Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն յայտարարեց, որ Ֆրանսա, Միացեալ Նահանգները եւ Իսրայէլ աշխատանք պիտի տանին ֆրանսական ճամբու քարտէսի մը վրայ, որուն նպատակը Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ սահմաններուն վրայ լարուածութիւնը վերահսկողութեան տակ առնելն է:
Մաքրոն հարաւային Իտալիոյ մէջ «Եօթներու խմբակ»ի վեհաժողովի աւարտին լրագրողներու յայտնեց հետեւեալը. «Բոլորը մտահոգութիւն յայտնեցին Լիբանանի հետ սահմանին վրայ տիրող կացութեան նկատմամբ, մասնաւորաբար Միացեալ Նահանգները: Որդեգրեցինք եռակողմ սկզբունք մը, (որ կը միաւորէ) Իսրայէլը, Միացեալ Նահանգները եւ Ֆրանսան` մեր առաջարկած ճամբու քարտէսին ուղղութեամբ յառաջ ընթանալու համար, եւ նոյն բանը պիտի ընենք լիբանանեան իշխանութիւններուն հետ»:
Այս գործիքակազմին նպատակը Փարիզի եւ Ուաշինկթընի կատարած նախաձեռնութիւնները համակարգելն է:
Սակայն, Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթ իր կարգին կատարեց հետեւեալ յայտարարութիւնը. «Հիւսիսային սահմանին վրայ ապահովական կացութեան լուծման յանձնախումբի մը մաս պիտի չկազմենք, եթէ Ֆրանսա անոր մասնակցի»:
«Հարաւային Լիբանանի վրայ իսրայէլեան յարձակումներու շարունակութիւնը, անոր՝ դիտաւորեալ կերպով բնակիչներ սպաննելը, գիւղեր քանդելը ու ցանքեր հրկիզելը մեր կողմէ միայն դատապարտելի չէ, այլեւ՝ բացայայտ քանդման եւ ահաբեկչական յարձակումներ են, որոնց շարունակութեան եւ ոճիրներուն միջազգային ընտանիքը պէտք է վերջ տայ: Մեր կարգին պիտի դիմենք առնչակից միջազգային հեղինակութիւններու, եւ կը վերահաստատենք թիւ 1701 որոշումի ամբողջական գործադրութեան մեր յանձնառութիւնը: Կը գնահատենք իսրայէլեան յարձակումները դադրեցնելու համար բարեկամ երկիրներու եւ մեծ տէրութիւններու թափած ջանքերը, ինչպէս նաեւ կ՛ողջունենք ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 2732 որոշումը, որ Կազայի մէջ կռիւի դադրեցման ճամբու քարտէս կը ճշդէ: Կը մաղթենք, որ այս որոշումը շտապ կերպով կը գործադրուի` շրջանին մէջ լայնածաւալ պատերազմը կանխելու համար», յայտնեց Լիբանանի վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի:
Ան, անդրադառնալով ներքին քաղաքականութեան՝ ըսաւ. «Հանրապետութեան նոր նախագահին ընտրութեան վերջին նիստէն մէկ տարի անցաւ, եւ տակաւին «երկխօսութեան բնոյթին եւ ձեւերուն» շուրջ քննարկում կը կատարենք, սակայն գրեթէ միաձայնութիւն կայ, որ երկխօսութիւնը հանրապետութեան նախագահին ընտրութեան եւ սահմանադրական հաստատութիւններուն կայունութեան ու կանոնաւորութեան վերականգնման ճիշդ ուղի գտնելու հիմն է: Բոլոր կողմերուն կոչ կ՛ուղղեմ` միասնաբար մտածելու, երկխօսութիւն կատարելու եւ ձեռք ձեռքի տալու՝ մարտահրաւէրներէն եւ մեր բոլորիս սպառնացող վտանգներէն մեր հայրենիքը փրկելու համար: Կ՛ողջունենք այս առնչութեամբ գործադրուող բոլոր նախաձեռնութիւնները եւ զանոնք կը գնահատենք, ինչպէս նաեւ կը մաղթենք, որ անոնք յաջողութեամբ պսակուին»: