Անթալիոյ մէջ տեղի ունեցող դիւանագիտական համաժողովի ծիրին մէջ, «Խաղաղութիւն, զարգացում եւ փոխկապակցուածութիւն Հարաւային Կովկասի մէջ» նիւթով քննարկման ընթացքին, Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի մէջ ճգնաժամի հարցերու Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար իրատեսական նկատեց մօտիկ ապագային Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրութիւնը՝ շեշտելով. «Բոլոր տարրերը սեղանին են: Ասիկա քաղաքական կամքի հարց է եւ փոխզիջումներու հետ կապ ունեցող: Հասած է խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրութեան ժամանակը` փոխզիջման երթալով: Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրը, բնականաբար, պիտի ստորագրուի երկու երկիրներուն միջեւ, եւ դուրսէն որեւէ միջնորդ կրնայ պարզապէս աջակցիլ այդ հարցին: Մենք այդ մէկը կը փորձենք ընել։ Ես համաձայն եմ, որ այս հարցը երկու կողմերուն միջեւ է, բայց նաեւ կը հաւատամ, որ արտաքին գործընկերները կրնան ըլլալ կողմ, որ կրնայ աջակցութիւն ցուցաբերել»:
Ան ընդգծեց, որ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կայուն կարգաւորման հասնիլը շատ կարեւոր է, որովհետեւ անիկա պիտի ապահովէ հիմք ամբողջ Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանի բարգաւաճման համար:
«Կը կարծեմ, թէ Հարաւային Կովկասի մէջ ապահովութեան եւ կայունութեան երաշխաւորումը կենսական անհրաժեշտութիւն է տարածաշրջանի բոլոր երկիրներուն համար, առ այդ, Ատրպէյճանին եւ Հայաստանին կ՛առաջարկենք իրավիճակի հանգուցալուծման զանազան տարբերակներ: Խաղաղութիւնը կ՛ենթադրէ ոչ թէ պատերազմի բացակայութիւն, այլ կը պահանջէ համապարփակ կարգաւորում, որ պէտք է ընկալուի բոլոր կողմերուն կողմէ», եզրափակեց Քլաար: