«Մայիս 6ին, Ատրպէյճանի մօտ Ամերիկայի դեսպան Մարք Լիպի իր կնոջ հետ այցելեց Վարանդա եւ Շուշի: Ան հանդիպում ունեցաւ Պաքուի կառավարութեան ներկայացուցիչներուն եւ տեղացի ուսուցիչներու հետ։ Այս վերջինները մասնակցած էին Ամերիկայի դեսպանութեան աջակցութեամբ կազմակերպուած անգլերէնով ծրագրաւորման դասընթացներու», կը նշուի դեսպանատան X-ի հաշիւի գրառումին մէջ։
Յատկանշական է, որ միայն Մայիս 3ին, ատրպէյճանական լրասփիւռներու հետ հանդիպումին ընթացքին, դեսպանը յայտնած էր, թէ ինչո՞ւ կը մերժէ այցելել Շուշի։ «Ակնյայտ է, որ վերադարձուած տարածքները քիչ մը տարբեր են, հոն այցելութիւնները առաւել համակարգում կը պահանջեն։ Չեմ ուզեր երթալ հոն, ուր ոեւէ մէկուն ցուցադրութեան մասնակիցը պիտի ըլլամ։ Այնպէս որ, երբ ժամանակը գայ, այն ատեն կ՛երթամ», ըսած էր Լիպի։
Աւելցնենք, թէ ամերիկացի դիւանագէտը՝ այս յայտարարութենէն ետք բուռն կերպով քննադատուած էր իշխանական մամուլին կողմէ։ Caliber.az-ը նոյնիսկ առաջարկած էր դեսպանը վտարել երկրէն։