Եթէ կը փափաքիք ձեր 10–18 տարեկան պատանիներուն նոր արկածախնդրութիւններով, գիտելիքներով, ճամբորդութիւններով, միջազգային ծանօթութիւններով եւ անմոռանալի յիշատակներով հարուստ ամառ մը նուիրել՝ անպայման զանոնք արձանագրեցէք։
Աշխարհի զանազան անկիւններէ ժամանող ճամբարականներու հետ ձեր պատանիները պիտի բացայայտեն արհեստագիտութիւններու եւ ձեւաւորումի (տիզայնի) 8 ոլորտներ ու պիտի մասնակցին կրթական, մշակութային եւ ժամանցային բազմազան միջոցառումներու՝ ԹՈՒՄՕի մէջ եւ անկէ դուրս։
Ճամբարային ծրագիրին մանրամասնութիւններուն ծանօթանալու եւ արձանագրուելու համար այցելեցէ՛ք https://camptumo.com կայքը:
Ճամբարը վճարովի ծրագիր մըն է եւ նախատեսուած՝ Հայաստանէն դուրս բնակող պատանիներու համար, որոնք միայն ամառնային արձակուրդի առիթով Հայաստան կ՛այցելեն։ Իսկ Հայաստան բնակող պատանիները կրնան դառնալ ԹՈՒՄՕի ուսանող եւ անվճար կրթութիւն ստանալ։
(Հաղորդագրութիւնը՝ «ԹՈՒՄՕ»էն)