
Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարութեան մը միջոցաւ դիտել տուաւ, որ իր երկրի զինուած ուժերը պատրաստ են ճնշելու որեւէ հնարաւոր սադրանք:
«Ատրպէյճանի նախագահ, զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատար Իլհամ Ալիեւի յանձնարարութեամբ դժուարանցանելի, բարձր լեռնային շրջաններու մէջ տեղակայուած ստորաբաժանումներուն մէջ կը կազմակերպուի շուրջօրեայ մարտական հերթապահութիւն, եւ չընդմիջուող ծառայութիւն կը կատարուի: Ատրպէյճանցի զինուորը աչքի լոյսի պէս կը պաշտպանէ մեր հողերը եւ պատրաստ է կասեցնելու որեւէ հնարաւոր սադրանք», կ՛ըսուի վեռոնշեալ յայտարարութեան մէջ:
Պաքու դարձալ խօսեցաւ «ականներու վտանգին մասին»: Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարց, թէ «Հայաստանէն եկող ականներու սպառնալիքը տարածաշրջանին մէջ վտանգի աղբիւր է»:
Ականազերծման գործունէութեան աջակցութեան միջազգային օրուան առիթով հրապարակած յայտարարութեան մէջ Պաքու նշեց, որ հակամարտութեան յաջորդած ժամանակաշրջանին, ականներէն վիրաւորուած կամ մահացած են 350 ատրպէյճանցիներ:
Ըստ Պաքուի՝ ականներու սպառնալիքին վերաբերող Հայաստանի գործողութիւնները «յաւելեալ հարուած են հակամարտութեան յաջորդած ժամանակաշրջանին Հարաւային Կովկասի մէջ կայուն խաղաղութեան եւ վստահութեան ամրապնդման վերաբերող քայլերուն»:
Ականազերծման գործակալութեան (ANAMA) խորհուրդի նախագահ Վուկար Սուլէյմանով յայտարարեց, որ Ատրպէյճան մտադիր է ռուս խաղաղապահները ներգրաւել Ղարաբաղի մէջ ականազերծման գործողութիւններուն: