5 Յունուարին, Արժանթինի մէջ Հայաստանի դեսպանատան մէջ տեղի ունեցաւ արժանթինցի նշանաւոր իրաւաբան, Քրէական միջազգային ատեանի նախկին ընդհանուր դատախազ (2003-2012) Լուիս Մորենօ Օքամփոյի երախտագիտութեան շքանշանի տուչութեան արարողութիւնը՝ Հայաստանի նախագահ Վահագն Խաչատրեանի անունով:
Ներկայացնելով Օքամփոյի գործունէութիւնը՝ դեսպան Յովհաննէս Վիրաբեան ընդգծեց, թէ վերջինս մեծ աւանդ ունի մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան գործին մէջ՝ աւելցնելով, որ ան իր զեկոյցով մեծապէս նպաստած է արցախահայութեան նկատմամբ գործուած ոճիրին՝ հանրութեան աւելի հասկնալի դարձնելով եւ իրադարձութիւններուն ճշգրիտ իրաւական գնահատական տրուելով: Նշուեցաւ, որ շքանշանը ոչ միայն Արցախի 120,000 բնակչներուն, այլ նաեւ Հայաստանի իւրաքանչիւր քաղաքացիի եւ ամբողջ հայութեան երախտագիտութեան հանրագումարն է:
Արարողութեան ընթացքին ցուցադրուեցաւ նախագահ Խաչատրեանի տեսաուղերձը, որուն մէջ վերջինս շնորհակալութիւն կը յայտնէ Օքամփոյին եւ բարձր կը գնահատէ արցախահայութեան կեանքի, սեփականութեան եւ վերադարձի իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ ցեղասպանութեան կանխարգիլման նպաստելու ուղղութեամբ անոր կատարած աշխատանքը:

Այնուհետեւ դեսպանը Հայաստանի նախագահին կողմէ երախտագիտութեան շքանշանը յանձնեց մեծարեալին։
Օքամփօ իր կարգին նշեց, թէ իրեն համար պատիւ է ցեղասպանութեան կանխարգիլման նպաստելը՝ ընդգծելով, թէ հայութեան համար դժուար է հաշտուիլ այն գաղափարին հետ, որ հայ ազգը դարձեալ ցեղասպանութեան զոհ կրնայ դառնալ:
Ան շեշտեց, որ ցեղասպանութեան ենթարկուելու վտանգը տակաւին կայ, այդ համածիրին մէջ կարեւոր նկատելով Հայկական Սփիւռքի ներուժը եւ համախմբուած ու շարունակական գործունէութիւնը՝ յատկապէս նշելով արժանթինահայ համայնքի օրինակը:
Ձեռնարկին ներկայ էին համայնքային պաշտօնատարներ, դիւանագէտներ, հայ համայնքի եւ լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներ: