
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ իր տարեկան ձեռնարկին, որ տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, 20 Հոկտեմբերի երեկոյեան, «Պեվրլի Հիլթըն» պանդոկին մէջ, իր՝ «Տարուան Օրէնսդիրը» մրցանակը պիտի շնորհէ քոնկրեսական Տինա Թայթըսին, Հայկական Հարցին նեցուկ կանգնելու՝ անոր երկար տարիներու աննկուն կեցուածքին համար։
Առաւել քան 13 տարիներու ընթացքին Նեւատան ներկայացնող քոնկրեսականը տարբեր առիթներով զօրակցած է հայութեան, Հայաստանին եւ Արցախին, ինչպէս նաեւ նպաստած է Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը ապահովելու ջանքերուն։
Թայթըս, որ թոռնիկն է յոյն ներգաղթողի մը, սերտ կապեր մշակած է Նեւատայի Հայ Դատի յանձնախումբին եւ անոր ատենապետ Լենա Յովհաննէսեանի հետ, որ ներկայիս անդամ է Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան եւ որ անցեալ տարուան ձեռնարկին ընթացքին ստացաւ կազմակերպութեան Սթիւ Արթինեանի անուան «Տեսլականով գործիչ» մրցանակը։
2020ի 44օրեայ պատերազմէն ետք, Թայթըս Հայաստանի եւ Արցախի հայութեան ապահովութիւնը երաշխաւորելու նպատակով, շարք մը նախաձեռնութիւններու մասնակցեցաւ Ներկայացուցիչներու տան մէջ, նոյն ատեն դատապարտելով Ատրպէյճանի շարունակուող բռնարարքները։ Ան կը շարունակէ իր ջանքերը՝ կասեցնելու համար Ատրպէյճանին տրամադրող ամերիկեան ռազմական օգնութիւնները։
Այս որոշումին առիթով, Թայթըս շնորհակալութիւն յայտնեց Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին՝ յիշեցնելով, որ իրեն համար հպարտութիւն է գործակցիլ Հայ Դատին հետ, հայութեան շահերը պաշտպանելու համար։
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի այս տարուան ձեռնարկը առիթ պիտի հանդիսանայ լուսարձակի տակ առնելու Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին վերջին մէկ տարուան գործունէութիւնը եւ իրագործումները, ինչպէս նաեւ մեծարելու այն անհատները, որոնք կարեւոր ներդրում ունեցած են Հայ Դատի ջատագովման աշխատանքները անխափան շարունակելու գործին մէջ։
Տեղեր ապահովելու, հովանաւորութեան կարելիութիւններուն ծանօթանալու կամ նուիրատուութիւն կատարելու համար այցելել կայքէջը։