
ՀԱՊԿի Ընդհանուր քարտուղար Իմանկալի Թասմակամպեթով, մեկնաբանելով վերջերս այս կառոյցին հովանիին տակ կատարուող զօրավարժութիւններուն Հայաստանի չմասնակցելու հարցը՝ ըսաւ, որ ՀԱՊԿը կը շարունակէ Հայաստանը դիտարկել իբրեւ հաւասար գործընկեր։
«Հակառակ անոր որ Հայաստան այդ նախաձեռնութիւններուն չէր մասնակցեր, մենք պատրաստ ենք Երեւանի մեր գործընկերներուն հետ շարունակել երկխօսութիւնը հրատապ բոլոր նիւթերուն շուրջ», ըսաւ Թասմակամպեթով։
Միւս կողմէ, Համաշխարհային հայկական երկրորդ գագաթնաժողովին ընթացքին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ ՀԱՊԿը սպառնալիքներ կը ստեղծէ Հայաստանի ապահովութեան համար: Ան աւելցուց, որ այդ պատճառով Երեւան սառեցուցած է այդ կառոյցին իր անդամակցութիւնը:
Ան յայտարարեց, թէ այնքան ատեն որ ՀԱՊԿի մէջ չեն տրուիր Հայաստանի հարցումներու պատասխանները, Հայաստան աւելի կը հեռանայ ՀԱՊԿէն, «մեծ է հաւանականութիւնը, որ կ՛անցնի անդառնալիութեան կէտը»։
«Մենք ՀԱՊԿում մեր անդամութիւնը սառեցրել ենք ոչ միայն այն պատճառով, որ ՀԱՊԿը չի ապահովում Հայաստանի նկատմամբ իր ունեցած անվտանգային պարտաւորութիւններն, այլեւ այն պատճառով, որ մեր կարծիքով ՀԱՊԿը ստեղծում է սպառնալիքներ Հայաստանի անվտանգութեան համար եւ Հայաստանի հետագայ գոյութեան, ինքնիշխանութեան եւ պետականութեան համար: Եւ մենք սառեցրել ենք մեր անդամութիւնը ՀԱՊԿում», ընդգծեց Փաշինեան:
Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով արձագանգեց Փաշինեանին` շեշտելով, որ ՀԱՊԿը իր անդամներէն ոեւէ մէկուն ինքնիշխանութեան չի սպառնար։ «Հակառակը, այդ կազմակերպութիւնը կանգնած է անդամ պետութիւններու գերիշխանութեան պաշտպանութեան դիրքերուն վրայ: Մենք այդ տեսակէտը համբերատար կերպով կը ներկայացնենք Հայաստանի ղեկավարութեան», ըսաւ ան՝ շեշտելով, որ Հայաստան կը շարունակէ Ռուսիոյ մօտիկ գործընկերը մնալ եւ Երեւանի հետ կապերը պիտի շարունակուին։ «Հակառակ ասոր, Հայաստան ինք կ՛ընտրէ իր զարգացման ռազմավարական ու մարտավարական ուղիները», ըսաւ Փեսքով։