը տեսնէ Րաֆֆի Սանթիկեանին գռնապը մէկէ մը առնելը. «Այդ մարդը՝ յոգնիլ չի գիտեր մանաւանդ՝ երբ ազգին ու ազգայնականին համար է տարուելիք աշխատանքը»: կ’ըսէ, ու կարծես կը ցաւի, որ խօսք չի լսեր. «Տօ, ատիկա երիտասարդներու գործ է»: Երիտասարդ բազուկներէ կախուող փրփուրին կը միանան տաւուլն ու զուռնան, երգ ու պարը:
Հետզհետէ դաշտի սեղանները գրաւեր են աւելի քան 450 հոգի, որոնց մեծամասնութիւնը՝ երիտասարդ է: Երիտասարդ ծնողներ, մեծ ծնողներ եւ անոնց շուրջը թռվռկող թոռներ ու ծոռներ: Մեծ ուրախութիւն էր տեսնել, որ երիտասարդներու թիւը կը գերազանցէր միջին տարիք համարուողներունը:
Ուրեմն ա՞ս էր Փրփուր ըսուածը: Մանկութեանս, 6 կամ 7 տարեկան մրջնիկ էի, երբ Քեսապ գացած եմ բանակումի Հալէպի Օգնութեան Խաչի արծուիկներով: Հետաքրքրականը ինծի համար իրական գիւղ մը տեսնելն էր, տափակ տանիքներով, ցեխապատ պատերով, նեղլիկ պատուհաններով գիւղ, Թումանեանի Գիքորենց տան պէս, որուն պատմութիւնը մեծ քոյրս բարձրաձայն կարդացեր էր մեզի եւ ամէն անգամ ալ՝ դիտելով այդ գծանկարուած պատկերը, լացեր էի: Տեսնելիք նորութիւն էր 60-ականներու Քեսապի տուներն ու նեղլիկ, քարքարոտ փողոցները: Տափակ, անցանկապատ տանիքները: Բանակում էր, եւ տեսնելիք այլ բաներու կողքին հրաշալի Գալատուրանի «փրփուր»ը յայտագրի վրայ էր: Ի՜նչ ակնկալութիւններով քալեր էինք մեր բանակավայր «Ուսումնասիրաց» դպրոցէն մինչե՜ւ Գալատուրան, որմէ միմիայն 2 տերեւ փրփուր բաժին ինկաւ իւրաքանչիւրիս: Ա՞ս էր ամէնը, արժէ՜ր 2 տերեւանոց փրփուրի համար քալելով, իշուկի մը առաջնորդութեամբ, հասնիլ Գարատուրանի եկեղեցիին բակը, ուրկէ վերադարձին, մեր յուսախաբութիւնը խլեր տարեր էր մեր խանդավառ երգերն ու կանչերը: Ուրիշ բան չտեսանք: Իսկ հոս տեսածս իսկապէս նորութիւն էր ինծի համար: Մանուկի հետաքրքրութեամբ ըմբոշխներ եմ իւրաքանչիւրին ըրածը, որ ահաւասիկ.
Երիտասարդ բայց ամուր բազուկներով մը, շերեփով մը ու քամիչով մը եռացող խաղողաջուրին վրայի աղտը կը հաւաքէ: Քանի մը հոգի փայտ կը դնեն կրակոցին մէջ, երկու հուժկու տղամարդ եռացած հիւթը կը պարպեն երկու լականներու մէջ, որպէսզի, բաւական հանգչելէ ետք երեք հոգիով բարձրացուած լականին հեղուկը վերերէն, թեւահասակ բարձրութենէն հոսեցնեն մասարային մէջ, սպասելով, որ եռացող խաղողաջուրը թանձրանայ, դառնայ ռուպ, եւ այդ ընթացքին, (քանի մը ժամէն) փրփուրը կազմուի, եւ կարելի կ’ըլլայ պնակի մը մէջ «քաղուած» փրփուրը, դափնիի տերեւը որպէս դգալ գործածելով, բերանիդ մէջ զգալ անոր ամպի նմանող փափկութիւնը, առնել բոյրն ու յետոյ միայն քիմքդ հաճոյացնել անոր համով:
«Փրփուր»ի աւանդական տօնակատարութիւնը նորութիւն չէ ոչ Ֆրեզնոյի, ոչ ալ՝ Քալիֆորնիոյ այլ շրջաններուն համար: Այս տարի սակայն, «Փրփուր»ի խորհրդաւոր «կանչը»՝ փրփո՜ւր, փրփո՜ւրը սովորականէն տարբեր գոյն եւ ոյժ ունէր: Ըստ իս, սա աւելի ուխտագնացութիւն էր, քան՝ տարուէ տարի կրկնուող «փրփուրի» տօն: Ահա թէ ինչու:
Ուխտագնացութիւն մը, նպատակ մը, բաղձանք մը, պիտանի բանի մը տիրանալու, փափաք մը իրականացնելու համար՝ յոյսով ու հաւատքով, խունկ ու մոմով կտրելիք ուղեւորութիւն մըն է, ընդհանրապէս սուրբի մը դիմելով: Եւ ինչո՞վ կը տարբերի դպրոցաշինութիւնը որպէս նպատակ ունենալով, ձեռք առնել ուխտագնացի գաւազանը, յամառ աշխատանքով ուղեւորուիլ դէպի իրականացուելիքը՝ եւ զայն կոչել այդ գործը մարմնաւորող անունով՝ ուխտագնացութեամբ, որ անկասկած կ’ունենայ իր նեղ ու լայն հանգրուանները, բայց սա արդէն ոչ առասպել է եւ ոչ ալ՝ հեքիաթ, այլ սրբազան իրագործութիւն:
– Կարգ մը բառեր, որոնք փրփուրի բառամթերքին մաս կը կազմեն, փոխ առած եմ Յակոբ Չոլաքեանի դիմատետրի էջէն: Փրփուրի իսկական արարողութիւնն ու բացատրութիւնները ըմբոշխնելու համար, անպայման կարդալ Յակոբ Չոլաքեանի «Փրփօօօր, Փրփօօօր»ը իր դիմատետրի էջերուն: