Կիրակի, 1 Սեպտեմբերի առաւօտեան, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան հանդիսապետեց Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Ս. պատարագին եւ քարոզեց Ս. Կոյս Մարիամի գօտիին գտնուելուն տօնին առիթով՝ դիտել տալով, որ Հայ եկեղեցին ամբողջ Օգոստոս ամիսը նուիրած է Աստուածամօր, որ Աստուծոյ փրկագործական ծրագիրին հետեւողութեամբ պատուաւոր ներկայութիւն է իր էութեամբ, վարքով, բնաւորութեամբ, կենցաղով ու առաքինութեամբ եւ թէ՝ իր շնորհներուն բերումով Երկինքը զայն կարգեց իր թագուհին:
Շարունակելով իր խօսքը, սրբազանը ըսաւ, որ այս է պատճառը, որ դարերու ընթացքին մեր ժողովուրդը անասելի սէր ու յարգանք կը ցուցաբերէ Ս. Կոյս Մարիամին նկատմամբ, որովհետեւ անոր հոգեւոր ուժին եւ մայրական զօրութեան մինչեւ օրս հաւատքով կը շարունակեն փարիլ մեր բարեպաշտ մեծ մայրերը, մայրերն ու քոյրերը՝ ամենասրբուհին դարձնելով իրենց կեանքի գերագոյն տիպարը եւ օրինակը, որ աստուածապաշտական բոլոր գիրքերէն աւելի խօսուն է եւ թելադրական:
Յետ Ս. պատարագի, առաջնորդը նախագահեց արժանաւորապէս «հայ էսդրատային երգի իշխան» մակդիրին տիրացած լիբանանահայ աշխարհահռչակ երգիչ Ատիս Հարմանտեանի մահուան 5րդ տարելիցի հոգեհանգստեան պաշտօնին եւ այս առիթով նշեց, որ թէեւ հոգեհանգիստը առնչութիւն ունի մարդոց եւ ընտանիքներու, սակայն կայ նաեւ ժողովուրդին պատկանող հոգեհանգիստի տեսակ մը, որ պայմանաւորուած կ՛ըլլայ հանգուցեալին վարած կեանքով ու գործունէութեամբ՝ ի նպաստ իր շրջապատին, ժողովուրդին, ազգին եւ հայրենիքին:
«Ատիս Հարմանտեան մէկն է անոնցմէ, որոնց հոգեհանգիստը ոչ միայն ընտանեկան, այլեւ ժողովրդային հնչեղութիւն ունի», շեշտեց սրբազանը՝ շարունակելով, թէ երգիչ Ատիսը աւելի քան կէս դար Սփիւռքի զանազան օճախներու եւ Հայաստանի մէջ տարածեց հայ էսդրատային երգարուեստը եւ մինչեւ իր մահը մնաց պատնէշի վրայ, մինչ անոր երգերը սորվեցան եւ երգեցին սերունդներ՝ բարձր գնահատելով հայ էսդրատային երգի իշխանին արուեստը, «ալպոմ»ները, «քասէթ»ները եւ ելոյթները, որոնք աննախընթաց եւ յիշարժան էին բոլորին համար:
Յայտնենք, որ յետ հոգեհանգստեան արարողութեան, Գեղամ արքեպիսկոպոսը ներկայ գտնուեցաւ Կլենտէյլի «Արմինիըն Արթ Սենթըր» մշակութային կեդրոնին մէջ կազմակերպուած յատուկ ցուցահանդէսի մը, ուր Ատիսի ընտանեկան պարագաները ի մի խմբած էին սիրելի երգիչին անձնական իրերը, անոր արուեստին ու անձին մասին գրուած թերթերու յօդուածներ, լուսանկարներ, երգարուեստային ալպոմներ, երգապնակներ, «քասէթ»ներ, խտասալիկներ եւ այլն: Գեղեցիկ համադրումով դասաւորուած այս եւ նկարչական իրեր կը պատմէին արուեստագէտ Ատիս Հարմանտեան հռչակաւոր երգիչին տասնամեակներու կեանքը՝ բեմերու վրայ, պարահանդէսներու եւ աշխարհի զանազան անկիւններու մէջ, իսկ անոր նկարչական տաղանդին մասին կը վկայէին կեդրոնին պատերը զարդարող գունագեղ պաստառներ, որոնք երգիչ Ատիսի մտայղացումներն էին:
Արդարեւ, առաջնորդը հանգուցեալի յիշատակին նուիրուած ցուցահանդէսը արժեւորեց՝ յիշեցնելով, որ տարիներ առաջ, Արամ Ա. կաթողիկոսը Մեսրոպ Մաշտոց շքանշանով պատուեց Սփիւռքի մէջ հայ էսդրատային երգի հիմնադիր եւ տարածող, համահայկական երգիչ Ատիս Հարմանտեանը, իսկ Լիբանանի մէջ առաջնորդութեան իր օրերուն, ինք եւս պատուած էր Ատիսը՝ գնահատանքի եւ օրհնութեան յատուկ գիրով մը: