Մօրս սրտի հետ աշխարհն եմ չափել՝
Յովհաննէս Շիրազ
Էլի մեծ էր նա
Մեծ էր եւ անգին
ԱԼԻՆ ՊԶՏԻԿԵԱՆ ՇԻՐԱՃԵԱՆ

Մայրը խորհրդանիշն է ծնունդի, իսկ մայրական սէրը անզուգական, անսակարկելի զոհողութիւն մըն է, անսպառ սէր մը, որ մարդկային բառերով դժուար է նկարագրել։
Մայրը մարմնացումն է սիրոյ, գուրգուրանքի եւ զոհողութեան բուռն բնազդին։
Ով որ կ՛ուզէ տեսնել անխառն սիրոյ արտայայտութիւնը կատարելութեան հասած, թող ուշադիր սեւերէ աչքերը մօր մը վրայ, որ նորածին երեխան գուրգուրանքով գրկած՝ կ՛օրօրէ օրուան եւ գիշերուան բոլոր ժամերուն։
Տաղանդաւոր բանաստեղծներ ամէնէն գեղեցիկ բառերով նկարագրած են մայրը, ինչպէս՝ Յովհաննէս Շիրազը, Պարոյր Սեւակը, Մուշեղ Իշխանը եւ շատ մը ուրիշներ։ Նշանաւոր երգահաններ մօր գովքը հիւսած են, օրօրներ գրած են։ Հանճարեղ գծագրիչներ ամէնէն անմեղ, ամէնէն գեղեցիկ արտայայտութիւնները տուած են մօր դէմքին։
Հայ մայրը Սփիւռքի տարածքին ծանր պարտականութիւնը ունի իր զաւակները հայ պահելու։ Անոնց պէտք է ներշնչէ հայութեամբ, հայրենասիրութեամբ, յարգել տայ հայ լեզուն, հայ եկեղեցին եւ հայկական աւանդութիւնները։ Իսկ հայ մայրը հայրենի հողին վրայ ունի կրկնակի պարտականութիւն, ոչ միայն իր երեխան կրթելու որպէս առաքինի հայ մարդ, այլ նաեւ հայրենիքի պաշտպան զինուոր։ Եւ այսօր մեր հերոսածին մայրերը ոչ միայն կը դրսեւորեն մայրական սիրոյ բնազդը, այլ նաեւ հայրենիքի նկատմամբ սուրբ նուիրուածութիւնը։

1915ի Մեծ Եղեռնէն վերջ, երբ հայերը իրենց տուներէն եւ հողերէն աքսորուեցան, հայ մայրերն էին, որ պահեցին հայ ժողովուրդը։ Անոնք՝ ընդհանրապէս այրիներ, երբեմն թրքախօս իրենց որբ զաւակներուն ձեռքէն բռնած տարին հայկական եկեղեցի, սորվեցուցին հայ լեզուն, մղեցին անոնց, որ զարգանան, կառուցեն դպրոցներ, ակումբներ, եկեղեցիներ եւ այդ մայրերուն պատրաստած սերունդներն են, որ կը պահեն այսօրուան մեր կառոյցները։
Հայ ազգը ունեցած է եւ կը շարունակէ ունենալ մայրական խորհրդանիշեր, որոնցմէ կարել է նշել քանի մը հատը։
«ՄԱՅՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ»
Իր դիրքով ամէնէն երեւելի եւ հրաշալի տեսքով արձանը՝ «Մայր Հայաստան»ը կը մարմնաւորէ հայրենիքի պահապան հրեշտակ հայ մօր կերպարը։
1962ի գարնան, Ստալինի արձանը փոխարինուեցաւ քանդակագործ Արա Յարութիւնեանի հեղինակած «Մայր Հայաստան» արձանով։
Քանդակը կը ներկայացնէ հայ մօր կերպարը՝ սուրը ձեռքին, եւ կը խորհրդանշէ ազատ եւ անկախ հայրենիքի փառքն ու զօրութիւնը: Ան կը յիշեցնէ նաեւ որոշ նշանաւոր կին գործիչներու, որոնք զէնք վերցուցած են իրենց ամուսիններուն կողքին կռուելով թշնամիին դէմ:
ԱՆԱՀԻՏ ԴԻՑՈՒՀԻ

Հայ ժողովուրդը պաշտած է Անահիտ դիցուհին, որպէս մայրութեան եւ պտղաբերութեան աստուածուհի եւ մինչեւ այսօր մեր եկեղեցական Խաղողօրհնէքը կապ ունի Անահիտի պաշտամունքի աւանդութեան հետ։
Անահիտ դիցուհին կոչած են Ոսկեմայր, Սնուցող Մայր, Մեծ Տիկին, Ոսկեծղի, Ոսկեմատն։ Անահիտը համարուած է խոհեմութեան ու պարկեշտութեան մայրը, մարդկանց սնուցող, ապրեցնող ու փառաւորող աստուածուհին։ Հին ժամանակ, Նաւասարդի սկիզբը մեծ շուքով կը նշուէր Անահիտի տօնը, որպէս բերքի հասունացման հետ կապուած տօն։
Ծիսակատարութիւնները կ՛ուղեկցուէին աղօթքներով եւ խնճոյքներով։ Սակայն քրիստոնէութեան հաստատումէն յետոյ, Անահիտի պաշտամունքը վերածուեցաւ
Ս. Մարիամ Աստուածածնի տօնին, եւ դարձաւ Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցիի հինգ տաղաւարներէն մէկը։
ՍՕՍԷ ՄԱՅՐԻԿ
Սօսէ Մայրիկ եղած է ֆետայիներու մայրական դէմքը։ Ան կռուած է թրքական զօրքերու դէմ, իր ամուսինին՝ Աղբիւր Սերոբի կողքին։
Սօսէ Մայրիկը ծնած է 1868ին եւ մահացած 1953ին։

Նշենք քանի մը տող Սօսէ Մայրիկին երգէն, ուր կ՛ըսուի․
«Ձայն տուաւ Սօսէն.- Սերոբ ջան հոս եմ,
Զինուած պատրաստուած, ձայնիդ կը սպասեմ,
Քեզի հետ կռուելու, քո կողքին մեռնելու
Ամէն օր, ամէն ժամ, պատրաստ է Սօսէն»:
ՄԱՅՐ ԱՐԱՔՍ
Արաքս գետը կը համարուի Հայոց աշխարհի «մայր գետը», որուն յաճախ գրականութեան մէջ կը հանդիպինք «Մայր Արաքս» անուանումով: Արաքս գետը կ՛ոռոգէ Արարատեան դաշտը։ Այլ խօսքով բերքի եւ պտղաբերութեան գործօն մըն է մեր հայրենիքին համար։

«Երեւան-էրեբունի» երգը մեզի անգամ մը եւս կը յիշեցնէ այդ փաստը երբ կ՛ըսէ՝
«Քո Մասիս հօրով,
Քո Արաքս մօրով,
Մեծանաս դարով, Երեւան»։
Մայրերու տօնին առիթով, բոլոր մայրերուն բարի մաղթանքները թող բազմանան, որպէսզի անոնք շարունակեն զոհաբերական իրենց սուրբ գործը։
Մայրերու Տօնին նուիրուած «Երանգներ Ալինին Հետ» հաղորդումը, հաճելի երգերով, կարելի է դիտել հետեւեալ կապով․