

Երեքշաբթի, 2 Յունուարի առաւօտեան, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան, Ս. Ծննդեան տօնին ընդառաջ, ընկերակցութեամբ հոգեւորականաց դասուն՝ այցելեց Միշըն Հիլզի տարեցներու «Արարատ տուն»ը, ուր Ծննդեան խորհուրդին ընդմէջէն անհատնում առողջութիւն, արեւշատութիւն եւ երջանիկ կեցութիւն մաղթեց հայ մամիկ-պապիկներուն:
Յառաջացած տարիքի բերումով իրենց հանգիստի տարիները հայաշունչ այս տան մէջ անցընող սիրելի հայ ծնողները եւ հարազատները բացառիկ սիրով ու երկիւղածութեամբ ընդունեցին Թորգոմ եպիսկոպոսին եւ անոր շքերթին այցելութիւնը, ապա խանդավառ ապրումներով ականջալուր եղան առաջնորդ սրբազանի քաղցր խօսքերուն եւ խրախուսիչ մաղթանքներուն՝ միաժամանակ ջերմօրէն լեցուելով Յիսուս Քրիստոսի բարեգութ ներկայութեամբ:
Աւարտին, կառոյցի պատասխանատուներէն Տերիք Ղուկասեան, հիւանդապահուհիներ եւ պաշտօնէութիւն ջերմ շնորհակալութիւն յայտնեցին առաջնորդ սրբազանին, այս այցելութեան առիթով եւ շնորհաւորեցին անոր Ամանորը եւ Ս. Ծնունդը՝ մաղթելով նորոգ կորով իր ծառայութեան մէջ:
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ