
ՍՈՆԱ ՄԱՏԱՐԵԱՆ
ՀՕՄի «Ժողովուրդիս հետ ժողովուրդիս համար» նշանաբանին հիմնական նպատակներուն մաս կը կազմէ Հայ դպրոցի ծաղկումն ու հայ մանուկին հայեցի առողջ դաստիարակութիւն ապահովելը՝ Հայաստանի, Արցախի, թէ Սփիւռքի տարածքին: Հայապահպանումով սկսած եւ հայակերտումով շարունակուող ՀՕՄի կրթանպաստ ծրագիրները կը ծառայեն հայ ժողովուրդի նորանոր սերունդներու վերելքին:
Կիրակի, Մայիս 5ին, LA Banquet ճաշասրահէն ներս մեծ խանդավառութեամբ հաւաքուած էին ՀՕՄի «Լոռի» մասնաճիւղի Այրին Պուտագեան շաբաթօրեայ վարժարանի աշակերտներ, ծնողներ, ուսուցիչներ, մասնաճիւղի վարչութիւն, անդամուհիներ, ինչպէս նաեւ, ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան Շաբաթօրեայ վարժարաններու խնամակալ մարմինի, շրջանի ՀՅԴ կոմիտէի եւ Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ներկայացուցիչներ, բարերարներ եւ հիւրեր:
Բարի գալուստի եւ շնորհակալութեան իրենց խօսքերը յաջորդաբար փոխանցեցին՝ ձեռնարկը կազմակերպող յանձնախումբէն Լիզ Պալքեան եւ վարչութեան ատենապետուհի Նորա Մազմանեան: Ապա, դպրոցի տնօրէնուհի Մարալ Առնէլեան Պետեւեան երախտագիտութեան իր խօսքը փոխանցեց՝ ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան, Խնամակալ մարմինին, «Լոռի» մասնաճիւղի նուիրեալ ընկերուհիներուն, բարերարներուն եւ ծնողներուն:
Յատուկ երախտիքի խօսք փոխանցեց նաեւ, դպրոցին նուիրուած բարերարուհի Այրին Պուտագեանին, որ աշակերտութեան «Մայրիկը» կոչուած էր, որովհետեւ ան դպրոցը համարած էր իր գուրգուրանքի կարեւոր մէկ մասնիկը:


Սոյն տօնակատարութիւնը իւրայատուկ օր մըն էր ՀՕՄի մեծ ընտանիքին համար, որովհետեւ անոր ընթացքին շողաց «Լոռի» մասնաճիւղի հիմնադրութեան տասնամեայ սլացքը, որ հաստատուեցաւ ներկայացուած անզուգական փայլուն ծրագիրով՝ պատրաստուած դպրոցի տնօրէնուհիին, ուսուցիչներուն ինչպէս նաեւ վարչութեան եւ յանձնախումբին նուիրական ջանքերով:
Ներկաներու խանդավառութիւնը բազմապատկուեցաւ, երբ աշակերտները, խումբերով եւ անհատապէս, ելոյթներ ունեցան, սկսելով՝ «Մեր Հայրենիք» եւ ՀՕՄի «Մենք Ուխտեալներ» հիմներգներով։ Ապա աշակերտներուն մաքուր եւ մշակուած երգեցողութեամբ եւ արտասանութեամբ ներկայացուած ազգային եւ հայրենական երգերու շարանը առաւել խրախուսեց ներկաները: Ներկայացուեցան՝ «Եօթ ծովից», «Կայ աշխարհում մի Հայաստան», «Միացէ՛ք հայեր», «Օ՛ն յառաջ», «Ձայն մը հնչեց», «Արեւ ելաւ զէյթունցիներ», «Խուժան ասկեար», «Սարերից իջան», «Ով եմ ես», «Արցախի սեւաչեայ մանուկներ», «Հայերէն երգենք» խմբերգները, ապա հնչեց վերադարձի կարօտի՝ «Կիլիկիա»ն եւ հայ ժողովուրդի յաղթական փառք՝ «Սարդարապատ»ը:
Յայտագրի աւարտին, ներկաները միացան աշակերտներուն եւ «Միասնութեան շուրջ պար բռնենք միասին» խմբային պարով աւարտեցին մշակութային փայլուն յայտագիրը:
Ներկաներուն սրտերը բաբախեցան մեծ հրճուանքով ու հոգիները լեցուեցան հպարտութեամբ՝ հանդէպ նոր սերունդի հայեցի ոգիին եւ դաստիարակութեան: Խանդավառ ծափողջոյններով, վարժարանի պատասխանատուները նաեւ յաղթական հպարտութեամբ կ՛ողջունէին իրենց աշակերտներուն փայլուն եւ արդար յաջողութիւնը, որ արժանավայել կերպով դրոշմուեցաւ սպառիչ աշխատանքներէ եւ փորձերէ ետք․ վկան՝ ներկաներու յուզումով լեցուած փայլուն աչքերն ու լայն ժպիտներն էին:
Տարիներու նուիրեալ տնօրէնուհին երախտագիտութեան իր խօսքը փոխանցեց անցեալի եւ ներկայ դաստիարակներուն, յատկապէս Շուշիկ Պայրամեանին եւ Լուսինէ Գալստեանին, ինչպէս նաեւ, ՀՕՄի ծառայասէր անցեալի եւ ներկայ վարչութեանց եւ մասնաճիւղի անդամուհիներուն, որոնք ոչ միայն վկաները դարձան դպրոցի հիմնադրութեան, այլեւ տարիներու ընթացքին խոր հաւատքով եւ մեծ նուիրումով բազմապատկեցին վարժարանի աշակերտութեան թուաքանակը եւ օժանդակեցին մակարդակին յառաջացման:


Յատուկ շնորհակալիք հնչեց նաեւ ՀՄԸՄական Արիկ Գէորգեանի եւ Նայիրի Մանուկեանի հասցէին, գեղարուեստական բաժինին իրենց կամաւոր ջանքերուն համար:
Յայտագիրի ընթացքին պաշտօնական մոմավառութիւն եւ նուիրատուութիւններ տեղի ունեցան, դպրոցի վերելքին ծառայելու սուրբ նպատակին համար:
Ձեռնարկի աւարտին, մասնակից աշակերտները նաեւ գնահատուեցան յանձնախումբին կողմէ նուիրուած եւ հայկական արուեստը ներկայացնող Արփի Գրիգորեանի պատրաստած պայուսակներով:
Վարձքը կատա՛ր «Լոռի» մասնաճիւղի Այրին Պուտագեան շաբաթօրեայի առաքելութեան, ծաղկումին եւ վերելքին նպաստող իւրաքանչիւր նուիրեալ անհատին:
Վերջապէս, հայակերտումի 10ամեայ նուիրական տօնդ շնորհաւոր՝ Այրին Պուտագեան շաբաթօրեայ վարժարան:
Հայ ժողովուրդի ծոցէն ծնած ու գործած Հայ Օգնութեան Միութիւնը յաւերժ կը մնայ հայ ժողովուրդի եւ հայ նոր սերունդին ծառայող աննկուն կամքի սիւնը: