
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
…«Մեզ հայ պահող ուժը, մեր ազգասիրութիւնն է, մեր հայրենասիրութիւնը: Մենք զմեզ ճանաչում ենք մեր լեզուով, որ խօսելու են մեր հողի մարդիկ… մեր երկիրն է մեր ինքնաճանաչման վկան, Արարատն է ու Արագածը, Սեւանն է ու Վանայ ծովը…»:
Այս տողերուն հեղինակը, հայ գրականութեան նորագոյն շրջանի վարպետներէն եւ յատկապէս «Եղեգները Չխոնարհուեցին» նշանաւոր վէպի հեղինակ՝ Ստեփան Ալաճաճեանին կը պատկանին․ Յունուար 3ը Ալաճաճեանի ծննդեան հարիւրամեակն էր:
Իբրեւ արագ վերաքաղ, յիշեցնեմ. Ստեփան Ալաճաճեան ծնած է Հալէպ 3 Յունուար 1924ին զէյթունցի ծնողքէ․ 1946ին, հազիւ 22 տարեկան, իր ընտանիքին հետ կը ներգաղթէ հայրենիք: Ապա տարիներ ետք, 1992ին առողջական պատճառներով (ձայնային լարերու քաղցկեղ) դուրս կու գայ Խորհրդային Հայաստանէն եւ 2001էն սկսեալ, բնակութիւն կը հաստատէ Լոս Անճելըսի մէջ։
Ալաճաճեան ստեղծագործել սկսած էր աշակերտական տարիներուն։ Իր առաջին բանաստեղծութիւնը՝ «Ծովուն Երգը» տպագրուած է 1939ին (Պէյրութ): 1942ին կը հրատարակուի անոր բանաստեղծութիւններու առաջին ու վերջին՝ «Վշտի Ծաղիկներ» ժողովածուն։ 1951ին կ՛աւարտէ Երեւանի Պետական համալսարանի բանասիրական բաժինի՝ հոգեբանութեան եւ տրամաբանութեան բաժինը։ 1957-1963ին աշխատած է «Սովետական Գրականութիւն» ամսագիրի մէջ, իբրեւ արձակի բաժինի վարիչ։1979ին «Հայֆիլմ»ի առաջարկով կ՛անցնի բեմագրութեան: Կը նկարահանուին «Կտոր Մը Երկինք» եւ «Ճերմակ Անուրջներ» տեսաժապաւէնները՝ մասնակցութեամբ տաղանդաւոր ֆիլմի բեմադրիչ Հենրիկ Մալեանի։ Երկու ֆիլմերն ալ կ՛արժանանան միջազգային զանազան մրցանակներու։
Արձակագիր Ստեփան Ալաճաճեան նաեւ տարած է թարգմանական հսկայ աշխատանք: Ճիշդ այս իսկ պատճառով, իր անուան կողքին նշուած է թարգմանիչ մակդիրն ալ: 2008ի Սեպտեմբեր 19ին՝ Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան կողմէն կը պարգեւատրուի Ոսկէ մետալով։ Կը մահանայ 23 Դեկտեմբեր 2010ին:
Արդ, ո՞վ չի ճանչցաւ «Եղեգները Չխոնարհուեցին»ի հեղինակը, որ «19րդ դարավերջին թափ առած եւ 20րդ դարասկիզբին պատմական դարձակէտ նուաճած հայ ազատագրական շարժումին պատգամը իր գրիչին տակ սերունդներուն մատուցած էր «Չխոնարհող Եղէգներ»ու սրտառուչ պատկերով»:
Այս վէպով, Ալաճաճեան հայկական մարտունակութիւնը մարմնաւորեց մարդկային «եղէգներով», որոնք նոյնիսկ ահաւոր ճնշումներու եւ հարուածներու տակ, բնաւ «չխոնարհուեցին»:
Ըսէ՛ք… ո՞վ չէր ճանչնար այս հայ գրողը: Ան զաւակն էր այն սերունդին, որ տարագրութեան տարիներուն իր հետ ոչ գանձ, ոչ ժառանգութիւն տարած էր, այլ միայն՝ յուշեր, ազգային սովորութիւններ, երգեր եւ արմատներուն հաւատարիմ մնալու հայու ուխտ:
Անկասկած տաղանդաւոր գրող մըն է Ալաճաճեան եւ վարակիչ համեստութեան տէր մտաւորական, որ ամբողջ իր կեանքի ընթացքին դարձաւ փայլուն աստղ մը, մեծերու «երկնքին» վրայ:
Իր հեղինակած գլխաւոր վէպի կողքին նաեւ պէտք է յիշել. «Անառագաստ Նաւակներ»ը, «Լուսաւորեալ Խորաններ»ը, «Վաթասունականք»ը, «Յորձանուտը», «Անապատումը» եւ շատ ու շատ ստեղծագործութիւններ, որոնք կը յայտնաբերեն հեղինակին իւրայատուկ հաղորդականութեան տէր ըլլալը, Սփիւռքի եւ հայրենիքի մէջ հանրային ճանաչողութեան տէր իբրեւ հայ անհատ ճանաչումի կողքին:
Ծագումով արեւմտահայ, իսկ գրութիւններով՝ արեւելահայ այս հեղինակը իր կեանքի գրեթէ վերջին տասնամեակին, թէեւ հայրենիքէն հեռու ապրեցաւ, սակայն հայրենի իրականութենէն ինքզինք բնաւ չխզեց:
Ահա՛, ո՞վ էր Ստեփան Ալաճաճեանը, որ իր գրիչով եւ մտքի հոսքով մեծութիւն մը եղաւ: Երբ զինք կը կարդաս կամ կ՛ունկնդրես, անպայմանօրէն կը զգաս, թէ հոգիէդ բան մը կը փոխուի: Անոր համար այս օրերուն կը սիրեմ իր արժէքը տեսնել, ու կը փնտռեմ զայն իբրեւ օրինակ:
Անոնք, որոնք զինք մօտէն չեն ճանչցած, կրկնութեան գնով ըսեմ, որ մեծ մտաւորական մըն էր, որ միշտ իր միտքի պայծառութեամբ ապրեցուցած էր ինքզինք եւ իրեն հետ նաեւ՝ իր ազգը:
Իր մտերիմները կրնան հաստատել, թէ ինք ուր որ ալ յայտնուէր, միշտ կը դառնար կեդրոնական եւ համեստ անձ մը, իր խոր գիտակցութեամբ, եւ իր առինքնող ժպիտով եւ յատկապէս՝ իր բոլոր նիւթերուն «առաջնորդի» տիպարով: Մարդկային հոգիներուն տիրելու իր անուրանալի տաղանդով օժտուած Ալաճաճեան գրողը միշտ հանդարտ անկեղծութիւն մը գծելով իր դէմքին՝ հաստատապէս դարձած էր համեստագոյն զինուորը՝ Մեսրոպ Մաշտոցի դարաւոր բանակին:
Հեզաբարոյ, ճշդապահ եւ համակ հաւատք ու նուիրում ունեցող ազնուական ներկայութեան տէր, ան միշտ գրեց եւ խօսեցաւ իր հոգին լեցնելու համար՝ իր բառերուն մէջ պահելով յատուկ հաւատք, ջերմութիւն եւ շունչ:
Իր միտքերն ու զգացումները բացայայտ են ու առանց ցուցամոլութեան: Մէկ խօսքով, անզուգական մտաւորական մը, հայ լեզուի ու մտքի հանրածանօթ մշակ մը, որ մեր գրականութեան ձգեց իր գրական բեղուն վաստակը:
Իւրաքանչիւր ընթերցող անպայման կրնայ «տեսնել» այս հայուն խորապէս դրոշմուած հայրենասիրութիւնը, հայ մարդու եւ հայ մտքի առաքելութեան հաւատացող եւ հարուստ փորձառութեան տէր մտաւորականի կոչումին կողքին:
Իր մասին վկայուած է, թէ «Ալաճաճեան որակաւոր իր վաստակով միջազգային չափանիշով ազգային հարստութիւն մըն է, որ իր գործերով ու աշխատանքով պատուհան մըն է Երեւանի եւ Սփիւռքի գրողներու միջեւ հաստատ կամուրջ մը: Իր մօտ յստակօրէն կը նշմարուի ազգային ոգիի առկայութիւնը, պատմական եղելութիւններու գիտակցութիւնը, ազատ ապրելու տենչը»:
Ալաճաճեանը հասկնալու համար պէտք է ընթերցել անոր գործերը, որոնք ոչ միայն հատորներու սահմաններէն ներս կը մնան, այլեւ խմբագրական աշխատանքներու եւ յօդուածաշարքերու ստեղծագործութիւններ ալ են: