Միացեալ Նահանգները այլեւս Ուքրանիոյ հետագայ աջակցութեան համար միջոցներ չունի, իսկ օգնութեան նոր թղթածրարները Քոնկրեսին կողմէ հաստատում կը պահանջեն, շեշտեց Սպիտակ տան Ազգային ապահովութեան խորհուրդի բանբեր Ճան Քըրպի:
«Նախագահը ստորագրեց վերջին թղթածրարը: Անհրաժեշտ է լրացուցիչ միջոցներու համար հաստատում, որպէսզի կարենանք շարունակել աջակցութիւն ցուցաբերել Ուքրանիոյ», մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ըսաւ Քըրպի:
Ան նշեց, որ օգնութեան վերջին թղթածրարով հաստատուած օժանդակութիւնները, ցարդ ամբողջութեամբ չեն յանձնուած Ուքրանիոյ։ Թղթածրարը 27 Դեկտեմբերին ստորագրուած էր նախագահ Ճօ Պայտընի կողմէ, սակայն յանձնումը կրնայ շաբաթներ տեւել: