Իրան պաշտօնապէս դիմեց Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) դէտ երկրի կարգավիճակ ստանալու խնդրանքով: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարեց Պելոռուսի մէջ տեղի ունեցած Եւրասիական միջկառավարական խորհուրդի նիստին ընթացքին:
Ըստ ԵԱՏՄի ղեկավար մարմինի ներկայացուցիչներուն՝ կառոյցը Թեհրանի դիմումը ստացած է:
«Եթէ բոլոր ընթացակարգերը պահպանուին, Իրանին ԵԱՏՄի մէջ դէտի կարգավիճակ տրամադրելու մասին որոշումը կրնայ տրուիլ արդէն այս տարուան Դեկտեմբերի վերջաւորութեան», լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց Ռուսիոյ փոխվարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուք:
Նշենք, որ միութեան կ՛անդամակցին Ռուսիան, Ղազախստան, Պելոռուս, Ղըրխըզիստան եւ Հայաստան: