
ՖՐԵԶՆՕ.- Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղի Հայագիտական ծրագիրին, ՀԲԸՄի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղին եւ համալսարանին CineCulture ակումբին կազմակերպութեամբ՝ Ուրբաթ, 16 Փետրուարն, երեկոյեան ժամը 5։30էն սկսեալ, տեղի պիտի ունենայ հայկական վեց կարճատեւ ֆիլմերու ցուցադրութիւնը։
Ստորեւ՝ ֆիլմերուն ցանկը.
– Թաթիանա Պուտաքեանի բեմադրութեամբ՝ Dehatsi – I was Another Place.
– Վիքթորա Ալեքսանեանի՝ Crossing the Blue.
– Քրիսթին Խանամիրեանի՝ Sunset.
– Արամ Այվազեանի՝ Stones.
– Շարլոթ Մանկամըրիի՝ The Road.
– Վահան Գրիգորեանի՝ The Mud։
Ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ համալսարանին «Փիթըրզ» կրթական կեդրոնի սրահին մէջ, որուն հասցէն է՝ 5010 N. Woodrow Ave.։ Ֆիլմերուն ցուցադրութենէն ետք տեղի պիտի ունենայ բեմադրիչներուն հետ քննարկում մը։
Մուտքը ազատ է, սակայն տեղերը սահմանափակ են, իսկ համալսարանին մօտակայ կանգառները այդ ժամերուն կարելի է ձրիաբար օգտագործել:
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել https://cineculture.csufresno.edu/ կայքը կամ https://fresnostate.edu/armenianstudies կայքէջը: