17 Յունիսին, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան հանդիպում ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան՝ կառավարման եւ պաշարներու հարցերու գծով տեղակալ Ռիչըրտ Վերմայի հետ, որ Հայաստան կ՛այցելէ Միացեալ Նահանգներու քաղաքապետերու եւ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ներկայացուցիչներու պատուիրակութեան առաջին պաշտօնական այցելութեան ծիրին մէջ:
Զրուցակիցները քննարկեցին Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ երկկողմ գործընկերութեան օրակարգի ընդլայնման հարցեր, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային զարգացումները:
Անդրադառնալով 12 Յունիսին, Երեւանի մէջ տեղի ունեցած Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ ռազմավարական երկխօսութեան ամփոփիչ նիստին` Միրզոյեան նշեց, թէ այս համագործակցութիւնը նոր ուղղութիւններով հարստացնելու ձգտում չէ միայն, այլ նաեւ՝ աշխատանքային նոր փուլի մեկնարկը՝ երկկողմ յարաբերութիւնները բարձրացնելով նոր մակարդակի` ռազմավարական գործընկերութեան: «Այսպիսով, մենք շարժւում ենք ճիշդ ճանապարհով, ունենք շօշափելի արդիւնքներ, կը քննարկենք աւելի», ըսաւ Միրզոյեան։
Իբրեւ պատասխան` Վերմա ըսաւ, որ ռազմավարական գործընկերութիւնը մեծ կարեւորութիւն ունի Միացեալ Նահանգներու համար, եւ կատարուած քննարկումներուն իբրեւ արդիւնք՝ իրենք կը փափաքին ունենալ յստակ ճամբու քարտէս մը առ այն, թէ ինչպէս կարելի է յառաջընթաց արձանագրել առանցքային` խաղաղութեան եւ բարգաւաճման, տնտեսութեան, առեւտուրի, մարդոց միջեւ կապերու ոլորտներուն մէջ, եւ շարունակել համագործակցութիւնը դէպի նոր մակարդակ:
Զրուցակիցները քննարկեցին Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ ապակեդրոնացեալ համագործակցութեան հարցերը` կարեւոր նկատելով Հայաստանի մարզերուն եւ քաղաքներուն ու Միացեալ Նահանգներու նահանգներուն եւ քաղաքներուն միջեւ ձեւաւորուած համագործակցութեան հաստատումը եւ ընդլայնման կարելիութիւնները:
Տարածաշրջանային ապահովութեան հարցերու շրջագիծին մէջ, նախարար Միրզոյեան զրուցակցին ներկայացուց Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման, որոնց կարգին խաղաղութեան պայմանագիրի կնքման ուղղութեամբ ջանքերը: Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ տնտեսական ու երթեւեկի փոխկապակցուածութեան հարցերու եւ Հայաստանի կառավարութեան կողմէ մշակուած «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծի իրականացման պարագային ընձեռնուող կարելիութիւններուն: