Հակառակ անոր որ նախագահ Վահագն Խաչատրեան 24 Հոկտեմբերին արդէն ստորագրեց Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման յանձնաժողովներու կանոնակարգի վաւերացման օրէնքը, եւ հաղորդագրութիւնը արդէն հրապարակուած է նախագահականի կայքին վրայ, Բագրատ արք. Գալստանեանի գլխաւորած «Սրբազան շարժում»ը 25 Հոկտեմբերին, նախագահի նստավայրին դիմաց բողոքի ցոյց մը կատարեց նախագահի գործողութիւններուն դէմ՝ զանոնք որակելով ապօրինութիւն:
«Ուրեմն, ինչ է տեղի ունեցածը. մեր երկրում այս այսպէս կոչուած աշխատանքային կանոնակարգը անցնում է բոլոր ներպետական ընթացակարգերով` ընդհուպ Սահմանադրական դատարանով, Ազգային ժողով, նախագահ, իսկ Ադրբեջանում ստորագրում է միայն նախագահը: Սա նշանակում է, որ սա միջազգային պայմանագիր չի», յայտարարեց Բագրատ արքեպիսկոպոս` աւելցնելով. «Աւելորդ անգամ չասելու համար ստախօսութեան մասին, ակնյայտ է` գործընթացը ծայրից ծայր ակնյայտ ստախօսութիւն է»:
Սրբազանը լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին անդրադարձաւ բողոքի ցոյցին եւ արձագանգեց քննադատութիւններուն, որոնք կը հնչեն այս օրերուն եւ կը վերաբերին այս շարժումի գործողութիւններուն՝ ուշացած ըլլալուն, եւ բողոք կը յայտնուի այն պահուն, երբ արդէն կանոնակարգը նախագահին կողմէ ստորագրուած էր: «Մեր գործողութիւնները ճիշդ ժամանակին են, արձանագրումներ են, որոնք մեծ մասամբ նաեւ իրազեկման կարիք ունեն: Որովհետեւ, որովհետեւ… Եւ ով որ յուզուած է այդ թեմայով, թող ինքը գործողութիւններ անի աւելի շուտ` ովքեր որ գիտեն էդ մասին, յուզուած են, շատ տագնապած են, գործողութիւնները թող անեն իրենց կարողութիւններով ու իրենց ժամանակին: Մենք անում ենք այն, մենք անում ենք այն, ինչ որ ծրագրել ենք, անում ենք», ըսաւ Բագրատ սրբազանը:
Ան խօսեցաւ նաեւ իրենց հետագայ գործունէութեան մասին՝ առանց մանրամասնութիւն տալու. ան միայն շեշտեց, որ պիտի շարունակեն գործել հասնելու համար իրենց նպատակին։
Ցուցարարները բերած էին թուղթէ պատրաստուած «սահմանային սիւներ», զորս տեղադրեցին Բաղրամեան 26ի դիմաց:
Մինչ այդ, ««Սրբազան Պայքար»ի աջակիցների իրաւունքների զանգուածային խախտումները» թեմայով հրաւիրուած ասուլիսին ընթացքին, ՀՅԴի անդամ, Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր, «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժումին մասնակցողներէն Գառնիկ Դանիէլեան ըսաւ, որ շարժումը կրցած է տրամադրութիւններ փոխել, «մեր քայլերի շնորհիւ կարողացանք հասարակութեանը արթնացնել եւ հիմա էլ «Սրբազան պայքարը» կանգնել է բոլորի կոկորդին»։ Ան նշեց, որ իշխանութիւնները, եթէ այս շարժումը մարած կը նկատեն, ուրեմն ինչու ամէնօրեայ դրութեամբ բռնութիւն կը կիրարկեն անոր աջակցողներուն եւ համակիրներուն նկատմամբ։
«Այս մարդիկ ստեղծել են յանցաւոր խմբեր, որոնք առանց պատճառի կանգնեցնում են մարդկանց մեքենաները, ահաբեկչի գործելաոճով մարդկանց տանում են ոստիկանական բաժանմունքներ եւ կտտանքների ու հալածանքների ենթարկում: Եթէ ամէն ինչ նորմալ (բնական) է, շարժումը մարած է, ապա այս ճնշումներն ինչի՞ համար են», հարցուց Դանիէլեան, ըստ որուն, այսօր «Սրբազան պայքար»ը կը քննադատեն անոնք, որոնք ոչինչ ըրած են, իրենց մատը միւս մատին չեն դրած:
«Արցախի կորստի ժամանակ, երբ տասնեակ հազարաւոր քաղաքացիներ, քաղաքական գործիչներ դուրս եկան պայքարի, այդ մարդիկ ո՞ւր էին, Նիկոլ Փաշինեանի հետ զբաղուած էին Արցախը յանձնելու գործընթացով: Կիրանցում տեղի ունեցած իրադարձութիւնները կարեւո՞ր չէին իրենց համար: «Սրբազան շարժում»ը պատրաստ է բոլոր առաջարկները քննարկելու, պայքարի դռները բաց են բոլորի համար, այնպէս որ համագործակցողը կը համագործակցի, պայքարողը կը պայքարի, իսկ ստատուս գրողը կը մնայ ստատուս գրող», ըսաւ Դանիէլեան:
Ան դիտել տուաւ, որ ինք կը խոստովանի, որ կարճ ժամանակամիջոցի ընթացքին կարելի չեղաւ իշխանութիւնը հեռացնել, բայց՝ «բոլորս վճռական ենք պայքարը շարունակելու հարցում»:
Անդրադառնալով 12 Յունիսին խաղաղ ցուցարարներուն նկատմամբ կատարուած բռնութիւններուն` Դանիէլեան ըսաւ. «Ակնյայտ է, որ իշխանութիւնների կողմից կայ յստակ հովանաւորչութիւն, ցուցում, որ նամանաւանդ ցոյցերի ակտիւ (աշխոյժ) փուլի ժամանակ եւ անհնազանդութեան ակցիաների ժամանակ բռնութիւն գործադրեն ցուցարարների նկատմամբ, օրինակ` «Զարեա-3»ի` արգելուած միջոցների կիրառումը»: