Ռուսիա եւ Հայաստան դաշնակիցներ կը մնան, Մոսկուա կ՛ակնկալէ, որ Երեւան այս մէկը նկատի ունենայ ներկայ աշխարհաքաղաքական իրավիճակին մէջ:
Այս հաստատումը կատարեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա:
Ան կը պատասխանէր Լեռնային Ղարաբաղի մէջ Հայրենական մեծ պատերազմի հերոսներու եւ մասնակցողներու յուշարձաններու պարբերաբար ոչնչացման վերաբերեալ Ռուսիոյ դիրքորոշման վերաբերող հարցումին:
«Եթէ այդ մասին նիւթեր ունէք, փոխանցեցէք ինծի, ես զանոնք անպայման կը մեկնաբանեմ», յայտնեց Զախարովա։
Ան նաեւ նշեց, որ Ռուսիա եւ Հայաստան իրարու նկատմամբ ունին պարտաւորութիւններ` ներառեալ տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան պահպանման ու ապահովութեան երաշխաւորման առումով:
«Երեւան կը գտնուի նաեւ ՀԱՊԿի ապահովութեան երաշխիքներու տակ, նաեւ՝ ռազմական գործողութեան պարագային», ըսաւ Զախարովա` ընդգծելով, որ Ռուսիոյ եւ Հայաստանի միջեւ կայ փաստաթղթաիրաւական հիմք` ապահովութեան եւ սպառազինութեան համագործակցութեան ոլորտներուն մէջ: