«Լռութեան Սիմֆոնիան… Քարերը լռել էին, պապանձուել, չէին կարող հասկանալ իրենց հետ պատահածը։ Նրանք, որ դարերի ընթացքում ամուր պահպանել են դիրքերը հայոց, որոնք զարմացրել են իրենց գեղեցկութեամբ հազարաւոր աչքեր, հայեացքներ, որոնք բացել են մարդկանց մտահորիզոնը գեղեցիկի մասին… Հիմա գազանաբար ոչնչացւում են, աւիրւում են հէնց իր զաւակների ձեռքով։ Ո՞վ արմատախիլ արեց քո բարոյականութիւնը, ի՛մ ժողովուրդ, ո՞վ կուրացրեց քո դէպի անհունը նայող աչքերը, ո՞վ ստիպեց քո իսկ ձեռքերով վերացնել քո արժէքները…»։
Իւրաքանչիւր հայ զայրոյթով կ՚արտայայտուի՝ թշնամիներուն կողմէ ոչնչացուող մեր պատմական յուշարձաններու երեւոյթի մասին, իսկ ի՞նչ ապրումներ կարելի է ունենալ, երբ հայերու ձեռքերով գազանաբար կ՚ոչնչացուին Գառնիի «Քարերու սիմֆոնիա»յի մեծ հատուածը։ Ամայութեան մատնուած այդ գեղատեսիլ տարածքը, ինչպէս երկու տարի առաջ, այս տարի եւս ձրիակերներու ուշադրութեան կեդրոնին է։ Մինչ լրատուամիջոցները կ՚ահազանգէին այդ մասին, կոթողի ոչնչացումը կը շարունակուի։
Բնութեան կողմէ մշակուած պազալթէ քարերը գայթակղեցուցած են դղեակներու տէրերը։ Հայու անունը կրող ու հայու ոգի չունեցող մարդիկ երկաթէ ձողերով կը ջարդեն ու կ՚առանձնացնեն պիտանի բեկորները եւ կը յանձնեն համապատասխան պատուիրատուներուն։ Կատարեալ այդ քարերը մշակուելու կարիք անգամ չունին, բնութեան ստեղծած այդ հրաշալիքը կ՚ոչնչացուի անպատիժ մնացող «մարդոց» ձեռքերով։ Ըստ «Ազգ» օրաթերթին, պատուիրատուներէն մէկը ՀՀ փոխվարչապետ, տարածքային կառավարման նախարար Յովիկ Աբրահամեանն է, ան քարերը կ՚օգտագործէ Արտաշատի մէջ սեփական Սուրբ Յովհաննէս եկեղեցին եւ առանձնատունը կառուցելու համար: Երկրորդ պատուիրատուն Հայաստանի ազգային պատկերասրահի տնօրէն Փարաւոն Միրզոյեանն է, Գառնիի իր առանձնատունը կը կառուցէ նոյն քարերով։
Գառնի համայնքի ղեկավարը կը պնդէ, որ քարերը աշնան անձրեւի եւ ձմրան ցուրտի պատճառով կ՚իյնան. «Գեղեցկութիւնը չեն քանդել, ինքնիրան թափւում ա», կ՚ըսէ Աշոտ Վարդանեան։ Գառնիի ձորին մէջ սակայն ակնյայտ են քարափշրման հետքեր, որոնք ոչ թէ ժայռերու ամենաբարձր տեղերէն են, այլ մարդուն հասանելի բարձրութենէն։ Բնապահպանութեան տեսչութիւնը դիմած է ոստիկանութեան, տեսուչները ահազանգ ստացած են Հոկտեմբեր տասնմէկին եւ նոյն օրն ալ Գառնիի ձորին մէջ յայտնաբերած «Քարէ սիմֆոնիա»էն սեւ պազալթ բարձած բեռնատար մեքենայ, վարորդը յայտնած է, որ քարը իր առանձնատան համար է, ոստիկանութեան ուղղուած դիմումին մէջ տեսուչները գրած են՝ «Ահազանգ բնական գեղատեսիլ քարաժայռերի պոկման մասին»։
Գառնիի ձորի այդ հատուածը որոշակի կարգավիճակ չունի, Հայաստանի մասին պատմող բոլոր գրքոյկներու մէջ այս քարերու մասին յիշատակում կայ, բայց այն նոյնիսկ յատուկ պահպանուող տարածքներու ցանկին մէջ չէ։ Բնապահպանութեան տեսուչները կը պնդեն, որ սինֆոնիայի յատուկ կարգավիճակ չունենալը, համայնքապետը ազատ չի կացուցեր քարերը հսկելու եւ պահպանելու պատասխանատւութենէն, օրէնքը համայնքի ղեկավարին կը պարտադրէ կանխարգիլել այս գործընթացը։
Այս հարցով մտահոգ քաղաքացիները Հոկտեմբեր 15ին բողոքի ցոյց կազմակերպեցին կառավարութեան շէնքին մօտ, այնուհետեւ նամակ յղեցին հանրապետութեան գլխաւոր դատախազին: Ցուցարարները թէեւ այս գործընթացը կասեցնելու խոստում ստացած են, սակայն շատ յոյս չունին, որ կը դադրեցուի բնութեան այս հրաշակերտի ոչնչացումը։
Կը մնայ սպասել ու հաւատալ, որ գեղատեսիլ քարերու ահազանգը լսելի կը դառնայ…