
Շամլեան Ազգային վարժարանի գրադարանապետ Սեդա Մաթէոսեանի հրաւէրով, 26 Մայիսին, վարժարանին նախակրթարանի 2րդ դասարանի աշակերտներուն ներկայացուց անոնց շատ սիրելի՝ «Փոքրիկ Մողէսի Այցելութիւնը» եւ «Փոքրիկ Մողէսին Արկածախնդրութիւնները» հատորներուն հեղինակ Արմինէ Կունդակջեանը։
Արմինէ Կունդակջեան աշակերտներուն ընթերցեց իր հեղինակած երկլեզու (հայերէն եւ անգլերէն) հատորները եւ մեծ պաստառի վրայ ցուցադրեց անոնց գծագրութիւնները, ապա ան պատասխանեց անոնց հարցումներուն։
Աւարտին, հեղինակը հոմանիշային զոյգերու մասին իր պատրաստած խաղէն երկու օրինակներ նուիրեց վարժարանին։
Նշեալ մանկական հատորներուն կողքին, Կունդակջեան հեղինակած է նաեւ բազմաթիւ յօդուածներ, պատմական երեք հատորներ՝ հայ հայրենադարձներու դէմ Ստալինի հալածանքներուն, Ցեղասպանութեան օրերուն իրանեան անդրադարձներուն եւ Ստալինի հալածանքներուն ենթարկուած հայերու յուշագրութիւններուն մասին։ Անոր հատորները կը ծախուին Barnes and Noble, «Սարդարապատ», «Ապրիլ» եւ այլ գրախանութներու մէջ, ինչպէս նաեւ՝ առցանց։