Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանով Ատանայի մէջ տեղի ունեցող օդանաւերու, տիեզերագնացութեան եւ ճարտարագիտութիւններու «Թեքնոֆեսթ 2024» փառատօնի ծիրին մէջ հանդիպում ունեցաւ Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Եաշար Կիւլերի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին միտքեր փոխանակուեցան զինուորական, ռազմական-արհեստագիտական, ռազմական կրթութեան ոլորտներուն մէջ համագործակցութեան եւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող շարք մը այլ հարցերու վերաբերեալ: