Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Cernobbio միջազգային ֆորումի «Ատրպէյճանի դերը նոր աշխարհաքաղաքական պայմաններուն մէջ» նստաշրջանին յայտարարեց, որ կարելի է խաղաղութեան հասնիլ Հարաւային Կովկասի մէջ: «Մենք կը տեսնենք, որ անիկա կարելի է Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղ բանակցութիւններուն ընթացքին», ըսաւ ան։
«Ազերթաք»ը կը հաղորդէ, թէ՝ ընդգծելով, որ խաղաղութեան պայմանագիրի բովանդակութեան մօտաւորապէս 80 տոկոսը արդէն համաձայնեցուած է, Ալիեւ ըսաւ. «Մենք արդէն հասած ենք սահմաններու սահմանազատման, նոյնիսկ սահմանագծման գործընթացի մեկնարկին: Այո՛, ասիկա առաջին փոքր քայլն է, համաձայնեցուած է Հայաստանի հետ սահմանի ընդամէնը տասներեք քիլոմեթրնոց հատուածը: Հայաստանի հետ սահմանը հազար քիլոմեթր է, բայց ասիկա քայլ է ճիշդ ուղղութեամբ: Մենք յոյս ունինք, որ խաղաղ բանակցութիւններու համար Ատրպէյճանի այս նախաձեռնութիւնը պիտի յանգեցնէ խաղաղութեան պայմանագիրի ստորագրութեան»: