Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Քեմըլա Հերիս յայտնեց, թէ նախագահ Ճօ Պայտընի եւ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի միջեւ անցեալ շաբաթ տեղի ունեցած զրոյցին ընթացքին «Պայտըն յստակ դարձուց, որ Ուաշինկթըն ինքնապաշտպանութեան մէջ առանձին պիտի չձգէ Իսրայէլը, սակայն, եթէ իր ընթացքը չփոխէ, մենք պիտի փոխենք մեր ընթացքը»:
Սպիտակ տունը յայտարարեց, որ Պայտըն Նեթանիահուին յայտնեց, որ ամերիկեան քաղաքականութիւնը կախեալ պիտի ըլլայ Կազայի մէջ քաղաքայիններու հարցին վերաբերեալ Իսրայէլի «անմիջական քայլի» որդեգրումէն, ինչպէս նաեւ յորդորեց Կազայի մէջ «անմիջական զինադադար»ի հասնիլ:
Սպիտակ տունը նաեւ նշեց, որ Պայտըն եւ Նեթանիահու քննարկեցին Իսրայէլի եւ անոր ժողովուրդին դէմ իրանեան բացայայտ սպառնալիքները: Սպիտակ տունը Իսրայէլը յորդորեց «ամբողջական ու շտապ կերպով» բանալ դէպի Կազա օժանդակութիւններ հասցնելու անցքերը:
Աւելի ուշ, Իսրայէլ յայտարարեց, որ նշեալ նպատակով ցամաքային անցակէտ մը եւս պիտի վերաբանայ:
Իր կարգին, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն յայտարարեց, որ «Միջազգային կեդրոնական խոհանոց» կազմակերպութեան աշխատակիցներուն վրայ անցեալ շաբաթ կատարուած «ահաւոր յարձակումը» պէտք է իր տեսակին մէջ վերջինը ըլլայ: «Այժմ, Կազայի մէջ չկայ աւելի կարեւոր բան, քան քաղաքայինները պաշտպանելը, մարդասիրական օժանդակութիւնները աւելցնելը եւ զանոնք տրամադրողներուն ապահովութիւնը երաշխաւորելը», աւելցուց ան՝ ազդարարելով. «Եթէ Իսրայէլէն մեր ակնկալած փոփոխութիւնները չտեսնենք, ամերիկեան քաղաքականութեան մէջ փոփոխութիւններ պիտի ըլլան»:
Միւս կողմէ, ՄԱԿի Մարդու իրաւունքներու խորհուրդը 28 թեր եւ 6 դէմ քուէներով Իսրայէլին զէնք արտածելը արգիլող որոշումը որդեգրեց: Դէմ քուէարկած երկիրներն էին՝ Միացեալ Նահանգները, Գերմանիա, Փարակուէյ, Մալաուի, Պուլկարիա եւ Արժանթին: