Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն հեռաձայնային զրոյց մը ունեցաւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանի հետ:
Ըստ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մեթիու Միլըրի` անոնք քննարկեցին Հարաւային Կովկասի մէջ իրավիճակը` ընդգծելով արդար եւ երկարատեւ խաղաղութեան հասնելու կարեւորութիւնը, որ օգուտ պիտի բերէ ամբողջ տարածաշրջանին:
Պլինքըն եւ Ֆիտան նշեալ զրոյցին ընթացքին քննարկեցին նաեւ Լիբանանի մէջ հակամարտութեան դիւանագիտական լուծում գտնելու շարունակական ջանքերը: Պլինքըն վերահաստատեց, որ ժամանակն է Կազայի մէջ պատերազմը դադրեցնելու:
Ան նաեւ ցաւակցութիւն յայտնեց Ֆիտանին՝ 23 Հոկտեմբերին, Անգարայի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչական յարձակումին համար: