ԱԼԻՆ ՊԶՏԻԿԵԱՆ ՇԻՐԱՃԵԱՆ

Հայ ժողովուրդը ունի բազմաթիւ արժանաւոր եւ տաղանդաւոր դէմքեր, տարբեր ոլորտներու մէջ։ Արամ Խաչատուրեան, որպէս համաշխարհային դէմք երաժշտութեան ոլորտին մէջ, ո՛չ միայն հպարտութիւն կը բերէ մեզի, այլ անգամ մը եւս կը փաստէ, թէ հայ ժողովուրդը որքան ստեղծագործ է։
Խաչատուրեան ծնած է Յունիս 6, 1903ին, Վրաստանի մայրաքաղաք Թիֆլիսի մէջ, ուր հասակ առած է բազմանդամ ընտանիքի մը մէջ։
Թիֆլիսի մէջ կը ստեղծագործէին զանազան ազգութիւններէ մեծանուն արուեստագէտներ, պահելով իրենց ազգային երաժշտութիւնը եւ մշակոյթը։
Խաչատուրեան փոքր տարիքէն լսած է թառի, քամանչայի, թմբուկի, ջութակի եւ տուտուկի ձայները իր շրջապատէն ներս։
Ան լսած է իր հօր եւ իր արուեստասէր մօր գեղեցիկ երգեցողութիւնները, ինչպէս նաեւ հայկական եւ վրացական ժողովրդական երգերը, ինչ որ մեծ ազդեցութիւն գործած է մանուկ եւ պատանի Խաչատուրեանին վրայ։
Ան միշտ ջերմօրէն խօսած է իր մօր մասին եւ իր առաջին յօրինումը՝ «Թափառական Աշուղի Երգը», նուիրած է իր մօր, 1925ին։
Խաչատուրեանի երէց եղբայրը, որ կ՛ապրէր Մոսկուա, տեսնելով իր կրտսեր եղբօր տաղանդը, քաջալերած է զինք, որ մասնագիտանայ երաժշտութեան մէջ։ 1921ին ան իր հետ տարած է 24 օր տեւող ճամբորդութեան մը, որուն ընթացքին անոնք անցած են գիւղերէ, քաղաքներէ եւ երիտասարդ արուեստագէտը այդ քաղաքներուն մէջ ծանօթացած է աշուղական եւ ժողովրդական երգերու եւ պարերու։
«Երաժշտութիւնը այնքան զօրաւոր ազդեցութիւն ունէր իմ վրաս, որ պատրաստ էի յաղթահարելու որեւէ արգելք, երաժշտութեան սիրոյն», ըսած է մեր մեծ երաժիշտը։
Խաչատուրեան յաճախած է Մոսկուայի Gnessen երաժշտանոցը, ուր իր ուսուցիչները օգնած են իր արուեստագէտի կազմաւորման եւ յառաջդիմութեան մէջ։

ՆՇԱՆԱՒՈՐ ՍՏԵՂԾԱԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷՆ
Իր նշանաւոր ստեղծագործութիւններէն է «Թոքաթա»ն, որ յօրինած է 29 տարեկանին։ Չորս տարի յետոյ, ան յօրինած է «Փիանօ Քոնչերթօ»ն, ուր շատ զգալի է հայկական ժողովրդական երաժշտութեան ազդեցութիւնը։
1941ին յօրինած է «Գայիանէ» պալէն՝ հանրածանօթ իր օրօրով եւ «Սուրերու Պար»ով, որուն յաջորդած է «Մասքըրէյտ»ը, որուն նշանաւոր վալսը հիացուցած է համաշխարհային հանրութիւնը։
Խաչատուրեան շատ արագ նշանաւոր դարձաւ Խորհրդային Միութեան մէջ եւ համաշխարհային գետնի վրայ։ Սակայն Համաշխարհային երկրորդ պատերազմէն ետք, անոր երաժշտութիւնը դարձաւ աւելի տխուր եւ ամփոփ, աւելի փիլիսոփայական խորքով։
Ան յօրինեց երկրորդ «Սենֆոնի»ն եւ 1954ին՝ «Սպարտակ» պալէն, իր նշանաւոր «Ատաճիօ»ով։
Խաչատուրեան նոյնքան հետաքրքրուած էր թատրոնի եւ ֆիլմերու յօրինումներով եւ ունի յատուկ յօրինումներ այդ ոլորտին համար։ Ան երաժշտություններ յօրինեց Յակոբ Պարոնեանի «Պաղտասար Աղբար»ին, «Ատամնաբուժն Արեւելեան»ին, եւ Գաբրիէլ Սունդուկեանի «Խաթաբալա»ին համար:
Ան ժողովրդական երաժշտութիւնը դասականին ներմուծելու հնարքին օրինակ դարձաւ, երեւան հանելով կովկասեան երկիրներու, յատկապէս Հայաստանի ժողովրդական երաժշտութիւնը եւ ստեղծեց անկրկնելի երաժշտութիւն մը՝ ժամանակակից նորութիւններով լեցուն։
Այսօր կարելի չէ երեւակայել 20րդ դարու խորհրդային եւ աշխարհի երաժշտութիւնը, առանց Խաչատուրեանին։
Արամ Խաչատուրեան 1950էն համերգներով շրջագայած է բազմաթիւ երկիրներ՝ Ռուսիա, Ուքրանիա, Լաթվիա, Լիթուանիա, Էսթոնիա, Եգիպտոս, Նորվեկիա, Ֆինլանտա, Ճափոն, Լեհաստան, Հիւսիսային եւ Հարաւային Ամերիկաներ, Հաուայեան կղզիներ եւ ընդունուած է մեծ ջերմութեամբ:

ՄԵՐՀԱՆՃԱՐԵՂԸ՝ՀԱՅՐԵՆԱՍԷՐ
Հանճարեղ երաժիշտը, ներշնչուած հայկական ժողովրդական երաժշտութենէն, աշխարհահռչակ դարձուց հայկական երաժշտութիւնը։
«Կարեւոր չէ, թէ ինչպէ՞ս կը տատանուեմ տարբեր լեզուների միջեւ, ես մնում եմ հայ, բայց եւրոպացի հայ, ոչ ասիացի հայ։ Ուրիշ հայ կոմպոզիտորիների (յօրինողներու) հետ մենք կը ստիպենք Եւրոպային եւ աշխարհին լսելու մեր երաժշտութիւնը։ Եւ երբ նրանք լսում են մեր երաժշտութիւնը, մարդիկ վստահօրէն ասում են. «Պատմէք մեզ այդ ժողովրդի մասին, ցոյց տուէք երկիրը, որ այդպիսի արուեստ է ստեղծում»», ըսած ան։
Երեւանի Օփերային թատրոնի ֆիլհարմոնիք դահլիճը 1978ն պաշտօնապէս կոչուեցաւ Արամ Խաչատրեանի անունով,, իսկ Երեւանի մէջ 1982ին բացուեցաւ Խաչատուրեանի տուն-թանգարանը։
1999ի Յուլիսի 31ին, Խաչատուրեանի 3․5 մեթր բարձրութիւն ունեցող արձանը, քանդակուած Եուրի Պետրոսեանի կողմէն, տեղադրուեցաւ Օփերայի եւ պալէի թատրոնի բակին մէջ:
«Արամ Խաչատրեանը դարձել է մեր փոքր լինելու առասպելի մեծ հերքում, դարձել է մեր փոքր ժողովրդին մեծերի հետ չափելու խորհրդանիշ, դարձել է մեր քաղաքակրթութեան վկայականը», ըսած է Համօ Սահեան։
Խաչատուրեան իր մահկանացուն կնքեց Մայիս 1, 1978ին, Մոսկուայի մէջ 75 տարեկան հասակին։ Աճիւնը տեղափոխուեցաւ Երեւան՝ համաձայն իր վերջին ցանկութեան։
Շնորհաւոր երկնային ծնունդդ յարգելի մեծ հայազգի երգահան։