Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակեց յատուկ յայտարարութիւն մը 5 Ապրիլին, Պրիւքսէլի մէջ նախատեսուած Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա Ֆոն տեր Լէյենի եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի հանդիպումին վերաբերեալ՝ քննադատելով այդ նախաձեռնութիւնը: Ըստ Անգարայի՝ այդ հանդիպումը «կը հակասէ չէզոքութեան սկզբունքին»:
«Տարածաշրջանին մէջ ստեղծուած է կայուն խաղաղութեան եւ կայունութեան պատմական կարելիութիւն մը, տարածաշրջանը շատ մօտիկ է այս պատմական կարելիութիւնը յաջողութեան հասցնելու: Երրորդ կողմերը, մասնաւորաբար ոչ-տարածաշրջանային երկիրները, այս գործընթացին պէտք է մօտենան արդար եւ անաչառ՝ զգուշօրէն խուսափելով յառաջընթացին խոչընդոտող գործողութիւններէ», կը պնդէ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը, որ նաեւ կը հաստատէ, որ Պրիւքսէլի հանդիպումը «կ՛անտեսէ Ատրպէյճանի դիրքորոշումը», ինչ որ «միայն հիմք պիտի ստեղծէ Հարաւային Կովկասի մէջ աշխարհաքաղաքական նոր տարակարծութիւններու»:
«Մենք անգամ մը եւս կոչ կ՛ուղղենք երրորդ երկիրներուն՝ նկատի առնելու տարածաշրջանի առանձնայատկութիւնները, հաւասար մօտեցում որդեգրելու հակամարտող կողմերուն նկատմամբ», կ՛ըսուի վերոնշեալ յայտարարութեան մէջ:
ՈՒՐՍՈՒԼԱ ՖՈՆ ՏԵՐ ԼԷՅԵՆ ԱԼԻԵՒԻ ՀԵՏ ՀԵՌԱՁԱՅՆԱՅԻՆ ԶՐՈՅՑ ՄԸ ՈՒՆԵՑԱՒ
Նախքան Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա Ֆոն տեր Լէյենի եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի 5 Ապրիլին, Պրիւքսելի մէջ տեղի ունենալիք հանդիպումը, Ուրսուլա Ֆոն տեր Լէյեն հեռաձայնեցԱտրպէյճանի նախագահի Իլհամ Ալիեւին:
Ատրպէյճանի նախագահի մամլոյ ծառայութեան հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ զրոյցին ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ 5 Ապրիլին տեղի ունենալիք եռակողմ հանդիպման: Ալիեւ, ինչպէս Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի հետ զրոյցին ընթացքին, արտայայտեց այդ հանդիպման նկատմամբ ատրպէյճանական կողմին դիրքորոշումը եւ անդրադարձաւ տարածաշրջանի ընդգրկման կարեւորութեան:
Ֆոն տեր Լէյեն հեռաձայնային զրոյցին մասին «Էքս»ի իր էջին վրայ համառօտ կերպով կ՛անդրադառնայ՝ նշելով, որ ինք Ալիեւի հետ քննարկեց «Եւրոպական Միութիւն-Ատրպէյճան կարեւոր յարաբերութիւնները՝ կայուն եւ բարգաւաճող Հարաւային Կովկասի ծիրին մէջ»:
Ան կաւելցնէ, որ Պրիւքսէլ պատրաստակամութիւն յայտնեց «աշխուժացնելու ականազերծման աջակցելու գործողութիւնները, ինչպէս նաեւ քննարկել, թէ ինչ պէտք է ընել, որպէսզի Պաքուի մէջ COP29-ը յաջողութիւն ունենայ»: