7 Մայիսին տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ Ալմա Աթայի հռչակագիրը խաղաղութեան պայմանագիրին մէջ ներառելու հարցը պիտի քննարկուի 10 Մայիսին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու Ղազախստանի մէջ կայանալիք հանդիպման:
Պատասխանելով «Ազատութեան» այն հարցումին, թէ ինչո՞ւ Պաքուն չի համաձայնիր Ալմա Աթայի հռչակագիրը ներառել նաեւ խաղաղութեան պայմանագիրին մէջ, մինչ Երեւան կը պնդէ անոր հիմքով սահմանազատում կատարել՝ Փաշինեան ըսաւ. «Ալմա Աթայի հռչակագիրը որպէս Հայաստանի եւ Ադրբեջանի միջեւ սահմանազատման սկզբունք ընդունուած է Հայաստանի եւ Ադրբեջանի կողմից եւ դա անշրջելի իրողութիւն է, որովհետեւ դա արձանագրուած է երկու երկրների կողմից բարձր մակարդակով»:
Անդրադառնալով սահմանազատման բուն գործընթացին՝ ան ըսաւ, որ ատիկա տեղի կ՛ունենայ Խորհրդային Միութեան իրաւաբանական ուժ ունեցող ամէնէն վերջին քարտէզներու հիման վրայ:
Ըստ անոր՝ կ՛օգտագործուին քարտէզներ, որոնք կ՛արտայայտեն Խորհրդային Միութեան փլուզման պահուն Խորհրդային Հայաստանի եւ Խորհրդային Ատրպէյճանի միջեւ առկայ սահմանները:
Ան շեշտեց, որ սահմանային սիւները ապահովութեան երաշխիք պիտի դառնան Ոսկեպարի, Կիրանցի, Բերքաբերի, Բաղանիսի եւ Հայաստանի համար՝ աւելցնելով, որ ներկայիս կ՛ընթանան պատերազմը բացառելու ճամբով, աւելցնելով. «Այս պահի դրութեամբ աշխատանքի մեծ մասն արուած է արդէն` 90 տոկոսն արդէն արուած է»:
Վարչապետը նաեւ ըսաւ, որ համաձայն է մինչեւ Նոյեմբեր խաղաղութեան պայմանագիր կնքելու գաղափարին, սակայն անոր համար պէտք է բանակցային հարթակներու մէջ համաձայնեցուած սկզբունքները արձանագրել խաղաղութեան պայմանագիրին մէջ:
Ասուլիսի մեկնարկին Փաշինեան պաստառին վրայ ցուցադրեց «Իրական Հայաստանի» տեսլականը:
«Հայաստանի Հանրապետութիւնն ինքնիշխան պետութիւն է, եւ մենք սա պէտք է ունենք ոչ միայն որպէս նպատակ, այլ նաեւ գործողութիւնների եւ գործելակերպի հիմնադրոյթ», յայտարարեց ան` շեշտելով, որ Հայաստան կը վարէ եւ պէտք է վարէ արտաքին ինքնուրոյն քաղաքականութիւն:
Խօսելով դրացիներուն հետ յարաբերութիւններուն մասին՝ Փաշինեան շեշտեց Իրանի եւ Վրաստանի հետ բարի դրացիութեան խորացումն ու զարգացումը, Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հետ թշնամութեան կառավարումը, նուազեցումն ու զրոյացումը՝ կրկին շեշտելով «Խաղաղութեան խաչմերուկ»ին կարեւորութիւնը:
Խօսելով ապահովութեան երաշխաւորման մասին` Փաշինեան կարեւոր նկատեց արտաքին յարաբերութիւններու բազմազանեցումը, բանակի բարեփոխումները, համապարփակ ապահովութեան եւ պաշտպանութեան համակարգի ներդրումը:
Ան նաեւ անդրադարձաւ ներկայիս ընթացող շարժումին՝ նկատել տալով, որ անոնք, որոնք սահմանազատման կասեցում կը պահանջեն, անոնց քաղաքական օրակարգը պատերազմ սադրելն է։