Շաբաթ, 28 Սեպտեմբերի առաւօտեան, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան օրհնութեան խօսքով իր մասնակցութիւնը բերաւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկին նախաձեռնած «Ուս հարթակ» ծրագիրի առցանց վերամուտին, որ տեղի ունեցաւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինին գործակցութեամբ:
Սրբազան հայրը կատարեց ձեռնարկին բացումը եւ քննական ակնարկով մը բացատրեց, որ այսօր աշխարհի վրայ ոչ թէ արեւմտահայերէնը, այլ նոյնինքն արեւմտահայու ազգային ինքնութիւնն է որ վտանգուած է, հետեւաբար նաեւ լեզուն, աւանդութիւնները եւ ընդհանրապէս՝ արեւմտահայ մշակոյթը, ապա ան անդրադարձաւ արեւմտահայերէնի կիրարկման եւ տարածման կարեւորութեան, «որպէսզի լեզուի ճամբով նորահաս սերունդներ հաղորդ դառնան ազգային ոգիին եւ գիտակցին իրենց ինքնութեան»:
Գեղամ արքեպիսկոպոսը իր խօսքին աւարտին նաեւ գնահատեց «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկին ցուցաբերած ուշադրութիւնը՝ աշխարհի զանազան անկիւններու հայ գաղութներու կեանքին մէջ արեւմտահայերէնի գործածութիւնը եւ հայախօսութիւնը շարունակելի դարձնելու, այլեւ արդիական խաղերով ու տարբեր միջոցներով արեւմտահայ ինքնութիւն եւ բարբառ իրարու ագուցուած պահելու, որպէսզի անհետ չկորսուին արեւմտահայ մշակոյը եւ ժառանգութիւնը
Յայտնենք, որ «Ուս հարթակ»ը կը նպատակադրէ Սփիւռքի հայերէնաւանդ ուսուցիչներու վերապատրաստութիւն, հայկական վարժարաններու մէջ հայերէնի ուսուցման արդիւնաւէտութեան բարձրացում, ժամանակակից արդի միջոցներու օգտագործում՝ առցանց հանդիպումներու ճամբով:
Ծրագիրը պիտի տեւէ մինչեւ Յունիս 2025, Շաբաթ օրերը, ամսական երկու հանդիպում՝ իւրաքանչիւրը 2 ժամ դրութեամբ: