
Երեքշաբթի, 4 Յունիսին, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, Ազգային առաջնորդարանին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Ազգային Կեդրոնական վարչութեան քալիֆորնիաբնակ անդամներ՝ Ռոստոմ Այնթապլեանի, Կայծակ Զէյթլեանի եւ Հրաչ Յակոբեանի, որոնք շնորհաւորեցին Գեղամ արքեպիսկոպոսի առաջնորդ ընտրութիւնը եւ այս առիթով իրենց բարեմաղթութիւնները փոխանցեցին՝ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ամէնէն ընդարձակ ու բարեբեր թեմին առաջնորդական ծառայութեան մէջ:
Հանդիպման ընթացքին ծաւալեցաւ մտերմիկ զրոյց մը, որուն առանցքը հանդիսացան Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի եկեղեցաշէն եւ ազգօգուտ աշխատանքները, համայնքային ծրագիրներու իրականացման հոլովոյթը եւ ժողովուրդին հոգեւոր ու մարդասիրական կարիքներուն հասնելու անհրաժեշտութիւնը, եւ այս իմաստով շեշտուեցաւ թեմին բարեգործ ներկայութիւնը տեղական եւ համահայկական մակարդակներու վրայ:
Առաջնորդ սրբազանը շնորհակալութիւն յայտնեց հիւրերուն եւ կարեւոր համարեց Ազգային Կեդրոնական վարչութեան ճամբով Սփիւռքի տարածքին իրագործուած բազմաշերտ ծրագիրները, յանուն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան առաքելութեան առաւել պայծառացման եւ բարգաւաճման:

Երեքշաբթի յետմիջօրէին, առաջնորդը ընդունեց շնորհաւորական այցելութիւնը Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Սմբատ վրդ. Սապունճեանի եւ եկեղեցւոյ երեսփոխան Ռոստոմ Այնթապլեանին, որոնք այս առիթով իրենց բարի մաղթանքներուն հետ նաեւ նորընտիր առաջնորդին փոխանցեցին իրենց համայնքի զաւակներուն գոհունակութիւնը եւ ջերմ բարեւները եւ յոյս յայտնեցին, որ սրբազանը ամէն հեղ այցելէ Սան Ֆրանսիսքօ եւ հայրական իր օրհնութիւններով շէնցնէ տեղւոյն հայ ազգի զաւակներու հոգեւոր, ազգային կեանքը ու սիրտերը:
Իր կարգին, Գեղամ արքեպիսկոպոսը դրուատանքով անդրադարձաւ Սան Ֆրանսիսքոյի հայ համայնքի աշխոյժ ապրելաձեւին, եկեղեցւոյ եւ եկեղեցականին նկատմամբ ժողովուրդին ցուցաբերած երկիւղած յարգանքին եւ սիրոյն, ինչպէս նաեւ գաղութին մէջ տիրող հայ կրթական եռանդուն կեանքին մասին եւ շրջանի հեռանկարային աշխատանքներն ու ծրագիրները նկատեց տեղւոյն հայութեան բարգաւաճման առհաւատչեան: Այս առումով ան նաեւ իր ջերմ ողջոյնները փոխանցեց շրջանի բոլոր զաւակներուն՝ պատրաստակամութիւն յայտնելով, որ ըստ յարմարութեան կ՛այցելէ թէեւ հեռաւոր նկատուած, բայց միշտ սիրտի մօտիկ Սան Ֆրանսիսքոյի հայ համայնքին:
5 Յունիսի առաւօտեան, առաջնորդը ընդունեց շնորհաւորական այցելութիւնը Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի, որուն կ՛ընկերակցէին Երեմիա վրդ. Աբգարեան եւ Խաժակ քհնյ. Շահպազեան:

Քրիստոսով եղբայրացած առաջնորդներուն հանդիպումը անցաւ մտերմիկ մթնոլորտի մէջ. արծարծուեցան հայ կեանքը յուզող հարցեր եւ փոխանակուեցան միտքեր, որոնց առանցքը հանդիսացան յաւելեալ գործակցութեան համար նոր հասարակ յայտարարներ գտնելը եւ Միացեալ Նահանգներու տարածքին հայկական ներկայութիւնը աւելի եւս ամրապնդելը՝ յատկապէս հոգեւոր, ազգային, մշակութային եւ մարդասիրական մակարդակներու վրայ:
Գեղամ արքեպիսկոպոսը շնորհակալութեամբ ընդունեց Յովնան արքեպիսկոպոսի շնորհաւորութիւնները եւ Արեւմտեան թեմին առաջնորդական ծառայութեան մէջ յաջողութեան մաղթանքները եւ, փոխադարձաբար, անոր մաղթեց յաւելեալ ուժ, կորով եւ տոկունութիւն իր հովուական առաքելութեան մէջ: