ՄԱԿի Չարչարանքի դէմ յանձնախումբը Ատրպէյճանի վերաբերեալ իր պարբերական զեկուցումին՝ «Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հակամարտութիւն» բաժինին մէջ կը գրէ. «Յանձնախումբը խորապէս մտահոգ է ատրպէյճանական զինեալ ուժերու կողմէ պատերազմական գերիներու եւ հայերու դէմ միջազգային մարդասիրական օրէնքի եւ մարդկային իրաւունքներու օրէնքի դէմ կատարուած խիստ եւ ծանր խախտումներու, ներառեալ՝ արտադատարանային սպանութիւններու, չարչարանքի եւ այլ վատ վերաբերմունքի մասին տեղեկութիւններով, եւ տարածումով այնպիսի տեսանիւթերու, որոնք կը ցուցադրեն ողջ անձերու դէմ գլխատում ներառող ահաւոր արարքներ, դիակներու պղծում եւ անդամահատումներ, եւ տեսախցիկին առջեւ այսպիսի վատ վարմունքներու պատասխանատուութեան ստանձնումը այնպիսի ձեւով մը, որ զանոնք գործողները չեն վախնար հաշուետուութեան ենթարկուելէ:
«․․․Յանձնախումբը կ՛ընդգծէ, որ կարիքը կայ անկախ, անկողմնակալ, թափանցիկ եւ ազդու հետաքննութեան այդ արտադատարանական սպանութիւններուն, չարչարանքներուն եւ վատ վերաբերմունքին շուրջ, եւ կարիքը կայ դատական հետապնդումի ենթարկելու պատասխանատուները:
«Յանձնախումբը նաեւ խոր մտահոգութիւն կը յայտնէ պետութեան նկատմամբ, անոր հակաահաբեկչական նկատած գործողութիւններու ընթացքին վարմունքին, ներառեալ՝ 23 անհատներ կալանաւորելը, որոնք ահաբեկչութեան եւ առնչակից յանցագործութիւններու հետ կապ ունեցող կը նկատուին»: