ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ

Խորհրդակցական հաւաք-հանդիպումի մը ներկայացնելու աշխատանքով փորձեցի տեղեկութիւններ ամփոփել եւրոպական երկիրներու հայկական համայնքներու մասին: Դժբախտաբար աշխատանքիս արդիւնքը խորքային չեղաւ, անկատար մնաց եւ չանցաւ մակերեսայինի սահմանը: Այսուհանդերձ, հրատարակութեան կու տամ զայն՝ կարծելով, որ անտեղեակներ գէթ գաղափար մը կը կազմեն անոնց մասին:
(Յատուկ կապեր չունենալուս՝ չեմ ներառած Ռուսիան, Ուքրանիան, Պալթեան երկիրները, նաեւ՝ Կովկասի հանրապետութիւնները):
1. ՇՈՒԷՏ.- Հայութեան թիւը կը հաշուէ 10-15 հազար՝ առաւելաբար Միջին Արեւելքէն, Հայաստանէն, իսկ վերջին տարիներուն մեծ թիւով՝ Սուրիայէն: Շուէտ հաստատուած հայերը 1980ականներուն փորձած են հայագաղութի վերածուիլ, սակայն միակամութիւն չըլլալուն՝ անջատ հաւաքականութիւններ կազմուած են իրենց հաւաքատեղիներով, ուր ձեռնարկներ տեղի կ՛ունենային յիշատակելի թուականներուն, ինչպէս նաեւ հայերէնի դասընթացքներ կը կատարուէին: Հիմա, նախարարութեան կարգադրութեամբ, շաբաթը մէկ պահ հայերէն կ՛աւանդուի պետական այն դպրոցներու մէջ, ուր հայ աշակերտներ կան: Դասաւանդող ուսուցչին վարձատրութիւնը կը կատարուի նախարարութեան կողմէ:
Շուէտի մէջ կը գործէ ՀՅԴ կոմիտէութիւն մը, որ առաւելաբար կը զբաղի լոպիիական աշխատանքով: Ունի 2 հաւաքատեղիներ՝ Սթոքհոլմ եւ Սոտեր Թալճէ քաղաքներու մէջ: Կը գործեն նաեւ ՀՕՄի, ՀՄԸՄի եւ Համազգայինի մասնաճիւղեր:
Գիտէի՞ք, թէ շուրջ 10 տարի, 1998-2018ին, երեք հայ պատգամաւորներ եղած են Շուէտի խորհրդարանին մէջ: 2018էն ալ կայ մէկ պատգամաւոր՝ Արին Կարապետեան անունով, որ Շուէտ ծնած է եւ նախագահն է Հայաստան-Շուէտ խորհրդարանական բարեկամութեան խմբակցութեան:
Իսկ ինչ կը վերաբերի Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման խնդրին, խորհրդարանի մէջ քանի մը անգամ արծարծուած ու դրական արդիւնքի մը չէ յանգած: 2010ին է, որ այլ ցեղասպանութիւններու կողքին, խորհրդարանը ճանաչում շնորհեց Հայոց Ցեղասպանութեան:
Հայաստանի դեսպանը իր երկիրը կը ներկայացնէ նաեւ Դանիոյ, Նորվեկիոյ եւ Ֆինլանտայի մէջ:
Ֆինլանտայի, Նորվեկիոյ ու Դանիոյ մէջ թերեւս 1500ի շուրջ հայեր կան՝ ցրուած տարբեր քաղաքներու մէջ: Հաւաքական կեանք չունին այս երեք երկիրներու մէջ հաստատուած հայերը:

2. ԳԵՐՄԱՆԻԱ.- Կը խօսուի 50-60 հազար հայութեան թուաքանակի մը մասին: Իբրեւ «աժան աշխատուժ» Գերմանիա ժամանած թրքահայերու մեծամասնութիւնը կազմած է կորիզը համայնքին, ապա 60ականներէն՝ իրանահայեր, լիբանանահայեր, սուրիահայեր, հայաստանցիներ եւ այլն հոն հաստատուած են: Խճանկար մը: Մեծամասնութիւնը կեդրոնացած է Քէօլըն քաղաքը եւ շրջակայքը, շուրջ՝ 3000 (ուր կայ 30,000 թուրք): Կան հայեր՝ Պերլին, Համպուրկ, Միւնիխ, Նիւրենպերկ, Շթութկարթ, Հալլէ եւ այլ քաղաքներու մէջ: Վերջերս հայաստանցիներով համայնքները կը բազմանան՝ Հալլէ, Լայփցիկ, Տրեզտեն եւ այլ քաղաքներու մէջ:
Թեմը էջմիածնական է 1992էն սկսեալ: Կը գործեն երեք եկեղեցիներ՝ Քէօլըն (30 տարուան համար տրամադրուած), Կէօփինկեն (99 տարուան) եւ Հալլէ քաղաքներուն մէջ: Պերլինի մէջ վարդապետ մը եւ այլ տեղեր՝ շուրջ 45 քահանաներ. բոլորն ալ՝ հայաստանցի: Հիմնադիր առաջնորդը՝ Պեքճիեան Գարեգին արք. պոլսահայ էր: Եկեղեցին ունի 15 եկեղեցական համայնքներ, կան նոյնքան, թերեւս՝ քիչ մըն ալ աւելի, ոչ եկեղեցական մշակութային միութիւններ: Վերջերս սուրիահայերու կողմէ ՀՄԸՄը կը փորձէ աշխուժանալ Միւնիխի մէջ: Կան ՀՕՄը, հայ բժիշկներու, հայ գործարարներու, հայ փաստաբաններու միութիւններ, բոլորն ալ՝ համեստ կարելիութիւններով ու գործունէութեամբ: Շաբաթօրեայ (կամ՝ այլ յաճախականութեամբ) դասաժամեր ունին թէ՛ եկեղեցական, թէ՛ մշակութային միութիւններէն ոմանք, ոչ բոլորը: Ոմանք ունին նաեւ պարախումբեր: Աշակերտներու թիւին մասին գաղափար չկրցաւ տալ աղբիւրս: Ան ըսաւ՝ որ «բոլորը միասին 100 հոգի եթէ ըսեմ, թերեւս չափազանցած կ՛ըլլամ…»
Եկեղեցական եւ մշակութային այդ միութիւնները ունին իրենց սրահները՝ վարձով կամ անվարձ տրամադրուած: Համախումբ հանդիպումները կ՛ըլլան պատարագներէ ու այլ «մշակութային» ձեռնարկներէ ետք:
Հալլէի համալսարանին մէջ հայագիտական միակ ամպիոնը անցեալ տարի փակուած է:
Քաղաքական յարաբերութիւններ մշակելու գործը ի պաշտօնէ ստանձնած պէտք է ըլլայ Գերմանահայ կեդրոնական խորհուրդը, որ ոչ եկեղեցական շուրջ 15 միութիւններու համախմբում մըն է՝ անցեալ դարու 60ականներուն նախաձեռնուած: Գերմանացի ակադեմականներու, եկեղեցիներու եւ լրագրողներու հետ կապեր կան, թոյլ, ոչ հետեւողական, միայն առիթներու սպասող: Քանի մը հայ լրագրողներ ալ կան:
«Կարելի՞ է համարել, որ Գերմանիոյ հայութիւնը համայնքային կառոյցով մը կը գործէ» հարցումիս, աղբիւրս պատասխանեց. «Գաղութին գլխաւոր երկու կառոյցները եկեղեցական թեմն ու Կեդրոնական խորհուրդն են, որոնց շուրջ կան իրենց ենթակայ միութիւնները: Կան նաեւ անոնց չպատկանող անկախ միութիւններ: Թէ ասոնք կը գործե՞ն, թէ՞ ոչ, ինչպէ՞ս եւ ի՞նչ արդիւնքով, անորոշ է»:
Նշեմ, որ ԺԹ. դարուն Գերմանիոյ մէջ հայ երիտասարդներ ակադեմական միութիւն հիմնած են, որուն անդամակցած են ծանօթ անուններ, ինչպէս՝ Գարեգին Յովսէփեանց (հետագային կաթողիկոս), Լեւոն Շանթ, Միքայէլ Շամտանճեան եւ շատ ուրիշներ:

Կեդրոնական Եւրոպայի մէջ ՀՅԴ ունի կոմիտէութիւն (առանձնակի), որ կը ներառէ՝ Գերմանիան, Աւստրիան, Մալթան, Զուիցերիան, Իտալիան: Կոմիտէութիւնը ներկայիս խմբային դրութեամբ 5 կորիզներ ունի Գերմանիոյ մէջ եւ մէկ՝ Վիեննա: Մնացեալ անդամները ցրուած են վերոյիշեալ երկիրներու մէջ:
Կոմիտէութեան հովանիին ներքեւ Գերմանիոյ մէջ կը գործեն Գերմանիոյ Հայ Դատի յանձնախումբը, ՀՄԸՄի Միւնիխի մասնաճիւղը եւ Գերմանիոյ ՀՕՄը, իսկ Աւստրիոյ մէջ՝ Աւստրիոյ Հայ Դատի յանձնախումբը, ՀՄԸՄի Վիեննայի մասնաճիւղը, որ սկաուտական շարքերու կողքին նաեւ պարախումբ եւ փողերախումբ ունի:
Միւնիխի մէջ ժամանակին Հայկական Հարցի ուսումնասիրութեան կեդրոն մը կը գործէր, որ բաւական հարուստ ակադեմական գործ տարած է ութսունական եւ իննսունական թուականներուն, սակայն այսօր դադրած է գոյութիւն ունենալէ:
Գերմանիոյ Պունթեստաքը 2016ին ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը:
3. ԱՒՍՏՐԻԱ.- Հայերու թիւը՝ 6000-7000, որուն մեծամասնութիւնը՝ Վիեննայի մէջ, ուր կայ նաեւ Մխիթարեաններու վանքը՝ շուրջ 10 հոգեւորականներով: Աւստրիա եւս ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը, 2015ին:
4. ԻՏԱԼԻԱ.- հայերու մօտաւոր թիւը 4000ի շուրջ է, որուն 3000ը՝ մնայուն բնակիչ, իսկ 1000ը՝ ուսանող կամ ժամանակաւոր: Մեծամասնութեամբ՝ Միլանոյի մէջ հաստատուած: Իտալիոյ հայերու միութիւն մը պաշտօնական ճանաչում ստացած է 1955ին, բայց հիմա ան կը գործէ՞, թէ՞ ոչ, յայտնի չէ: Միլանոյի մէջ կը գործէ Հայ Առաքելական եկեղեցի, որ նաեւ Կիրակի օրերը երկժամեայ հայերէնի դասընթացք կը կազմակերպէ: Քաղաքական յարաբերութիւններ չկան:
Վենետիկի Սուրբ Ղազար կղզեակին մէջ իր գոյութիւնը կը շարունակէ պահել Մխիթարեան միաբանութիւնը, որ ատենին նախախնամական գործ կատարած է յատկապէս գրական, պատմագրական, մշակութային եւ կրթական բնագաւառներուն մէջ: Երկար տարիներ Մխիթարեաններու վարժարաններ կը գործէին, օրինակ, Կ. Պոլիս, Սուրիա, Ֆրանսա, Վենետիկ եւ այլն: Վենետիկի Մուրատ Ռափայէլեան վարժարանին մէջն է, որ շատերու կարգին ուսանած է Դանիէլ Վարուժան: Կը թուի, թէ միաբանութիւնը հետզհետէ սկսած է սպառիլ: Ատենին Փարիզի մէջ (Սեւր) միակը հանդիսացող Մխիթարեաններու վարժարանը, ինչպէս նաեւ Վենետիկի գիշերօթիկ Մուրատ Ռափայէլեանը փակուած են քանի մը տարիներէ ի վեր:
Իտալիոյ Պատգամաւորներու պալատը 2000ին ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը:
5. ՄԱԼԹԱ.- Հայերու թիւը շուրջ 500 է: Ազգային կամ միութենական կառոյց չունին, թէեւ 15 տարի առաջ փորձ մը կատարած են հայերու համաժողով մը գումարելու
6. ԶՈՒԻՑԵՐԻԱ.- Հայերու թիւը շուրջ 7000 Է՝ հիմնականին մէջ Ժընեւ եւ Ցիւրիխ համախմբուած: Հայեր կան նաեւ այլ քաղաքներու մէջ, ինչպէս՝ Պեռն, Ֆրիպուրկ եւ այլն: Համայնքը չունի իրաւական որեւէ յատուկ կարգավիճակ: Համայնքը ունի եկեղեցական, դպրոցական (միօրեայ) եւ մշակութային գործունէութիւն, յատկապէս՝ ֆրանսախօս բաժնին մէջ: Գաղութը չունի համադրուած աշխատանքի ու կազմակերպ կեանքի վիճակ:
Զուիցերիոյ Ազգային խորհուրդը ընդունած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու եւ ցեղասպանութիւններու ժխտումը քրէականացնելու մասին օրէնք, ըստ այնմ նաեւ՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ժխտողներու համար սահմանած է քրէական պատիժ՝ 2003ին:
7. ՓՈՐԹՈՒԳԱԼ ԵՒ ՍՊԱՆԻԱ
Վերջին 30 տարիներուն է , որ շուրջ 150 հայեր հաստատուած են ՓՈՐԹՈՒԳԱԼ, ընդհանրապէս՝ Լիզպոնի մէջ: Ազգային թէ միութենական կեանք չկայ, ոչ ալ՝ եկեղեցի կամ հոգեւորական: 2016ին Լիզպոնի մէջ ստեղծուած է Փորթուգալ-Հայաստան բարեկամութեան ընկերակցութիւնը: Թէ ի՞նչ կ՛ընէ այս ընկերակցութիւնը, անորոշ է: Գիտենք միայն, որ այս ընկերակցութեան նախաձեռնութեամբ եւ «Կիւլպէնկեան»ի դրամական օժանդակութեամբ Լիզպոնի համալսարանի բանասիրական բաժնին մէջ ներառուած է հայոց լեզուի եւ մշակոյթի դասընթացք: Փորթուգալի խորհրդարանը 2019ի Ապրիլի 26ին ընդունած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու մասին բանաձեւ:
ՍՊԱՆԻՈՅ հայկական համայնքի թուաքանակի մասին տարբեր կարծիքներ կան: Ոմանք 13-20,000 կը կարծեն, ուրիշներ 40-60 հազարի կը հասցնեն այդ թիւը: Հայաստանէն եկուորները գերակշիռ մասն են համայնքին, ընդհանրապէս հաստատուած՝ Մատրիտ, Պարսելոնա, Վալենսիա, Մալակա եւ այլն: Տակաւին իր ձեւաւորումը չգտած համայնք մըն է, որուն նոր սերունդը կարելի է համարել, որ կորսնցուցած է մայրենի լեզուն: Տեղ-տեղ միօրեայ դասաժամեր կ՛ըլլան, ուր կը սորվին գրաճանաչութիւն, հայերէն եւ այլն: Աշխատանքի համադրում ու կազմակերպուածութիւն չկայ:
8. ԱՆԳԼԻԱ.- 2013ի պաշտօնական վիճակագրութիւնը գնահատած է, որ շուրջ 1300 հայաստանածին հայեր կան Անգլիոյ մէջ: Իսկ հայերու թիւը՝ շուրջ 1800 է: Մինչդեռ հայկական աղբիւրներ 18-20,000ի կը հասցնեն թիւը, որոնց շուրջ կէսը՝ Լոնտոնի մէջ, մնացեալի մեծ մասը բնակութիւն հաստատած է Մանչեսթըր:
Հայեր Անգլիա գաղթած են՝ Լիբանանէն, Սուրիայէն, Իրաքէն, Կիպրոսէն, Պարսկաստանէն, Եթովպիայէն, Հնդկաստանէն, Եգիպտոսէն եւ այլն: Երեք եկեղեցիներ կան, ամէնէն հինը՝ 1896էն, Մանչեսթըրի մէջ: Երկլեզու պարբերական մը կար, հիմա կարծեմ չկայ: Հայոց լեզուի կիրակնօրեայ դպրոց մը կը պահէ համայնքը: Անգլիոյ կառավարութիւնը Հայոց Ցեղասպանութիւնը չէ ճանչցած՝ առարկելով, թէ բաւարար փաստեր չկան, որ հայկական ջարդերը «ցեղասպանութիւն» նկատուին՝ ըստ 1948ի ցեղասպանութեանց մասին ՄԱԿի ընդունած բանաձեւին: Տեղեկութեան համար արձանագրեմ, որ 19րդ դարու առաջին կիսուն Ալեքսանտր Ռափայէլ անունով հայ մը եղած է Անգլիոյ խորհրդարանի գործուն անդամ, որ մեռած է 1850ին, 72 տարեկանին: Կուսակցական կազմ ունինք, որուն մասին սակայն տեղեկութիւն չկրցայ ունենալ: Գիտեմ սակայն, որ տարիներ առաջ, կուսակցական կազմի ձեւաւորման սկզբնական շրջանին, իրարու հանդէպ տեղացիական լուռ անհանդուրժողութեան մթնոլորտ մը գոյութիւն ունէր կիպրահայերու, պարսկահայերու, լիբանանահայերու եւ այլոց միջեւ: Աւելի ուշ հաւաքատեղիի մը կալուածային սեփականատիրութեան հետ կապուած դատական ներքին վէճերու մէջ ինկաւ շրջանի կազմը, որուն պատճառով եւ մինչեւ այսօր կը թուի, թէ ջլատուած է կուսակցական կազմին արդէն իսկ ոչ այնքան զգալի ուժականութիւնը:
Իսկ ԻՐԼԱՆՏԱյի մէջ կը կարծուի, թէ հազիւ 500ի կը հասնի հայերու թիւը: Կազմակերպուած վիճակ չունին, անհատ հայեր են, որ երբեմն հայանպաստ նախաձեռնութիւններ կ՛առնեն, ինչպէս, օրինակ, խաչքարի մը զետեղում:
9. ՀՈԼԱՆՏԱ (Նետերլանտներ).- Կ՛ենթադրուի, թէ Հոլանտայի զանազան քաղաքներու մէջ ցրուած հայերու թիւը շուրջ 40,000 է: 17-18 դարերուն Ամսթերտամի մէջ կազմուած է փոքր համայնք մը հայերու, գլխաւորաբար՝ վաճառականներ, որոնք առեւտրական գործառնութիւններ կ՛ունենային հարաւասիական երկիրներու հետ: Համայնքը 18րդ դարու սկզբին Ամսթերտամի մէջ կառուցած է նաեւ եկեղեցի մը: Դասական համայնքին կեանքը վերջ գտած էր Նափոլէոնի արշաւանքին պատճառով: Այսօրուան համայնքը մեծաւ մասամբ կազմուած է 1970ական թուականներէն՝ Թուրքիայէն, Լիբանանէն, Պարսկաստանէն, Իրաքէն, Ռուսիայէն եւ Հայաստանէն եկուորներով, որոնք կեդրոնացած են գլխաւորաբար Հոլանտայի արեւմտեան բաժնի մեծ քաղաքներու մէջ՝ Ամսթերտամ, Լա Հէյ, Ռոթըրտամ, Ալմերօ եւ այլն:
Երկրի խորհրդարանը եւ կառավարութիւնը պաշտօնապէս ճանչցած են Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Հոն կը գործէ Հայ Դատի յանձնախումբ մը, որ սերտ գործակցութիւն ունի Ֆրանսայի յանձնախումբին հետ: Անոնք միասնաբար իրենց աշխատանքները կը համադրեն՝ խորհրդակցութեամբ Եւրոպայի Հայ Դատի Պրիւքսէլի կեդրոնական գրասենեակին:

10. ՖՐԱՆՍԱ.- Ֆրանսահայութեան թիւը անորոշ է: Նոյնիսկ յստակ չեն հայ կոչուելու չափանիշները: Տարիներ առաջ 350,000 կը հաշուէր: Ապա երկար ատեն 500,000 կ՛ըսէինք: Հիմա սկսած ենք 600,000ի մասին խօսիլ: Թուրքերը կը փորձեն միշտ աւելի բարձր թիւերով տպաւորել ֆրանսացիները: Հին հայերը հաստատուած էին Փարիզ-Լիոն-Մարսէյ առանցքին վրայ: Նորերը ամէն տեղ են, յաճախ՝ երկրորդական քաղաքներուն մէջ, քանի որ մեծ քաղաքներուն մէջ բնակութեան վայրերը շատ սուղ են:
Հայաստանէն վերջին երեսուն տարիներուն գաղթած հատուածին թիւը եւս անորոշ է: Կարելի է մօտաւորապէս 70,000-100,000ի շուրջ գնահատել, որմէ շատ փոքր բաժին մը՝ 1-2 տոկոսը, կը մասնակցի համայնքի աւանդական կառոյցներու կեանքին: Անշուշտ այդ մասնակցութիւնը կախում ունի նաեւ տեղացի հայերու ընդունելութենէն: Ընդհանրապէս Հայաստանէն եկուոր հայերը եկեղեցիին կապուած են: Բացի Նիսի շրջանէն, որ անկախ կը գործէ, մնացեալ եկեղեցական գործօնները կապուած են ու ենթակայ՝ էջմիածնական առաջնորդարանին ու Ազգային վարչութեան:
Ֆրանսայի հայութիւնը ընդհանրապէս անհոգ գտնուած է դպրոցաշինութեան մարզին մէջ: 1929էն Փարիզի արուարձան Սեւրի մէջ կը գործէր Մխիթարեաններուն հիմնած դպրոցը, որ չդիմանալով ծախսերուն՝ իր դռները փակեց 1990ին: 1980ականներէն դպրոցաշինական նոր արշաւ մը սկսաւ, այն ալ դուրսի մղումով ու ոչ՝ ֆրանսաբնակ բարերարներու նիւթական օժանդակութիւններով (Մխիթարեաններն ալ ֆրանսահայութեան մաս չէին կազմեր): Ներկայիս ամէնօրեայ 9 դպրոցներ կը գործեն Ֆրանսայի մէջ, 4 Փարիզի շրջակայքը եւ 5՝ հարաւի տարբեր քաղաքներու մէջ: Աշակերտութեան ընդհանուր թիւը 1500 կամ քիչ մը աւելի կարելի է նկատել, մինչ կ՛ենթադրուի, թէ դպրոցական տարիք ունեցողները թերեւս 60,000էն աւելի են:
Ֆրանսահայ կազմակերպութեանց կողմէ եւ համանախագահութեամբ գործող մարմին մը կազմուած է Ֆրանսայի մէջ՝ Ֆրանսահայութեան համագործակցութեան կոմիտէ (CCAF), որ կը ներկայացնէ ֆրանսահայութիւնը եւ ընդունուած է իբրեւ այդպիսին թէ՛ հայկական եւ թէ Ֆրանսայի քաղաքական, կուսակցական, ակադեմական ու լրագրողական շրջանակներու կողմէ եւ ընդհանրապէս հանրային կարծիքի ընկալման մէջ: Որքան կրցած եմ հետեւիլ, կարգ մը շրջաններու մէջ վերջերս կազմուած են նաեւ CCAF-ի ենթակառոյցներ՝ զայն կազմակերպութեան մը վերածելու փորձով: Այս մարմինն է, որ կը մշակէ արտաքին յարաբերութիւնները յանուն ֆրանսահայութեան:
11. ՊԵԼՃԻՔԱ.- Հին գաղութ մը եղած է Պելճիքան, ուր հայեր գերազանցապէս զբաղած են ադամանդի, ծխախոտի եւ առեւտրական գործերով: Ներկայ տուեալներով, հայ համայնքը կը կարծուի, թէ 40,000 կը հաշուէ: Հայոց առաջին հոսանքը դէպի Պելճիքա 1915ի Հայոց Ցեղասպանութեան պատճառով եղած է: Ապա՝ պարսկահայեր, լիբանանահայեր, սուրիահայեր եւ վերջերս՝ Հայաստանէն: 1920ին իսկ, պետութիւնը իրաւական (de jure) ճանաչում շնորհած է Սեւրի դաշնագրին:
1980էն գաղութը ունեցած է սեփական հաւաքատեղի, որ առանցքը դարձած է համայնքին կազմակերպման եւ ընկերային կեանքին: Գաղութը ունի Պելճիքայի հայութիւնը ներկայացնող կոմիտէ մը, որ իբրեւ այդպիսին՝ պետական ճանաչում ստացած է: Կը գործէ Առաքելական գլխաւոր մէկ եկեղեցի՝ Էջմիածնի ենթակայ:
Պրիւքսէլի մէջ ՀՅԴ Բիւրոյի կողմէ եւ անոր հովանիին տակ կը գործէ Եւրոպայի Հայ Դատի կեդրոնական գրասենեակը, որ ի նպաստ Հայաստանին ու Արցախին եւ ընդհանրապէս ի խնդիր Հայ Դատին բաւական աշխուժ գործունէութիւն կը ծաւալէ Եւրոխորհրդարանի շրջանակներու մէջ՝ բարեկամական կապեր հաստատած ըլլալով եւրոերեսփոխաններու եւ Եւրոխորհրդարանի պաշտօնատարներու հետ:
Անհատ կուսակցականներ բոլորուած են Հայ Դատի կեդրոնական գրասենեակին շուրջ եւ կ՛օժանդակեն անոր աշխատանքներուն:
Պելճիքայի խորհրդարանը ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը:
(Լիւքսեմպուրկի մէջ կարելի չեղաւ հայերու հետք գտնել, բացի Հայաստանի Հանրապետութեան հիւպատոսարանէ մը):
12. ԼԵՀԱՍՏԱՆ,

ՀՈՒՆԳԱՐԻԱ, ՌՈՒՄԱՆԻԱ
Ա) Շատ հին գաղութ եղած է ԼԵՀԱՍՏԱՆը, ուր հայերը այլեւս կորսնցուցած են իրենց լեզուն, նոյնիսկ՝ հայկական ինքնութիւնը: Շատեր ծագումով հայ ըլլալնին կը յիշեն: Կ՛ենթադրուի, թէ այսպիսիներուն վրայ գումարած Հայաստանէն եւ նախկին խորհրդային երկիրներէն հոն հաստատուած հայերու թիւը կարելի է համարել շուրջ 40,000: Կարգ մը քաղաքներու մէջ մէկտեղուած հայ հաւաքականութիւններ խաչքարեր կը կանգնեցնեն՝ ի յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն, ինչպէս նաեւ գրաճանաչութեան եւ հայերէնի շաբաթական միաժամ-երկժամ դասընթացքներ կը փորձեն կազմակերպել, որոնց մասնակցողներուն թիւը անորոշ է: Գործող եկեղեցի չունին: Էջմիածնէն ուղարկուած հոգեւորական մը քաղաքէ քաղաք կը շրջի հոգեւոր ծառայութեան համար: Աւելորդ է արձանագրել, որ համայնքային ու կազմակերպուած կեանք չունին:
Բ) ՀՈՒՆԳԱՐԻԱ.- Նոյնպէս, Հունգարիոյ մէջ հայկական գաղութ մը կազմուած է հին ժամանակներէն: Անի մայրաքաղաքի անկումով սկսած զանգուածային արտագաղթողներէն շուրջ 600 ընտանիք Մոլտովայի վրայով կայք հաստատած է Հունգարիոյ մէջ շուրջ 13րդ դարուն եւ այդ ժամանակի Թրանսիլվանիոյ (ներկայիս՝ Ռումանիա) մեծ իշխանը վաւերացուցած է այդ ընտանիքներու կեցութեան արտօնութիւնը՝ անոնցմէ 55ին տալով ազնուականի տիտղոս եւ միւսներուն՝ աշխատանքի դիւրութիւն եւ կարգ մը առանձնաշնորհումներ: Նոյնիսկ հայերով բնակուած քաղաք մը կոչուած է «Հայաքաղաք» (Արմէնոպոլիս, Արմէնիերսդատդ):
Հունգարիոյ ներկայի հայկական տարրը գոյացած է Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք: Անորոշ է հոն բնակող հայերուն թուաքանակը՝ տրուած ըլլալով, որ 3500-էն մինչեւ 30,000 կը տարուբերի ենթադրուած թիւը: Մեծամասնութիւնը կը բնակի Պուքրէշի մէջ ու շրջակայքը: Համայնքային կեանք գոյութիւն չունի, յստակ ալ չէ՞, թէ մերթ ընդ մերթ հայկական փոքր հաւաքներ կ՛ըլլա՞ն, թէ՞ ոչ:

Գ) ՌՈՒՄԱՆԻԱ.- Եւրոպայի ամէնէն հին համայնքներէն մէկը եղած է ռումանահայութիւնը: Անիի անկումով (1045) սկսած զանգուածային գաղթը, աւելի վերջ Կիլիկիոյ թագաւորութեան կործանումը (1375), ապա նաեւ համիտեան ջարդերն ու Հայոց Ցեղասպանութիւնը հետեւանք ունեցած են, որ հայեր ապաստան փնտռեն ու գտնեն Ռումանիոյ մէջ: Հին ժամանակներէն երկրի իշխանութիւններն ու բնակչութիւնը բարեացակամ գտնուած են հայերու նկատմամբ: 1401ին, ատենի Սուչաւա մայրաքաղաքին մէջ հիմնուած է եպիսկոպոսական աթոռ (առաջնորդարան) օրուան իշխանին յատուկ հրովարտակով: 17րդ դարուն դէպի Ռումանիա հայերու հոսք մը եղած է Լեհաստանէն, երբ հոն բռնի կաթոլիկացման ճնշումները սկսած են սաստկանալ:
1930ականներուն ռումանահայերու թուաքանակը կը նկատուէր շուրջ 80,000: Ռումանիոյ համայնավարացումէն ետք սկսաւ հայաթափումը: 1960ականներուն բազմահազար ռումանահայեր ԱՆՉԱի միջոցով գաղթած են դէպի Ամերիկա: Հիմա հազիւ 2000 կարելի է հաշուել հայերու թիւը: Էջմիածնական թեմի առաջնորդարանի ենթակայութեան տակ կը գտնուին 18 հայկական եկեղեցիներ, 2 վանք, 1 բերդ, 8 հայկական գերեզմանոցներ, հարուստ թանգարան մը եւ գրադարան մը, ուր կը պահուին՝ շուրջ 2000 հնատիպ գրքեր, 200-300 սրբանկարներ, եկեղեցական հարուստ ու մեծարժէք սպասներ, մօտաւորապէս 60 ձեռագիր, 300 տարուան արխիւ եւ այլն: Թեմին մէջ կը ծառայեն 5 քահանաներ, կը գործէ կիրակնօրեայ դպրոց մը՝ շուրջ 25 աշակերտներով: Հայախօսութիւնը գրեթէ չքացած է: Առաջնորդարանի կողքին կը գործէ Ռումանահայ միութիւնը, որ երբեմն ձեռնարկներ կը կազմակերպէ:
13. ՊՈՒԼԿԱՐԻԱ.- Հին գաղութ եղած է պուլկարահայ գաղութը: Բիւզանդական շրջանին, 5րդ դարուն, կայսրութեան բանակին հայ զինուորներէ բաղկացած այրուձին ընտանիքներով հաստատուած է այսօրուան Փլովտիւ (Ֆիլիբուպոլի) քաղաքի շրջակայքը՝ բարբարոսներու դէմ պաշտպանելու համար կայսրութեան սահմանը: Անկէ ետք, յատկապէս՝ 11րդ դարէն սկսեալ, մնայուն ներկայութիւն եղած է հայկական տարրը:
20րդ դարու սկզբին եռուն եղած է պուլկարահայ գաղութը՝ ազգային, կուսակցական, կրթական, մամուլի թէ միութենական առումներով: Նշանաւոր մտաւորականներ ու հերոսներ ապրած են հոն: Քրիստափոր Վիտոշի լանջերուն էր, որ արկածով զոհուեցաւ՝ Ապտիւլ Համիտը ահաբեկելու միտուած ռումբի պատրաստութեան ընթացքին: Անդրանիկը Վառնա, իսկ Նժդեհը Սոֆիա ապրած են որոշ շրջան մը: Պալքանեան պատերազմին (1912-1913) այս երկուքի ղեկավարութեամբ հայ երիտասարդներէ բաղկացած վաշտ մը պուլկարական բանակի կողքին կռուած է Թուրքիոյ դէմ եւ՝ յաղթանակներ տարած, որուն համար ալ անոնք՝ Անդրանիկն ու Նժդեհը, արժանացած են Պուլկարիոյ «Քաջութեան հերոս» տիտղոս-շքանշանին եւ այլն: Դաշնակցութիւնը հոն զինագործարան մըն ալ ունեցած է: Համաշխարհային երկրորդ պատերազմէն ետք, երկրի համայնավարացման պատճառով հայ կեանքը ամլացած է հասկնալիօրէն:
Իսկ ինչ կը վերաբերի ներկայ ժամանակներուն, համայնավարութեան փլուզումէն ետք որոշ աշխուժութիւն մը ապրեցաւ Պուլկարիոյ հայութիւնը, որուն գործնապէս օժանդակած են Յունաստանի ՀՅԴ կազմակերպութիւնը, Հայ Կապոյտ Խաչը, Երիտասարդականը: Գործիչային աշխատանքով յառաջացած էր կուսակցական (ՀՅԴ) կազմ՝ Սոֆիայի եւ Փլովտիւի հայահոծ քաղաքներու մէջ, ինչպէս նաեւ փոքր խումբ մը՝ Պուրկաս կոչուած քաղաքին մէջ: Հայահոծ այդ երկու քաղաքներու մէջ կազմուած էին՝ Հայ Դատի յանձնախումբ, ՀՕՄի մասնաճիւղ, սկաուտութիւն, եւ ընկերներու կողմէ կը հրատարակուէր «Վահան» անունով պարբերական մը: Այդ աշխուժութիւնը պահելու եւ խթանելու համար շրջանը պէտք ունէր տիրութեան, հետեւողական խնամքի, գործիչային այցելութիւններու, որոնց մէջ կը թուի, թէ թերացած ենք եւ՝ անտիրութեան մատնած զայն: Ստեղծուած միութենական գործօններու նկատմամբ մեր անտարբերութիւնը, առաւել եւս՝ երկրի տնտեսական շատ դժուար պայմաններու պատճառով ծայր առած արտագաղթը, հիւծած պիտի ըլլան շրջանը: Վստահաբար հոն անհատ դաշնակցականներ կը շարունակեն գործել, բայց կասկածելի է, որ անոնք կազմակերպ վիճակ ունենան:
Ինչ կը վերաբերի երկրի հայութեան թուաքանակին, տուեալները հակասական են՝ տասը հազարէն մինչեւ 25-30 հազար: Հայահոծ քաղաքներն են՝ Փլովտիւը, մայրաքաղաքը՝ Սոֆիան, ծովեզերեայ Վառնան, Ռուսէ եւ այլն:

14. ՅՈՒՆԱՍՏԱՆ.- Շատ հին է հայկական տարրի ներկայութիւնը Յունաստանի եւ յատկապէս Մակեդոնիոյ (Սելանիկ) եւ Թրակիոյ մէջ: Շրջանի քաղաքներէն իւրաքանչիւրը մինչեւ հիմա ունի իր ազգային գերեզմանատունը, որմէ զրկուած է Ատտիկէի (Աթէնք, Բիրէա եւ արուարձաններ) հայութիւնը: Հայկական հետքեր կը գտնուին նաեւ Կրետէ կղզիին մէջ, ուր մինչեւ հիմա Արմէնի կոչուող շրջան մը կայ ու անկէ քիչ անդին՝ Ամառի անունով գիւղ մը՝ հաւանաբար նախորդին ամարանոցը եղած ըլլար:
Նորագոյն շրջանի յունահայ գաղութը կազմուած է 1920ականներուն՝ Հայոց Ցեղասպանութեան եւ Զմիւռնիոյ աղէտին (1923) հետեւանքով, երբ Կիլիկիայէն, Զմիւռնիայէն, Կ. Պոլսէն կամ Փոքր Ասիոյ տարբեր քաղաքներէն 80,000էն աւելի գաղթական հայեր ապաստան գտած են Յունաստանի մէջ: Անոնցմէ շատեր Համաշխարհային Բ. պատերազմէն ետք երկրին մէջ տարածուած համատարած չքաւորութեան ու անգործութեան պատճառով գաղթած են Ամերիկաներ ու Գանատա:
Խորհրդային Միութեան փլուզման տարիներուն յունահայերու թիւը 15 հազարի շուրջ էր: Գաղութը կը շարունակէ օժտուած ըլլալ մեծ գաղութի մը բոլոր գործօններով՝ առաջնորդարան, եկեղեցի-կրօնականներ, ամէնօրեայ եւ միօրեայ վարժարաններ, ակումբ-հաւաքատեղիներ, բարեսիրական, մարզական թէ մշակութային կազմակերպութիւններ իրենց մասնաճիւղերով եւ յարակից լծորդներով, ինչպէս՝ պարախումբ, երգչախումբ, սկաուտութիւն, պասքեթպոլի, վոլիպոլի խումբեր եւ այլն: Միակ շրջանն է ամբողջ Եւրոպայի մէջ, որ մեծ ջանքերով կը շարունակէ պահել «Ազատ Օր» օրաթերթը՝ իբրեւ օրկան ՀՅԴի: Յունաստանի մէջ կը գործեն ՀՅԴի հինգ կոմիտէութիւններ, երեքը Ատտիկէի եւ երկուքը՝ հիւսիսային Յունաստանի քաղաքներու մէջ: Կեդրոնական կոմիտէն ունի հակակշիռ՝ ազգային ու միութենական կեանքին վրայ եւ ստանձնած է գաղութային աշխուժութիւնները խթանելու դերակատարութիւն: Հայ Դատի յանձնախումբին հետ կը վարէ քաղաքական յարաբերութիւններ: Այս վերջին մարզին մէջ արձանագրուած է մեծ յաջողութիւն տարիներու ընթացքին, ինչ որ կը ջանան պահել յաջորդական ԿԿները՝ շարունակելով քաղաքական շրջանակներու հետ ջերմ ու յաճախակի յարաբերութիւններ: Շնորհիւ այդ յարաբերութիւններուն՝ կարելի եղած է ապահովել, որ երկար տարիներէ ի վեր կրթական նախարարութիւնը ստանձնէ յոյն եւ հայ ուսուցիչներու վարձատրութիւնը: Նաեւ, 1996ին պետական օրէնքով Ապրիլ 24ը Հայոց Ցեղասպանութիւնը յիշելու օր հռչակուեցաւ եւ նահանգապետարանի ծախսերով ու մասնակցութեամբ համապատասխան ձեռնարկներ կը կատարուին եւ այլն:
Յունաստանի մէջ մէկ եկեղեցիով կը շարունակէ գոյութիւն ունենալ նաեւ էջմիածնական թեմը, որ նշանակալի գործունէութիւն մը չի ծաւալեր: Նոյն ալիքի վրայ են ՌԱԿն ու ՀԲԸՄը, որոնք կը հրատարակեն շաբաթաթերթ մը եւ կը պահեն նախակրթարան մը՝ աշակերտներու նօսրացած թիւերով:
Յունահայ գաղութի պատասխանատուներուն մեծ մտահոգութիւնն է բոլոր դպրոցներու աշակերտներու թիւի համեմատական նօսրացումը, յատկապէս՝ մանկապարտէզներու եւ նախակրթարաններու մէջ:
Դասական գաղութի շուրջ 12-15 հազար հայերուն վրայ Սուրիայէն ու Լիբանանէն քանի մը հարիւր եւ մանաւանդ Հայաստանէն եկուոր բազմահազար հայերը գումարած՝ կ՛ենթադրուի, թէ յունահայութեան թուաքանակը այսօր հասած պէտք է ըլլայ շուրջ 50,000ի:
Ներկայիս սփիւռքահայութեան ընդհանուր ու համատարած անտարբերութեան վտանգաւոր վարակէն զերծ չեն նաեւ յունահայ ազգայինները, ինչ որ անյարիր է ընդհանրապէս ամբողջ Սփիւռքին, յատկապէս՝ յունահայութեան, որ միշտ եղած է բծախնդիր ու հետեւողական՝ իր կազմակերպուածութիւնը ամուր պահելու ջանքին մէջ:
15. ԿԻՊՐՈՍ.- Իբրեւ գլխաւոր հաստատում, պէտք է յատկանշել, որ ամբողջ Եւրոպայի մէջ միակ հայախօս գաղութն է: Հայութեան թիւը շուրջ 4000 է եւ կը վայելէ պետութեան հոգածութիւնն ու օժանդակութիւնը: Կառավարութիւնը տարեկան մէկ միլիոն եուրօ կը յատկացնէ հայկական դպրոցներուն, չհաշուած պարբերական այլ յատկացումները՝ մշակութային այլազան աշխուժութիւններու համար: Հայոց կողմէ կայ մէկ երեսփոխան կիպրական խորհրդարանին մէջ: Կը գործեն 3 հայկական ամէնօրեայ նախակրթարաններ Նիկոսիոյ, Լառնաքայի եւ Լեմեսոսի մէջ եւ մէկ միջնակարգ՝ շուրջ 230 աշակերտներու ընդհանուր թիւով: Ունի նաեւ մանկամսուր՝ շուրջ 15 երեխաներով:
Կիպրոսի մէջ կը գործէ ՀՅԴի կուսակցական կազմ եւ Հայ Դատի յանձնախումբ, որոնք կազմակերպական աշխատանքներու կողքին, կը վարեն քաղաքական յարաբերութիւններ եւ մղում կու տան Համազգայինի, ՀՄԸՄի եւ ընդհանրապէս ազգային իշխանութեանց գործունէութեանց: Կը կատարուին ամէնօրեայ ռատիոհաղորդումներ, առցանց ու պարբերական հրատարակումներ, ինչպէս, օրինակ, «Կիպրահայեր»ը, «Ազատ Խօսք»ը եւ այլն: Կարելի է Կիպրոսը համարել կազմակերպ գաղութ, ուր ՀՅԴի հակակշիռը զգալի է եւ ազգայիններու կողմէ՝ ընդունուած:


ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԴԻՏԱՐԿՈՒՄՆԵՐ
1.- Ռուսիոյ, Ուքրանիոյ եւ Պալթեան երկիրներու հայութիւնն ալ համարելով շուրջ երկու միլիոն՝ ընդհանուրը կ՛ունենանք երեք միլիոնի շուրջ տարուբերող թիւ մը Եւրոպայի հայութեան համար: Այս թիւը ԵՆԹԱԴՐԱԿԱՆ է, եւ ոչ մէկ հիմք կայ զայն հաստատելու, քանի որ ոչ մէկ տեղ ճիգ կատարուած է հայահամարի, թէկուզ՝ անկատար: Նոյնիսկ պետական սպասարկութեանց մէջ հայահամարի հետազօտութեամբ մը կարելի չէ արդիւնքի հասնիլ՝ տրուած ըլլալով, որ հոն ալ արձանագրութիւնները կատարուած են ըստ անձնաթուղթի եւ ոչ թէ՝ ըստ ազգութեան: Թերեւս նշումներ եղած ըլլան կրօնի ու դաւանանքի մասին (քրիստոնեայ, իսլամ կամ այլ): Որով, Սփիւռքը վերակազմակերպելու Արամ Ա. կաթողիկոսի կոչ-հրամայականին առաջին պայմանը հայահամարի ձեռնարկելն է, որ ըստ ինծի, մասամբ կրնայ ձեւ ու մարմին առնել հոգեւոր ծառայողներու կողմէ, որոնք առիթներով կամ առանց առիթի լաւ է, որ հայկական ընտանիքներու այցելութիւններ տան: Կարեւոր է հայահամարը, թէկուզ՝ անկատար արձանագրութիւններով: Նախ գիտնանք, թէ ի՛նչ ատաղձ ունինք:
2.- Բացի Յունաստանէն եւ որոշ չափով Կիպրոսէն՝ ոչ մէկ շրջանի մէջ հայկական կեանքին տիրութիւն ընողը մեր կուսակցութիւնն է: Եւրոպական բոլոր երկիրներու մէջ մեր կազմակերպութիւնը իր համակիրներով մէկ մասն է հայագաղութին, թերեւս՝ ամէնէն բարձրաձայնը, գործունն ու կազմակերպը, բայց տիրութիւնը իրեն չի պատկանիր՝ բացի Յունաստանի շրջանէն, նաեւ որոշ չափով՝ Կիպրոսէն: Հակառակ այս նշումին՝ պէտք է արձանագրել սակայն, որ այդ երկիրներու մէջ Հայ Դատ հետապնդողները Դաշնակցութեան կորիզներն են, կամ անհատ կուսակցականները: Նոյնպէս անոնք են, որոնք հետեւողական աշխատանքի լծուած են նորակազմ հայագաղութները կազմակերպ վիճակի հասցնելու եւ զանոնք ազգային նպատակներուն առընչելու համար:
3.- Այնպէս կը թուի, թէ հակառակ 30 տարուան փորձառութեան՝ տակաւին շփոթ մը կայ Հայաստանի դեսպանատուներու հանգամանքին նկատմամբ: Շփոթը կը յառաջանայ քաղաքական ընտրանքներէն եւ ներհայաստանեան քաղաքական կեանքի նախասիրութիւններէն, որոնց պատճառով դեսպանատուներու նկատմամբ յաճախ կը նախաձեռնուին այնպիսի շարժուձեւեր, որոնք վիրաւոր կը դարձնեն «պետականութիւն» եւ «կառավարութիւն» հասկացութեանց միջեւ արդէն իսկ շփոթալի շատ նուրբ տարբերութիւնը: Նման պարագաներու բնական է, որ առնուած նախաձեռնութեանց նկատմամբ վերապահ դառնան ազգայիններ, նաեւ՝ քաղաքական կազմաւորում ունեցող համակիր անձեր:
4.- Տարիներու փորձառութիւնը կը թելադրէ, որ երկրի մը մէջ որքան փոքր է գաղութը, աւելի ու աւելի մեծ ու ամուր պիտի ըլլայ կազմակերպուածութիւնը, նոյնքան ու աւելի՝ համադրուած աշխատանքը, որպէսզի գաղութը նկատուի քաղաքական ազդակ կամ առնուազն՝ քաղաքական ներկայութիւն: Այսպէս թէ այնպէս, 5-6 հարիւր հազար Ֆրանսայի հայութիւնը բաւական մեծ թիւ է, որ նկատի առնուի եւ ըստ այնմ պետական-կառավարական վերաբերում ճշդուի հայկական խնդիրներու նկատմամբ, մինչդեռ, օրինակ, Յունաստանի 12-15 հազարը այնքան աննշան թիւ է, որ նկատի պիտի չառնուէր, եթէ գաղութը չըլլար այնքան կուռ ու կազմակերպ, որ կարենար տալ գաղութի թուային ուժականութենէն տասնապատիկ աւելիի տպաւորութիւն:
5.- Նկատելի է, որ բացի Կիպրոսէն՝ մնացեալ հայագաղութներու մէջ ազգայիններ տակաւին բանտուած կը մնան «անթիլիասական-էջմիածնական» անհեթեթութեան թակարդին մէջ: Կարծէք՝ անգիր օրէնք կայ, որ մէկ «ճակատ»ին համակիր ազգայիններ չմասնակցին միւս «ճակատ»ի թեմական ընտրութիւններուն եւ չմասնակցին թեմի վարչական, տնտեսական, ուսումնական, հոգաբարձական եւ այլ աշխատանքներուն: Մինչդեռ, իբրեւ անբաժանելի մասնիկը հայագաղութին, ոչ միայն բոլորիս իրաւունքն է, այլ մանաւանդ պարտականութիւնն է քրտինքի մեր բաժինը բերելու ընդհանրական գործին: Զարմանալի է տակաւին յամեցող այս անգիր օրէնքը՝ հակառակ այն իրողութեան, որ սփիւռքահայ այսօրուան սերունդը եւ ղեկավարութիւնը բացարձակ անտեղեակ են հին ժամանակներու պատկանող եկեղեցական վէճերուն: Անոնց մեծամասնութիւնը նոյնիսկ ծնած չէր այդ տխուր օրերուն: Օրինակուինք Արամ Ա. կաթողիկոսէն, որ իր կաթողիկոսութեան առաջին օրերէն իր շուրջ կը բոլորէ երկու «ճակատ»ներէն մարդեր եւ կարեւոր գործեր կը վստահի անոնց: Ազգային գործերու մասնակցութեան իրաւունքն ու պարտականութիւնը ամէն ազգայինի կը պատկանի, ինչ որ արդէն հրահանգն է Ազգային սահմանադրութեան, որուն վաւերացման 160րդ տարեդարձն է այս տարի:
Ըստ Հայ եկեղեցւոյ թեմական կանոնակարգին եւ հայ մարդու ներկայ ժամանակի ընկալումին, թեմի վարչական գործերու տնօրինման մէջ որոշումներ կայացնելու աշխարհականներու դերակատարութիւնը հիմնական է թէ՛ իբրեւ պարտականութիւն եւ թէ իբրեւ իրաւունք: Ասոր համար ալ արդէն նախատեսուած է Կրօնական ժողովի կառոյցը, ուր գործ չունին աշխարհական մարդիկ: Այս իրականութիւնը ժխտողները կղերապետական հակում ունեցողները միայն կրնան ըլլալ, ինչ որ այսօրուան հայ մարդուն համար անտեղիտալի հաստատամտութեամբ մերժելի է ըստ ամենայնի:
Առ այս կ՛առաջարկուի քանդել «անթիլիասական-էջմիածնական» պիտակին տակ քարացած մտայնութիւնը եւ մասնակից դառնալ թեմական բոլոր գործերուն՝ ընտրութիւններէն մինչեւ վարչական պարտականութիւնները:
Աթէնք