Քեսապի ազատագրման 10րդ տարեդարձին առիթով, Լոս Անճելըսի Քեսապցիներու ուսումնասիրաց Միութեան վարչութիւնը իր խորին շնորհակալութիւնը եւ երախտագիտութիւնը կը յայտնէ Քալիֆորնիոյ հայրենակիցներուն, բարեկամներուն, համայնքներու առաջնորդարաններուն, եկեղեցիներուն, քոյր միութիւններուն ու կազմակերպութիւններուն, ինչպէս նաեւ անհատ բարերարներուն եւ բարեկամներուն, որոնք դժուար օրերուն նեցուկ կանգնեցան Քեսապին ու քեսապահայութեան՝ իբրեւ կարեւոր մասնիկը հայ ժողովուրդին, զանազան ձեւերով իրենց բարոյական եւ նիւթական օժանդակութիւնը ցուցաբերելով։
Յարգանքներով,
Լոս Անճելըսի Քեսապցիներու Ուսումնասիրաց Միութեան Վարչութիւն